ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՔՈՅՐ ՍԵՍԻԼԸ

ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՔՈՅՐ ՍԵՍԻԼԸ

Իրաւամբ անմոռանալի է Քոյր Սեսիլը բոլոր անոնց համար որոնք զինք ոչ միայն իբրեւ ջերմեռանդ կրօնաւորուհի կամ իբրեւ բարեկամ, դաստիարակ, կրթական մշակ եւ ինծի պէս՝ որպէս գործակից ճանչնալու եւ իր հետ շփուելու առիթը ունեցած են Հռոմի, Մարսէյի, Պոսթընի, Ֆիլատելֆիայի մէջ, բայց մանաւանդ այն բազմահազար հայուհիներուն եւ ընդհանրապէս հայորդիներուն համար որոնք Լիբանանի մէջ իր հայաբոյր շունչով ու հայատրոփ սրտով դաստիարակուած ու կրթուած են Հռիփսիմեանց վարժարանին մէջ 1960-ական թուականէն սկսեալ աւելի քան 30 տարիներու ընթացքին։ Ափսոս որ ասոնք հնարաւորութիւնը չունեցան իրենց վերջին յարգանքը մատուցանելու եւ վերջին հրաժեշտը տալու իրենց ուսուցչին, դաստիարակին, տնօրէնուհիին, որուն մայրական հոգատարութիւնը վայելեցին իրենց մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան տարիներուն, եւ այնուհետեւ՝ հարազատի մտերմութիւնը։

Արդարեւ, 2015-ի Նոյեմբերի 7-ին, Կիւմրիի կաթողիկէ Հայոց Սրբոց Նահատակաց առաջնորդանիստ եկեղեցիին մէջ Քոյր Սեսիլ Քէհէյեանի հոգւոյն հանգստեան համար արհիապատիւ Տէր Ռաֆայէլ Մինասեանին կողմէ մատուցուած սուրբ Պատարագին եւ ապա՝ անոր յուղարկաւորութեան ներկայ եղած են հայ կաթողիկէ հոգեւորականներ, Անարատ Յղութեան Միաբանութեան Հայաստանի առաքելութեան քոյրերը, Երեւանի եւ Սպիտակի մէջ ծառայող Գթութեան քոյրերը, Տիրամայր Հայաստանի կուսաստանի սաները, Հայկական Կարիտասի աշխատակիցներ, հաւատացեալներու բազմութիւն մը, որոնք բաւարար չէին ներկայացնելու համար Քոյր Սեսիլի յիշատակին առջեւ խոնարհելու պարտքէն զրկուածներուն բանակը։

Շատ բնական է որ Քոյր Սեսիլ ցանկութիւն յայտնած ըլլայ իր կեանքին վերջին տարիները անցընել Հայաստանի մէջ, եւ մեռնիլ ու թաղուիլ Մայր Հայրենիքի մէջ, ինչպէս հաստատած է իր միաբանակից եւ այնքան հոգատար քոյրը, Տիրամայր Հայաստանի առաքելութեան մեծաւորուհին՝ Քոյր Արուսեակը, յընթացս յուղարկաւորութեան արտասանած ցաւակցական խօսքին մէջ, որովհետեւ Քոյր Սեսիլ իր Հաւատքին լրումը կը տեսնէր Հայու ինքնութեան, հայ մշակոյթին մէջ։ Ան իրեն վստահուած սերունդներուն ջամբեց քրիստոնէական դաստիակութիւն ու հայրենասիրութիւն հաւասարապէս, հաւատացած ըլլալով որ կարելի չէ ճշմարիտ հայ ըլլալ առանց ճշմարիտ քրիստոնեայ ըլլալու։ Իր այս համոզումին վկայութիւնը հանդիսացաւ Տիրամայր Հայաստանի Ծաղկաձորի ճամբարին մէջ հարիւրաւոր երեխաներուն ջամբուող քրիստոնէական դաստիարակութեան ի տես իր գնահատանքն ու հիացումը զոր արտայայտեց մինչ իր մահուընէ շուրջ երկու ամիս առաջ իրեն հետ կը զրուցէինք եւ Հռիփսիմեանցի պատմութեան վերաբերեալ կարգ մը ստուգումներ կը կատարէինք՝ շրջապատուած Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններէն, Արցախէն եւ մանկատուներէն ժամանած աւելի քան երկու հարիւր երեխաներով։ Ինք բոլորէն աւելի գիտէր Քոյր Արուսեակին տարած աշխատանքին կարեւորութիւնը, բայց նաեւ ծանրութիւնը, ի՛նք՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրեց նորահաս սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան, անոնց սորվեցուց քրիստոնէական, հայերէն, հայոց պատմութիւն եւ մշակոյթ, ի՛նք որ հայ մանուկներու հոգիներուն մէջ եկեղեցասիրութեան ու քրիստոնէական հաւատքին հետ սերմանեց սէր առ հայրենիք եւ հայկականութիւն, այնպէս ինչպէս կը յորդորէր իր Միաբանութեան հիմնադիրը՝ Կարդինալ Անտոն Հասունեան, այնպէս ինչպէս ինք ուխտած էր ըլլալ ու ընել 1948-ին դառնալով Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան անդամ։ Իր ամբողջ կեանքը եղաւ Եկեղեցւոյ եւ Ազգին ծառայելու իր Միաբանութեան առաքելութեան հաւատարմութեան վկայութիւնը։

Քոյր Սեսիլը պիտի չմոռնան մանաւանդ անոնք որոնք անոր տնօրէնութեան 30 տարիներու ընթացքին տողանցեցին Հռիփսիմեանց վարժարանէն իբրեւ աշակերտ, ծնողք, գործակից կամ բարեկամ, եւ վկաները եղան անոր մանկավարժական յառաջադէմ գաղափարներուն ու նախաձեռնութիւններուն, որոնք զինք դարձուցին լիբանանահայ կրթական շրջանակներու տիրական եւ ամէնէն հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը եւ իր անունը՝ հոմանիշ Հայ տիպար վարժարանի։ Անոնց՝ բոլորին համար անմոռանալի պիտի մնայ Քոյր Սեսիլը որուն յիշատակին առջեւ պիտի խոնարհին յուզումնախառն, բայց նաեւ հպարտալից եւ դրուատալից երախտագիտութեամբ։

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ