ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՉ

ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՉ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ,

Սիրով կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ 2016 հոկտեմբերի 20-24 Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին համահայկական լրատուամիջոցներով սկսած «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը:

Շարժման նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական, սոցիալական բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

Այս նպատակով կոչ կ’ընենք 2017-ի սփիւռքեան համայնքներու կողմէն կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին (փառատօններ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Կ’ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար դառնայ Արցախի տարի…։

Նախարարութիւնը բացած է ֆէյսպուքեան էջ, ուր պիտի հրապարակուին սփիւռքեան համայնքներու եւ սփիւռքահայ անհատներու կողմէ Արցախի համար իրակա-նացուող բոլոր ձեռնարկները: Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին նաեւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ել. լրատուամիջոցի համապատասխան բաժնի մէջ` www.hayernaysor.am:

Միացէ՛ք մեր ֆէյսպուքեան էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէք շարժման գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական ձեռնարկին: Ձեռնարկները մեկնարկելու եւ հայկական աշխարհի մէջ հանրայնացնելու նպատակով իւրաքանչիւրէն կը խնդրենք նկարուիլ` պարզելով «Դուն՛ ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» ցուցապաստառը (կցուած է) եւ ուղարկել մեզի` ֆեյսպուքեան էջին եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակելու եւ տարածելու համար:

Մենք կը հաւատանք, որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնանք զօրավիգ ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ