Հալէպ – ՇՏԱ՛Պ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԹԷ՛ ՄԵԿՆԻԼ ԵՒ ԹԷ՛ ՄՆԱԼ ՈՒԶՈՂՆԵՐՈՒՆ

Հալէպ  – ՇՏԱ՛Պ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆ ԹԷ՛ ՄԵԿՆԻԼ ԵՒ ԹԷ՛ ՄՆԱԼ ՈՒԶՈՂՆԵՐՈՒՆ

Հալէպի, անոր բնակչութեան եւ հետեւաբար հալէպահայութեան իրավիճակը յայտնապէս օրհասական է։ Ան ամիսներէ ի վեր միջազգային հանրութեան ուշադրութեան գլխաւոր առարկաներէն մէկն է։ Բոլո՛ր մակարդակներու վրայ։ Անով «մտահոգուած» ըլլալ կը ձեւանան զայն կռուախնձոր դարձուցած տէրութիւնները ու ասոնց ենթակայ՝ մօտակայ ու հեռաւոր, տեղական ու շրջանային, պետական ու ընդդիմադիր, ահաբեկիչ ու հակա-ահաբեկչական ուժերը, որոնցմէ ոչ մէկը՝ ռմբակոծումները դադրեցնելու կոչերով հանդէս գալով հանդերձ, ի վիճակի ըլլալ կը թուի կամ իրական տրամադրութիւն ցոյց կու տայ կրակը դադրեցնելու։ Ցամաքէն ու օդէն շարունակուող ռմբահարումներն ու հրթիռակոծումները զիրար կը խաչաձեւեն Հալէպի բնակչութեան, ուրեմն նաե՛ւ հայաբնակ թաղերու եւ մեր հայրենակիցներու գլխուն վերեւ ու անոնց վրայ, աւերակի վերածելով Սուրիոյ այս երբեմնի ամէնէն բարգաւաճ ոստանը, ահ ու սարսափի մատնելով, սպաննելով անոր անմեղ, աշխատունակ ու պարկեշտ բնակիչները՝ առանց խտրութեան։

Ողբերգական այս իրադրութեան կեդրոնը կը գտնուին հայկական թաղերը՝ իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով, համայնքային հաստատութիւններով, ազգային կառոյցներով եւ ասոնց շուրջ համախմբուած բուռ մը հայորդիներով, զորս ոչ-պաշտօնական տուեալներ շուրջ 9-10 հազար կը գնահատեն եւ որոնք սակայն կը շարունակեն տոկալ կեանքի գնով։ Տոկալ՝ սակայն մինչեւ ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս։

Այսօր ոչ ոք, ամէնէն հեռատես ու իրազեկ վերլուծաբաններն անգամ, ի վիճակի ըլլալով պատասխանել այս հարցումներուն, համայն հայութիւնը՝ իր Մայր Հայրենիքով, աշխարհասփիւռ եկեղեցական ու հասարակական կառոյցներով պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուի՝

Ա) Իրենց ծննդավայրէն հեռանալու փոխարէն՝ գաղութը ամէն գնով պահել-պահպանելու բարձր գիտակցութեամբ, իրադրութիւնը ուշ կամ կանուխ բարելաւուած տեսնելու յուսալիութեամբ, կամ անձնական եւ յարգելի ինչ ինչ պատճառներով, բայց բոլոր պարագաներուն անձնական որոշումով տոկալ վճռած հայորդիներուն հնարաւոր բոլո՛ր միջոցներով, անկարելին կարելի դարձնելով՝ ողջ մնալու ու տոկալու համար կենսական միջոցները հասցնել եւ ի հարկին փորձել ապահովել անոնց տեղափոխութիւնը Սուրիոյ տարածքին յարաբերաբար նուազ վտանգաւոր շրջաններ։

Բ) Ապահովել երկրէն մեկնիլ ցանկացողներուն (անհատապէս կամ հաւաքաբար) փոխադրութիւնը՝ մասնաւորաբար Հայաստան եւ անոնց տեղաւորումը Մայր Հայրենիք։ Այս նպատակով, տեղեակ ենք որ հայրենի պատկան իշխանութիւնները, մասնաւորաբար սփիւռքի նախարարութիւնը եւ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդը անհրաժեշտ ուշադրութիւնը, աջակցութիւնը եւ հոգատարութիւնը կը ցուցաբերեն ժամանողներուն, ինչպէս ցոյց կու տան ցարդ տեղափոխուած ընտանիքներուն համար ստեղծուած պայմանները կացարաններու մէջ կամ այլուր եւ որոնք իտէալական կրնան չըլլալ, բայց նոր կեանքի մը սկզբնաւորութիւնը։

Գ) Վերոնշեալ երկու նախաձեռնութիւններն ալ կը կարօտին շտապ համակարգումի ոչ միայն սուրիահայութեան օգնութեան գործնապէս ձեռք մեկնելու աշխատանքին լծուած կառոյցներուն միջեւ, այլ՝ տեղւոյն վրայ (Հալէպի մէջ) գործող ազգային-համայնքային կառոյցներուն եւ շտապ օգնութեան մարմիններուն հետ, որոնք՝ հակառակ հազարումէկ զրկանքներու եւ վտանգալի պայմաններուն, կը գործեն մեծ անձնուիրութեամբ՝ ի խնդիր պատմական գաղութի գոյատեւումին։

Շտապ օգնութիւն թէ՛ մեկնիլ եւ թէ մնալ ցանկացողներուն։ Ասիկա է պահու հրամայականը։

16/10/2016

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ