ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ ԴԻՄԱԿԱՀԱՆԴԷՍ… ԱՌԱՆՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐՈՒ

ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԵԱՆ ՄՏՈՐՈՒՄՆԵՐ  ԴԻՄԱԿԱՀԱՆԴԷՍ… ԱՌԱՆՑ ԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԴԻՄԱԿՆԵՐՈՒ

Անկախ Մեծ Պահքը կանխող շրջանը յատկանշող իր եկեղեցական իմաստէն, Բարեկենդանը՝ կերուխումի, ժողովրդաան տօնախմբութիւններու, զուարճանալու, երգ ու պարով հաւաքոյթներու առիթ էր ու կը մնայ։ Այս տօնախմբութեանց շրջագիծէն ներս սովորաբար կը կազմակերպուէին դիմակահանդէսներ, դիմակաւոր պարանցիկ երեկոներ, ճաշկերոյթներ, որոնց մասնակիցները կու գան ծպտուած, իբրեւ թէ զիրենք անճանաչելի դարձնող եթէ ոչ հագուստներով, գոնէ դիմակներով՝ ըստ իրենց ճաշակին ու նախասիրութեան։ Սատանայի կամ հրեշտակի, առիւծի կամ ոչխարի, իշու կամ ձիու դիմակներով, ծաղրածուի, հտպիտի կամ մտաւորականի կերպարանքով։ Երեւելի անձնաւորութիւններու տարազով։ Գիշերուան մը համար իշխան կամ թագաւոր, իշխանուհի կամ սպասուհի, սպարապետ կամ հրացանակիր դարձած։ Ծերեր՝ երիտասարդացած, կանայք՝ հազուադէպօրէն իրենք զիրենք… տգեղցուցած։ Եւ այսպէս, այլազան կերպարներով՝ որոնց տեսակը սահման չունէր։ Երբեմն գրաւիչ երեւոյթով, երբեմն ժպտերես, երբեմն խորամանկ կամ տխմարակերպ, երբեմն իմաստուն, բռնակալ, հրեշտականման կամ գազանադէմ։ Այդ օր, գիշերուան մը համար մարդիկ իրենք զիրենք կը նմանցնէին այն տիպարին՝ զոր թերեւս կ’ուզէին դառնալ իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, կամ ընդհակառակը։ Թերեւս իւրաքանչիւր տիպար կը ցոլացնէր զայն ձեւացնողին ներքին ցանկութիւնը, նկարագրային մէկ յատկանիշը կամ ձգտումը։ Կամ, այս այլակերպութեան նպատակը պարզապէս ուշադրութիւն գրաւել կամ դիմացինը տպաւորել է։

Հակառակ անոր որ եթէ այս օրերուն ալ նման դիմակահանդէսներ կազմակերպուին, տիպարներու (մանաւանդ քաղաքական) ընտրանքը վստահաբար շատ աւելի ընդարձակ է մասնակիցներուն համար, նման շռնդալի (նաեւ ծախսալի) ձեռնարկներու պակասը զգալի է։ Մարդիկ կարծես դարձած են աւելի զուսպ կամ տարին անգամ մը կայացող զուաճալի այդ հանդէսներուն կարիքը սկսած են չզգալ ժամանակէ մը ի վեր, տեսնելով որ մարդոց կեանքն ու կենսակերպը, իրենց պարտադրուած պայմաններն ու շրջապատը այդպիսի հանդէսներ դարձած են ամէն օր։ Կը թուի թէ յագեցած են ամբողջ տարին տեղի ունեցող դիմակահանդէսներէն ամէն առթիւ, քիչ մը ամէն տեղ եւ տարբեր մակարդակներու վրայ, առանց սպասելու բո՛ւն Բարեկենդանին։ Դիմակահանդէս՝ ընկերային յարաբերութիւններու բեմին վրայ, քաղաքական բեմին վրայ, առեւտրական բեմին վրայ, մէկ խօսքով ժամանակակից կեանքի ու կենսակերպի բոլոր բեմերուն վրայ…։

Մարդիկ այլեւս կարիքը չեն զգար խանութէն գնուած արուեստական դիմակներով հանդէս գալու, որովհետեւ գիտեն իրենց դէմքին տալ ամէն առիթին եւ իւրաքանչիւր պահուն յարմար տեսք, խարդախել ու կեղծել իրենց բուն, իսկական դիմագիծը ու տրամադրութիւնը։ Ծիծաղիլ, ողբալ, շողոքորթել, մտերմանալ կամ թշնամանալ, զայրանալ կամ ուրախանալ, բարեմաղթել, տխրիլ, ապուշնալ, իմաստնանալ ըստ կամս, ըստ պահու պահանջին, իրենց ցանկութեան, քմահաճօրէն, կեղծաւորաբար։ Մարդիկ սկսած են իրարու նայիլ թերահաւատութեամբ, չհաւատալով արտաքինին, ջանալով տեսնել ու կռահել այն ինչ որ քօղարկել կը փորձէ դիմացինը։

Բարեկենդաններու կամ պարպարաներու առիթներով վաճառուող արուեստական դիմակներու պէտք չունին այլեւս մարդիկ, քանի որ գիտեն կեղծել, ձեւացնել, ձեւ ու գոյն տալ դէմքի արտայայտութեան, քօղարկել իրենց իրական դիմագիծը եւ անոր ետին թաքնուած դիտաւորութիւնն ու տրամադրութիւնը։ Շպարել իրենց նկարագրային հարազատ գիծերը։ Առանց հայելիի։

Քաղաքական բեմերը դիմակահանդէսներու ամէնէն հարազատ միջավայրերն են անշուշտ։ Դիմափոխութիւնը, կեղծիքն ու կեղծաւորութիւնը շատ բնական արժանիքն է հոն բերձրացողներուն, քաղաքական լուսարձակներուն տակ կանգնողներուն։ Զիրենք հոն բարձրացնողներուն հաճելի թուող ու հաճոյք պատճառող ամէն տեսակ արտայայտութիւն ցուցաբերելու շնորհով օժտուած են անոնք։ Այդ արտայայտութիւններով շպարուելու բացառիկ առաւելութիւնը ունին։

Դժբախտաբար, արուեստականութիւն ու կեղծաւորութիւն բուրող նման դիմակահանդէսներու նուազ հարազատ միջավայր չէ նաեւ մեր ազգային բեմը, ուր բարձրացողները, շատ քիչ բացառութեամբ, շատ յաճախ չեն այն ինչ որ պէտք է ըլլալ կամ կը ձեւանան ըլլալ։

Փողոցը, ճամբան կամ շուկան այլեւս հազուադէպօրէն կարելի է հանդիպիլ անդիմակ մարդոց։ Մարդիկ սկսած են ինքնաբերաբար իրենց դիմագիծին տալ այն երեւոյթը զոր կ’ուզեն՝ տպաւորելու համար դիմացինը։

Բարեկենդաններու առիթով օգտագործուող արուեստական դիմակները աւելի թափանցիկ էին, որովհետեւ կը ցոլացնէին այն ինչ որ զայն կրողը կ’ուզէր ըլլալ, այնպէս ինչպէս կ’ուզէր ներկայանալ իր շրջապատին ու ընկերութեան՝ հաճելի թուի կամ ոչ։ Անոր ետին կար իրական դիմագիծը՝ զոր մարդիկ կը փորձէին գուշակել ու յայտնաբերել։ Մինչ անդիմակ դէմքերը նուազ թափանցիկ են այսօր, յաճախ աւելի կեղծ են քան երբեմնի դիմակաւորները, որովհետեւ չեն արտայայտեր զանոնք կրողին ներքին զգացումները, միտումներն ու ապրումները։ Ընդհակառակը կը միտին զանոնք թաքցնելու։ Հարազատ պատկերը չեն հոգիին ու մտքին։

Դիմակները՝ զորս շատ մը մարդիկ կը հագնին այսօր, շուկայի վրայ չեն վաճառուիր։ Որովհետեւ գնորդ կրնան չունենալ, քանի որ ամէն մարդ ինքն իրեն չի վայելցներ զանոնք։ Ամէն մարդու չեն սազիր։

Բարեբախտաբար ամէն մարդու տրուած չէ դիմափոխութիւն կատարել, երեսփոխան դառնալ։ Դէմքն ու դիմագիծը ամէն պահու եւ առիթի պատշաճեցնելու դերասանական շնորհ ցուցաբերել։ Պատեհապաշտօրէն։ Անդիմակ, անապակ ու անկեղծ ու բնական դիմագիծով մարդիկ կան դեռ եւս, հոգ չէ թէ բարի, ազնիւ, պարկեշտ, պարզունակ եւ մինչեւ իսկ միամիտներ որակուին, որովհետեւ այդ որակումներով կը յատկանշուի ճշմարիտ ու անխարդախ Մարդը, ճշմարտախօս, ազնուադէմ, ազնուաբարոյ ու ազնուամիտ Մարդը, որ այլեւս յագեցած է դիմակահանդէսներէն որոնք տեղի կ’ունենան իր շուրջ ամբողջ տարին եւ կ’ուզէ վառ առնուած տեսնել բոլոր դիմակները զինք շրջապատող մարդոց։

 

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ