Դամասկահայութեան ներկայ վիճակը Սուրիոյ շարունակուող պատերազմի օրերուն

Դամասկահայութեան ներկայ վիճակը Սուրիոյ շարունակուող պատերազմի օրերուն

2011 թուականի մարտին, այսպէս կոչուած «Արաբական գարուն»ի աւերիչ ալիքները հասան Սուրիա, շատ արագ տապալելով մինչ այդ աւելի քան 40 տարի երկարող ապահովութեան ու անդորրի շրջանը, որու ընթացքին զանազան տնտեսական ու այլ բնոյթի դժուարութիւններով հանդերձ, Սուրիան կը բարգաւաճէր, մանաւանդ վերջին տարիներուն, տնտեսական որոշ ազատութիւնները, զբօսաշրջիկութեան եւ այլ մարզերու արագընթաց զարգացումը յոյս կը ներշնչէին ապագայի նկատմամբ։ Սուրիոյ մէջ հայ քաղաքացիներն ալ կ’ապրէին երկրի մէջ տիրող ընդունելի պայմաններուն մէջ, մասնակցելով բոլորին հետ երկրին կերտումին ու կատարելով իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնները։ Ազգային եւ եկեղեցական կեանքը, ուսումնական հաստատութիւնները կը գործէին արդիւնաւէտ ու կեանքը կ’ընթանար իր բնական հունով։

Դէպքերու առաջին օրերուն Սուրիոյ ժողովուրդը մեծ ցնցում ապրեցաւ եւ ամէն մարդ կը տեսնէր որ այն ինչ որ կը պատահէր, բարիք չէր կրնար բերել երկրին, մանաւանդ երբ ահաբեկչական մեծ գործողութիւններ, ականուած ինքնաշարժներու պայթումներ ու սպանութիւններ սկսան տեղի ունենալ ամէն տեղ եւ յաճախակի։ 2012-ի յուլիս ամսուն զինուորական գործողութիւնները աւելի եւս տարածուեցան ու սաստկացան հասնելով նաեւ Դամասկոս ու շրջակայքը եւ մինչեւ օրս, ինչպէս Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ, կը շարունակուին մեծ թափով, քանդում ու աւեր սփռելով, նահատակներ ու զոհեր խլելով ու անմեղ քաղաքացիները թիրախ դարձնելով։ Յաճախակի են Դամասկոսի մէջ հրասանդ կոչուած ռումբերու ու հրթիռներու պայթումները որոնք յանկարծակի կրնան տեղալ ու մեծ մարդկային ու նիւթական վնասներ պատճառել։ Դժբախտաբար, այն շրջանները ուր դամասկահայերը աւելի մեծ թիւով կեդրոնացած են ինչպէս «Պապ Շարքի», «Պապ Թումա», «Քասսա», «Ապպասիին» եւ «Ժարամանա» թաղամասերը, շատ աւելի տուժեցին այս յարձակումներէն ու ռմբակոծումներէն որոնք մինչեւ օրս կը շարունակուին։ Բազմաթիւ անմեղ զոհերու կողքին դամասկահայութիւնն ալ ափսոս կորսնցուց իր զաւակներէն շատեր, որոնք զոհ գացին այս կոյր ռմբակոծումներուն, ունեցանք նաեւ վիրաւորներ ու նիւթական ծանր վնասներ։ Բազմաթիւ անգամներ հրասանդներու թիրախ դարձան մեր հայկական երկու եկեղեցիները եւ դպրոցներն ու ակումբները։ Ցաւալի էր 2014 թուականի Ազգ․ Թարգմանչաց ճեմարանի ռմբակոծումը, որուն հետեւանքով զոհուեցան անմեղ հայ աշակերտներ, իսկ ապրիլ 2014-ին հայ կաթողիկէ «Փարոս» վարժարանին վրայ ինկած հրասանդը խլեց կեանքը փոքրիկ աշակերտի մը ու պատճառեց բազմաթիւ ծանր վիրաւորներ։

Պատերազմական այս տարիներուն մեծ անկում կրեց երկրի տնտեսութիւնը։ Սուրիական դրամանիշը չափազանց արժէքազրկուեցաւ ու կը շարունակուի արժէքազրկուիլ, ինչ որ նիւթական մեծ դժուարութիւններու առաջ կը դնէ սուրիացիները։ Ջուրի, ելեկտրականութեան մատակարարումը մեծապէս խափանուած է ահաբեկչական գործողութիւններու պատճառաւ ու պետութիւնը մեծ ջանքերու շնորհիւ կը ջանայ նուազագոյն ձեւով մատուցել այդ կենսական ծառայութիւնները։ Ականահարուած են կազի խողովակները որոնք վառելանիւթ կը հասցնեն ելեկտրականութիւն արտադրող կայաններուն, իսկ Դամասկոսի ջուրի մայր ակը, որ կը կոչուի «Այն Ֆիժէ», կը գտնուի զինեալ խմբաւորումներու տիրապետութեան տակ եւ անոնք պարբերաբար կ’անջատեն ջուրի մատակարարումը դէպի Դամասկոս, ճնշում բանեցնելու համար իշխանութեան վրայ։ Այս օրերուն, դէպի Դամասկոս հասնող ջուրի մայր խողովակը պայթեցուած է եւ զինեալ խմբաւորումներ թոյլ չեն տար պետական մարմիններուն նորոգել զայն, ինչ որ Դամասկոսի մէջ ստեղծած է ջուրի տագնապ։ Յաճախակի են նաեւ վառելանիւթի տագնապները։ Յանկարծ կ’անյայտանան պենզինը, կազը կամ մազութը ու կը ստեղծուին ահաւոր խճողումներ ստանալու ապրուստի այս շատ կարեւոր նիւթերը։ Այս բոլորին վրայ կ’աւելնան սարսափելի սղաճը, աշխատատեղիներու սահմանափակումը, վաճառականական աշխատանքներու տկարութիւնը, հանգամանքներ որոնք սուրիացիներու մեծ զանգուածի մը առաջ կը դնեն լուրջ խնդիրները օրապահիկը ապահովելու եւ արժանապատիւ կեանք ունենալու ուղղութեամբ։ Պատերազմական այս օրերուն տարածուեցաւ նաեւ աւազակախումբերու կողմէ կատարուած առեւանգումներու երեւոյթը, որոնց զոհ գացին նաեւ դամասկահայեր եւ միայն մեծ փրկագիներ վճարելով կարելի եղաւ ազատել զանոնք։ Պատերազմի այս տարիներուն դամասկահայ երկու երիտասարդ զինուորներ միացան Սուրիոյ բանակի նահատակներու փաղանգին, ինչպէս շատ մը հայորդի զինուորներ Հալէպէն եւ այլ քաղաքներէն։ Այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ, Դամասկոսը կը համարուի Սուրիոյ համեմատաբար աւելի ապահով շրջաններէն մէկը ուր կեանքի պայմանները տակաւին տանելի են համեմատած այլ քաղաքներու եւ մանաւանդ Հալէպի, ուր քաղաքի բնակիչները մեծապէս կը տառապին։ Պետական հաստատութիւնները, նախարարութիւնները կը գործեն կանոնաւոր կերպով Դամասկոսի մէջ, մատուցելով հիմնական ծառայութիւնները բոլոր քաղաքացիներուն։ Ի գին ծանր զոհողութիւններու պետութիւնը հաց կը մատակարարէ քաղաքացիներուն նուազագոյն գինով։ Քաղաքին մէջ տեղակայուած են բազմաթիւ ապահովական անցարգելներ, որոնք խստօրէն կը քննեն անցնող ինքնաշարժները, առաջքը առնելու խափանարարական գործողութիւններու։

Ներկայի դրութեամբ, քաղաքը ի բացառեալ «Ժոպար» կոչուած շրջանէն, ամբողջութեամբ պետական հակակշիռին տակ է, սակայն մօտակայ մեծ արուարձաններ կը մնան զինեալ խմբաւորումներու իշխանութեան տակ եւ մարտական գործողութիւնները կը շարունակուին առ այսօր։

Այս ընդհանուր կացութեան մէջ դամասկահայութիւնը, ինչպէս քաղաքի այլ բնակիչները, կը ջանան համակերպիլ եւ շարունակել կեանքը։ Պայմաններու բերումով մեծ թիւով դամասկահայեր հեռացան քաղաքէն, փնտռելով աւելի ապահով կեանք ու կայք հաստատեցին այլ երկիրներ։ Ճշգրիտ թիւ մը կարելի չէ ներկայացնել, սակայն կ’ենթադրուի որ մօտաւորապէս 7000 հոգի հաշուող դամասկահայութենէն մեկնած ըլլան 3000 հոգի մինչ օրս։

Անշուշտ գաղթի այս ալիքը իր բացասական ազդեցութիւնը ունեցաւ ազգային կեանքին վրայ, մանաւանդ որ մեկնողներուն շատերը երիտասարդներ էին։ Դժբախտաբար տագնապի ու պատերազմական վիճակի շարունակուիլը պատճառ պիտի դառնայ որ այլ ընտանիքներ պարտադրուին կամ մտածեն գաղթել դէպի աւելի ապահով երկիրներ լքելով իրենց ծննդավայրը, ինչ որ մեծապէս պիտի ազդէ դամասկահայութիւնը որպէս կազմակերպուած գաղութ պահելու կարելիութիւններուն վրայ։։

Այս բոլոր յուսահատական պատկերներուն առաջ, հաստատենք նաեւ թէ դամասկահայութեան որոշ զանգուած մը կը ցուցաբերէ դիմանալու ու տագնապը դիմագրաւելու կամք ու տոկունութիւն։ Անխափան կը գործեն եկեղեցիները ու կրթական հաստատութիւնները մինչեւ օրս։ Հայկական 4 վարժարանները արդէն մի քանի օրեր առաջ կատարեցին իրենց վերամուտը 2015-2016 տարեշրջանին համար։ Միութենական աշխատանքները կը շարունակուին, սկաուտական եւ այլ գործունէութիւններու ձեւով, մանաւանդ այն միութիւններու պարագային որոնց անդամներու թիւը բաւարար է նման աշխատանքներ յաջողցնելու համար։ Մշակութային աշխուժութիւն կար նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակի նշման ձեռնարկներու շրջագիծէն ներս։ 100 ամեակի ոգեկոչման միջ-միութենական Դամասկոսի մարմինը կը շարունակէ իր աշխատանքները ու ծրագրուած են շարք մը ձեռնարկներ գալիք օրերուն համար։ Դամասկոսի մէջ կը մնան ու կ’առաջնորդեն ժողովուրդը Գերաշնորհ Տ․ Արմաշ եպս․ Նալպանտեանը` առաջնորդ Դամասկոսի Հայոց թեմին, եկեղեցւոյ ծառայող 3 քահանայ հայրերով, առաջնորդարանի անձնակազմով ու զանազան մարմիններով, ինչպէս նաեւ Արհի Յովսէփ եպս․ Առնաութեանը` առաջնորդ Դամասկոսի Կաթողիկէ Հայոց, իր հետ ունենալով գեր․ Գէորգ վրդ․ Պահէեանը, ժողովրդապետը Հայ Կաթողիկէ համայնքին,ՀԿ առաջնորդարանի անձնակազմով ու համայնքի մարմիններով, որոնք ջանք չեն խնայեր այս դժուար օրերուն հասնելու ժողովուրդի հոգեւոր պէտքերուն, մխիթարելու ու ամրապնդելու հաւատացեալները։ Տագնապի առաջին օրերէն ի վեր կը գործէ նաեւ դամասկահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինը, ջանալով օգտակար հանդիսանալ ներկայ պատերազմական վիճակէն տուժած հայորդիներուն։ Դամասկահայութեան համար մեծապէս յուսադրիչ է նաեւ որ քաղաքիս մէջ կը գործէ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը գլխաւորութեամբ յարգարժան դեսպան դոկտ․ Արշակ Փոլատեանի, որ դեսպանատան այլ պաշտօնակատարներուն հետ կ’աշխատի նեցուկ կանգնիլ սուրիահայութեան՝ այս դժնդակ օրերուն։

Այս է մօտաւոր պատկերը դամասկահայութեան։ Չենք ուզեր յոռետես ըլլալ, թէեւ երկրի ընդհանուր վիճակը շատ կնճռոտ է ու խաղաղութեան հասնելու համար կը պահանջուի միջազգային անկեղծ ու լուրջ ջանքեր։ Կը յուսանք որ Աստուծոյ ողորմած աչքը մեր երկրին վրայ ըլլայ ու խաղաղութիւնը հաստատուի օր առաջ, որպէսզի սուրիացիները կարողանան ամոքել իրենց վէրքերը, վերակառուցել իրենց տուներն ու աշխատատեղիները, գաղթականները վերադառնան ու այլոց կողքին դամասկահայերն ալ գտնեն իրենց անդորրը ու հաւատքը ապագայի նկատմամբ ու վերաշխուժացնեն ազգային կեանքը, պահպանելով իրենց հայկական դիմագիծը արաբական այս հիւրընկալ երկրի սքանչելի մայրաքաղաքին մէջ, ուր ցեղասպանութենէն ետք եղբայրաբար ընդունուեցանք արաբ ազնիւ ժողովուրդին կողմէ ու ապրեցանք համերաշխութեամբ, մեր մասնակցութիւնը բերելով քաղաքի զարգացման ու կերտումին ու պատրաստ ենք շարունակելու ապրիլ, մեր ձեռքը երկարելով բոլորին անխտիր, որպէս ազնիւ քաղաքացիներ ու ջանք չի խնայել երկրի վերականգնումին ու վերածաղկումին համար։

ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ