ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

ԽՈՍՏՈՎԱՆԱՆՔԻՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Բնական երեւոյթ է որ հաւատացեալները փորձեն խուսափիլ խոստովանելէ, քանի որ անոնց մտքին մէջ այդ մէկը վերածուած է անհաճոյ բարեպաշտութեան մը, որ կը կայանայ յանցագործի ամբաստանութեան մը մէջ, ինչ որ առաւել եւս անհաճոյ է ու այլեւս շատ բան չի նշանակեր : Ուստի զարմանալի չէ որ ապաշխարողը յաճախ խոստովանութեան երթայ այնպէս ինչպէս՝ բռնավաստակ գործի մը: Բայց այն ինչ որ աւելի ծանր է, մակերեսայնօրէն կատարուած խոստովանանքն է, որ ձեւակերպութեան համար կ՚ըլլայ եւ որեւէ ձեւով իրական զղջումի չի մղեր, եւ հետեւաբար մեր ապագային մասին ալ՝ շատ քիչ բան կը խոստանայ:

Այդ պատճառաւ,արձակման հետ՝ խորհուրդին մեր մասնակցութիւնը վերջին ծայր պարզացուած ըլլալով՝ առանց խոստովանարանի միջոցին կը թուի ըլլալ: Մեր ապաշխարութիւնը, այնպէս ինչպէս որ յաճախ մենք կ’ըմբռնենք, մոգական եւ աւելորդապաշտական գործողութենէ մը շատ չի տարբերիր, քանի որ արուեստական ու իրաւարարական ծէսի մը կը վերածուի ան, եւ մենք շատ ջանք չենք ըներ՝ ըմբռնելու համար զայն: Ուստի կը կարծենք որ այլեւս հաշիւ չունինք եւ իբրեւ վարձատրութիւն ալ ներումը ապահովուած է՝ կոյր եւ կրաւորական հնազանդութեամբ մը որ միայն կը պահանջէ մեղքերու հասարակ ցանկի մը ներկայացումը:

Այս կերպով մեր մտազբաղումները յետին մակարդակի մը կը վերածուին երբ մեր զղջացեալ ու խոնարհեալ սիրտը շփման մէջ կը մտնէ կենդանարար խորհուրդին, այսինքն՝ Փրկիչ Քրիստոսի հետ։ Նովին գործով եւ բարեբախտաբար այս խորհուրդը կը ներգործէ: Իր ազդեցութիւնը բաւարար է որպէսզի պահանջուած նուազագոյն հաւատքը գոյութիւն ունենայ:

Սովորամոլութիւն դարձած մեր խոստովանանքները հեռու են մեր հոգեւոր կեանքին մէջ կեդրոնական տեղ գրաւելէ եւ առաջնահերթ ու իսկական դեր մը խաղալէ: Ուստի անոնք յաճախ մեր իսկական կրօնին լուսանցքին մէջ կը մնան: Այս հաշուով, մեր մեղքերը պարզապէս իբրեւ արկածներ եւ սխալ քայլեր կը նկատուին, որոնք դէպի հոգիի բիւրեղացման չեն ձգտիր եւ ուստի ձեւով մը անկէ դուրս կը մնան եւ զայն կ՚աղտոտեն: Արդ, մերթ ընդ մերթ մեր աղտոտ լաթերու ծրարն է որ խոստովանարան կը բերենք եւ անոր փոխարէն կը ստանանք՝ անդորրագիր (quittance), մաքուր զգեստներ եւ թարմ ու վճիտ խիղճ մը, կարճատեւ խոնարհեցում մը այս հին տարազներու ծրարը բանալու համար եւ իբր ապաշխարանք ՝ երեք անգամ « Ողջոյն քեզ Մարիամ» կ՚աղօթենք :

Քրիստոնեաները, Աւագ Շաբաթուայ ժամերգութիւններով ու արարողութիւններով՝ առաւել կենդանի խղճի գիտակցութեան մը կ՚առաջնորդուին: Այդ օրերու ընթացքին, յատկապէս առօրեայ սուրբ Պատարագի միջոցին՝ առաւելաբար կը հանդիսաւորուին Քրիստոսի մահն ու Յարութիւնը, որ մեզ կը փրկէ մեր մեղքերու թողութեան միջոցաւ, որպէսզի մեզ մասնակից դարձնէ իր երանութեան կեանքին:

Արդ, Ս. Պատարագին տարբեր, այլ ոչ նուազ իրական ձեւով մը մեր խոստովանութիւնները՝ մեղքին մահուան հետ առնչուած են, ինչպէս եւ փրկագործութեան: Ասոնք մեր յանցանքներուն դարման կը բերեն եւ մեզի ալ առիթը կու տան՝ Քրիստոսի ձեռք բերած փրկագործութենէն միանգամ ընդ միշտ օգտուելու:

Այս մէկը, մեր մեղքերու արձակման ճամբով կ՚իրագործուի եւ ամիսէ ամիս, շաբաթէ շաբաթ, օր ըստ օրէ՝ մեզի առիթը կու տայ, որպէսզի մեր բոլոր արարքները, մեր կեանքը նուիրենք եւ միացնենք Քրիստոսի փրկարար չարչարանքներուն:

 

ԳԷՈՐԳ ԵՊԻՍԿ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆ