Հինգշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2016-ին, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան ընդհանուր ժողովը, որ կը գումարուէր Լիբանանի մայրապետներու Սայտէթ Էլ Պիր վանքին մէջ, միաբանութեան նոր մեծաւորուհի ընտրեց Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանը:
Քոյր Արուսեակ ծնած է 1945-ին Հալէպ` կիլիկեցի վերապրած բազմանդամ ընտանիքի մը մէջ։ Ուսումը ստացած է Հալէպի Անարատ Յղութեան վարժարանին մէջ։ 19 տարեկանին կ՛անդամակցի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան եւ աւարտելէ ետք 3 տարուան կրօնական կազմաւորումը եւ կատարելէ ետք իր ուխտերը կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ, համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու։ Ան միաժամանակ կ՛ուսումնասիրէ շրջանի կարելիութիւնները ու տեղւոյն հայկական համայնքին պատրաստակամութիւնը` հայկական ամէնօրեայ վարժարան մը հիմնելու ուղղութեամբ:
Քոյր Արուսեակի ուսումնասիրութիւններու արդիւնքին լոյսին տակ, միաբանութիւնը կ՛որոշէ Միացեալ Նահանգներու մէջ իր առաջին վարժարանը հիմնել եւ, այդպիսով, իր դպրոցներուն ոսկեշղթան կ՛երկարէ Ամերիկա, ուր կազմաւորուիլ սկսած էին արդէն նոր հայկական գաղութներ: 1967-ին Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան, քոյրեր Հռիփսիմէ Չիֆթելեանի եւ Վալանթինի հետ, մեծ զոհողութիւններով եւ միացեալ ջանքերով կը հիմնէ Ֆիլատելֆիոյ Հայ Քոյրերու վարժարանը՝ այնտեղ ծառայելով երկար տարիներ:
Հայաստանի 1988-ի երկրաշարժը եւ անոր հետեւանքները կը մղեն քոյր Արուսեակը, որուն երազն էր ծառայել Մայր Հայրենիքին մէջ, լքելու ամէն պաշտօն ու փութալու Հայաստան։ Ան կ՛ըլլայ առաջիններէն, որ 1990-ին հրաժարելով միաբանութեան իր փոխանորդի պաշտօնէն, կը մեկնի Հայաստան եւ քոյր Արշակուհիին հետ կը հաստատուի Կիւմրի: Ան, այդ մթին օրերը այսպէ՛ս կը յիշէ. «1990-ին գացի նախ Սպիտակ, ապա Հայաստանի հիւսիսային գիւղերը` Արեւիկ, Փանիկ, Լանջիկ… Անոնց գիւղապետերը մեզ հրաւիրեցին` իբրեւ դպրոցներու կրօնի ուսուցչուհիներ, ապա՝ կրթութեան նախարարութեան կողմէ մենք պաշտօնապէս ընդունուեցանք իբրեւ կրօնի դասատուներ գիւղերու մէջ: Կիւմրին եղաւ մեր կեդրոնը, որովհետեւ հոն կը գտնուէր հայ կաթողիկէ առաջնորդութիւնը»:
Քոյր Արուսեակ կը յաջողի Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան մասնաճիւղ մը հաստատել Կիւմրիի մէջ` հիմնելով «Պօղոսեան համալիր»ը: 1996-ին անոր ճիգերով կը կառուցուի «Տիրամայր Հայաստանի Պօղոսեան կրթական կեդրոն» որբերու տունը, որուն բացումը կը կատարուի 1998-ին եւ ուր կը հիւրընկալուին 65 որբեր, որոնք Սպիտակի երկրաշարժէն տուժածներ էին…։
Տարիներու ընթացքին Քոյր Արուսեակ կը դառնայ այդ որբերու մայր եւ անոր խնամքով ու բարերարներու օգնութեամբ` այդ որբերը կը մեծնան, գործի տէր կը դառնան, ու Քոյր Արուսեակին կը շնորհեն ուրախութիւնը զաւակներէ անդին ունենալու նաեւ թոռներ։
2015 յունիսի 13-ին, զուիցերիաբնակ Ալեքքօ եւ Անի Պեզիքեաններու բարերարութեամբ, Քոյր Արուսեակ կը յաջողի Երեւանի մէջ բանալ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան «Անի Պէզիքեան Երիտասարդական Կեդրոն»ը որուն նպատակն է ծառայել որպէս բնակութեան եւ զարգացման վայր, Անարատ Յղութեան Քոյրերու հիմնած` Պօղոսեան կրթահամալիրի այն սաներուն, որոնք կ’ուսանին Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ՝ մարզերէն Երեւանի մէջ ուսանող այլ կարիքաւոր երիտասարդ աղջիկներու:
2015 նոյեմբերի 13-ին Կիւմրիի «Տիրամայր Հայաստանի» արուեստից վարժարանին մէջ Ֆրանսայի նախագահ` Ֆրանսուա Հոլլանտի տնօրինութեամբ Քոյր Արուսեակ Սաճոնեան՝ կը պարգեւատրուի ՚՚Ֆրանսայի Ազգային Արժանեաց՚՚ շքանշանով, ի գնահատում անոր մարդասիրական լայնածաւալ եւ բազմօգուտ գործունէութեան։
Քոյր Արուսեակ Սաճոնեանի անունը անջնջելիօրէն կապուած է երկրաշարժէն աղէտահար հայրենի քաղաք` Կիւմրիին ու Շիրակի մարզին հետ։ Ան ճանչցուած է նաեւ որպէս Հայաստանի Մայր Թերեզան: