Ոչ միայն հայկական, այլեւ համաշխարհային մշակոյթի պատմութեան մէջ բացառիկ նշանակութիւն եւ ուրոյն տեղ ունեցող Մխիթարեան միաբանութիւնը այս տարի կը նշէ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզի մուտք գործելուն 300-ամեակը:
Մխիթար Սեբաստացիի, ինչպէս նաեւ միաբանութեան գործունէութիւնը հանրութեան ներկայացնելու ու հանրահռչակելու նպատակով «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէնութիւնը նախաձեռնած է սեպտեմբեր 21-ին «Զուարթնոց» պատմամշակութային-արգելոց թանգարանին մէջ բանալ «Ձայն տուր, ով կղզեակ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս:
Հոգեւոր, ուսումնակրթական, գիտական եւ մշակութային միաբանութիւնը հիմնադրած է Մխիթար Սեբաստացին` 1701-ին, Պոլսոյ մէջ: 1717-ին միաբանութիւնը հաստատուած է Վենետիկի մօտ Սբ. Ղազար կղզիին վրայ` վերածելով զայն իւրայատուկ ոգեղէն Հայաստանի` կեանքի կոչելով Մխիթարեան միաբանութեան կարգախօսը` «Ի փառս Աստուծոյ եւ յանուն լուսաւորութեանն ազգի մերոյ»:
ՊՈԱԿ-ի կայքը կը տեղեկացնէ որ ցուցահանդէսի նախապատրաստական աշխատանքները կ՛ընթանան տարուան սկիզբէն: ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու կազմակերպման բաժնի վարիչ Էլմիրա Եսայեան Վենետիկ մէկշաբաթեայ գործուղման ընթացքին ծանօթացած է արխիւային հարուստ ու հետաքրքրական նիւթերու:
Նախանշուող ցուցադրութիւնը յաւուր պատշաճի կազմակերպելու նպատակով «Պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ի տնօրէն Արա Թարվերդեան հանդիպած է Հայաստանի Մխիթարեան կրթահամալիրի պատասխանատու Հայր Եղիայի հետ, քննարկած ցուցադրութեան կազմակերպչական աշխատանքներուն, արխիւային ու բնագիր նիւթերուն առնչուող հարցեր:
ՊՈԱԿ-ի տնօրէնը խօսած է Մխիթարեան միաբանութեան արխիւային հարուստ նիւթերու որոշ մասը ցուցադրութեան ներկայացնելու, մասնաւորապէս` միաբանութեան կազմաւորման վերաբերող հռչակագիրին, միաբանութեան մէջ ուսանած ու աշխատած նշանաւոր մարդոց, օտարազգի հանճարներու բնագիր նիւթերու, անձնական իրերու եւ այլնի մասին:
Հայր Եղիան պատրաստակամութիւն յայտնած է ՊՈԱԿ-ի ցուցադրութիւններու բաժնին հետ համատեղ աշխատիլ իւրաքանչիւր նիւթի մշակման, հաւաքման ուղղութեամբ: Անոր խօսքով, ցուցադրութեան ներկայացուելիք արխիւային նիւթերու համար հարկ պիտի ըլլայ գրութեամբ դիմել Վենետիկ` Մխիթարեան միաբանութեան: