Տպաւորիչ Յաղթաքայլ Երթ Պ. Համուտէն դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Հաւաք Յուշակոթողին Շուրջ

Տպաւորիչ  Յաղթաքայլ Երթ Պ. Համուտէն դէպի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան եւ Հաւաք Յուշակոթողին Շուրջ

Տպաւորիչ էր Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին կազմակերպած ժողովրդային յաղթաքայլ երթը որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 23 ապրիլ 2017-ին Պուրճ Համուտի Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան: Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի շրջաբակին մէջ հաւաքուած խուռներամ բազմութիւնը մոմեր վառած, աշակերտներ` եռագոյն դրօշներով, իսկ սկաուտներ ջահերով եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցաենլու Եղեռնի զոհերու յիշատակին:

ՀԿՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ սկսաւ յաղթաքայլ երթը: Հպարտ ու սէգ ճակատներով կողք-կողքի քալեցին հոգեւորակաK1նն ու տարեցը, կինն ու պատանին, երիտասարդն ու մանուկը, քալեցին ի խնդիր Հայ դատին ու պահանջատիրութեան: Քալեցին ու մասնակցեցան հսկումի հաւաքին` ապացուցելով հայ ժողովուրդի հաւատարմութիւնը ազգային պահանջատիրական երթին:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակին մէջ կազմակերպուած հսկումին ողջոյնի խօսք արտասանեց Լիւսի Մազմանեան: Ան ըսաւ. «Հաւաքուած ենք յուշակոթողին շուրջ ոգեկոչելու Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակը, յարգելու մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը եւ անգամ մը եւս յիշեցնելու համայն աշխարհին, թէ սփիւռքահայ երիտասարդութիւնը հաստատ կամքով, տոկուն քայլերով կը շարունակէ իր պահանջատիրական պայքարը այս նոր դարաշրջանի սեմին` 100-ամեակի վճռակամութեամբ»: Ան յայտնեց, որ հսկումի հաւաքին արտասանուած խօսքերը, երգերն ու աղօթքները կը միանան Սրբազան Քահանայապետին, որ Իտալիոյ Ս. Բարթողիմէոս պազիլիքային մէջ իր աղօթքը բարձրացուցած է յիշատակելով հայերը, ասորիներն ու բոլոր քրիստոնեաները, որոնք ջարդուած են Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին:

Այնուհետեւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Արմիկ Հեքիմեան եւ Մարիա Եմէնեան նուագեցին հայրենասիրական երգեր, իսկ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Ռաֆայէլ Մխճեան ապրումով ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»: Իր կարգին, «Արծիւեան» երգչախումբը մեկնաբանեց «Ապրիլեան Նահատակներուն» երգը:

 

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ԽՕՍՔԸ

Ձեռնարկի աւարտին Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը անդրադարձաւ օրուան խորհուրդին: Ան իր յուզմունքը եւ ուրախութիւնը յայտնեց քայլարշաւի մասնակիցներուն, որոնք ճամբայ կտրեցին եւ ուխտի եկան նահատակներու յուշարձանին առջեւ: Ան ըսաւ, թէ այս արարքը կը յիշեցնէ Հայաստան այցելութիւնը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, որ ուխտի գացած էր մարտիրոսներու երկիրը: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ըսաւ. «Ուխտի եկաք յիշելով եւ ապրելով Աստուծոյ հետ, ինչպէս մեր հայրերն ու մայրերը քալեցին դժնդակ պայմաններու մէջ, բայց միշտ կառչած մնացին Աստուծոյ` իրենց Արարիչին եւ Փրկիչին, իրենց կրօնին, իրենց ազգին, երբեք չուզեցին դրժել զանոնք»:

K3

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը դիտել տուաւ, որ կեանքը ուղեւորութիւն մըն է, ճամբայ մը, որ կը կտրենք, ուրեմն պէտք է սորվինք մեր նախնիներէն Աստուծոյ նայուածքին տակ քալել, Աստուծոյ հետ քալել: Հոգեւոր Տէրը եզրափակեց խօսքը ըսելով. «Կառչած մնանք մեր նախնեաց հաւատքին. անոնք մեռան, որ մենք` իրենց շառաւիղները, ապրինք. անոնք մեռան, որպէսզի մենք իրենց արժանաւոր կեանքով ապրինք, հաւատարիմ իրենց աստուածսիրութեան եւ հայրենասիրութեան», ապա պահպանիչով փակեց հսկումի հաւաքը:

Իր կարգին, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական Եպիսկոպոս Գերպծ. Գէորգ Ասատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայոց Եղեռնի ոգեկոչման յանձնախումբին, ՀԿՄ-ի շեփորախումբին, բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կազմակերպման ու գեղարուեստական յայտագիրին եւ մանաւանդ Լիբանանի ապահովական ուժերուն, որոնք յանձն առին հետեւիլ երթին եւ հսկումին ապահովութիւնը երաշխաւորել: