Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը՝ Լիբանանի մէջ Հակիրճ արժեւորում մը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակը՝ Լիբանանի մէջ Հակիրճ արժեւորում մը

Որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմնի գանձապահ, ձեզի պիտի ներկայացնեմ խտացուած պատկեր մը կատարուած աշխատանքներուն մասին:

Մեր հաշուետուութեան մէջ մի քանի հարիւր հազար տոլար մուտք եւ ելք արձանագրուեցաւ: Այս գումարը գոյացաւ մեր մարմնի անդամներուն, ազգայիններու եւ զանազան կազմակերպութիւններու ներդրումով. ասիկա աննախընթաց պատկեր մըն է գաղութի միասնական աշխատանքին:

Այս գումարին վրայ պէտք է աւելցնել զանազան ձեռնարկներու ծախսերը` հոգացւած կազմակերպող մարմիններու կողմէ եւ որոնք կը կրէին ՀՑՀԼԿՄ: Հովանաւորութիւնը, առանց մոռնալու Հայաստանի դեսպանատան մէջ եղած ելոյթներու ծախսերը: Այս ձեռնարկներուն ծախսերը նոյնպէս կը գնահատուին քանի մը հարիւր հազար տոլար:

Հարկ է նաեւ կեդրոնական մարմնին տրամադրած ժամանակը արժեւորել թիւերով: Մարմինս 4 տարի եւ 4 ամիս հերթականօրէն շաբաթական կանոնաւոր նիստեր գումարեց:

Պէտք է նշել թէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինը ծնունդ առաւ հայ երեք յարանուանութիւններու, հայկական երեք քաղաքական կուսակցութիւններու եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան ղեկավար մարմիններու նախաձեռնութեամբ: Անոր անդամները նշանակուեցան վերոյիշեալ մարմիններուն կողմէ, Լիբանանի հայ գաղութին մէջ հարիւրամեակի ձեռնարկները համակարգելու յանձնարարականով: Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ գլխաւորուած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին հետեւողութեամբ, հետագային մարմնիս միացան ԼՕԽ.ի, ՀՄԸՄ.ի, ՀՄՄ.ի եւ ՀԵԸ.ի ներկայացուցիչները:

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմնի ատենապետութիւնը ստանձնեց ազնուափայլ տիկին Սեդա Խտըշեան, սահմանուած աշխատանքները կատարելով մեծագոյն ձեռներէցութեամբ:

Այստեղ կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել կեդրոնական մարմնի անդամները նշանակող պատասխանատու ղեկավար մարմիններուն՝ իրենց վստահութեան համար:

Ուրախ եմ յայտնելու, որ Լիբանանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու վաւերագրութեան համար լոյս պիտի տեսնէ ծաւալուն եւ պատկերազարդ հատոր մը:

 

ՌԱՖԱՅԷԼ ՈՒՄՈՒՏԵԱՆ