Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան նշում «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին մէջ

Ս. Ծննդեան եւ Նոր Տարուան նշում «Նարեկի Տիրամօր» Ընկերային-Բժշկական Կեդրոնին մէջ

Ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնէն ներս մթնոլորտը տօնական էր։ Արդարեւ, կեդրոնին կազմակերպութեամբ տեղի կ՛ունենար կեդրոն յաճախող հայ ծերունիներու յատուկ Ս. Ծննդեան խրախճանք` ներկայութեամբ Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի, նախկին նախարար եւ երեսփոխան մեթր Ժաք Չուխատարեանի, միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ հոգեւոր հայրերու:

Օրուան հանդիսավարը՝ Փաթիլ Մկրտիչեան, կեդրոնին մասին կարճ պատմական մը ներկայացնելէ ետք յայտնեց, որ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոնը Պուրճ Համուտի մէջ առաջին դարմանատունն էր` կառուցուած ֆրանսացիներուն կողմէ, իսկ 2000 թուականէն ի վեր կեդրոնը կը վայելէ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան անմիջական հովանաւորութիւնն ու հոգածութիւնը: Մկրտիչեան ըսաւ, որ շուրջ 26 պապիկներ կեդրոն կը յաճախեն առօրեայ դրութեամբ` հաճելի ժամանակ անցընելու, իսկ կեդրոնի պաշտօնեաները կը հիւրասիրեն զիրենք:

N2

Կեդրոնին անունով խօսք առաւ տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեան, որ շեշտը դրաւ «Նարեկի Տիրամօր» ընկերային-բժշկական կեդրոն յաճախող ծերունիներուն մատուցուած ծառայութիւններուն վրայ: Ծերունիներուն անունով ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրած են Ս. Ծնունդն ու Նոր Տարին նշելու հայ պապիկներուն հետ: Իր խօսքի աւարտին տոքթ. Եափուճեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միութիւններուն, Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ նուիրատուներուն, որոնք միշտ նեցուկ կը կանգնին եւ կ՛օժանդակեն կեդրոնի աշխատանքներուն ու զարգացման` մաղթելով, որ հայ պապիկներուն աղօթքները անպակաս ըլլան:

Այնուհետեւ խօսք առաւ արհիապատիւ Գէորգ եպս. Ասատուրեան, որ յայտնեց, թէ կեդրոնին ճակատագիրը պիտի մնար անորոշ, եթէ չըլլար մեթր Չուխատարեանի եւ Հայ կաթողիկէ Աղքատախնամ միութեան անմիջական օժանդակութիւնը: Ան նաեւ յիշեցուց, որ շուտով պիտի նշենք Քրիստոսի ծնունդը, եւ այդ աւետիսը ինքնին մեզի յոյս կը ներշնչէ, որովհետեւ Քրիստոս սէր է` շեշտելով, որ միշտ պէտք է աղօթենք ու խնդրենք Անոր շնորհն ու լոյսը: Գերապայծառ Ասատուրեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց կեդրոնի բոլոր պաշտօնեաներուն, տնօրէնին, միութիւններուն, Աղքատախնամին, յատկապէս մեթր Ժաք Չուխատարեանին, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետութեան: Ան հաստատեց, որ բոլորին նպատակը մէկ է` միշտ բարգործութիւն կատարել` յանուն հայ ժողովուրդին, եկեղեցւոյ եւ լեզուի պահպանման:

N3

Պաշտօնական բաժինէն ետք ծերունիները եւ հիւրերը միասնաբար ճաշեցին հարազատ մթնոլորտի մէջ, ապա անոնց այցելեց Կաղանդ Պապան եւ նուէրներ յանձնեց բոլոր հայ պապիկներուն: