Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին առիթով, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի․ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը 24 Ապրիլ 2016, Կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4․30-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի շրջաբակին մէջ մատուցանեց Սուրբ Նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման սուրբ եւ անմահ Պատարագը, մասնակցութեամբ Հայ կաթողիկէ արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ, արժանապատիւ հայրերու, առաքինազարդ քոյրերու, ժողովրդապետութիւններու, հայրենակցական միութիւններու, Հայ կաթողիկէ բարեսիրական, տիկնանց, երիտասարդական, պատանեկան միութիւններու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցչակազմերու եւ աշակերտութեան։ Սուրբ Խորանին դիմաց, շրջաբակը լեցնող հաւատացեալ ժո-ղովուրդի առաջին շարքերուն վրայ ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան՝ դեսպանատան դիւանագէտներու անձնակազմով, լիբանանեան խորհրդարանի ներկայ եւ նախկին անդամներ, պաշտօնական անձնաւորութիւններ, հայկական կուսակցութեանց եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ առընթերականերն էին հայր Սեպուհ վրդ․ Կարապետեան եւ հայր Մաշտոց Զահթերեան։ Կը սպասարկէին Զմմառու Դպրեվանքի նորընծաները, իսկ հոգեպարար երգեցողութիւնը կը կատարէր «Կռունկ» պատրիարքական երգչախումբը խմբավարութեամբ դոկտ․ Եդուարդ Թորիկեանի։
Արհիապատիւ Գէորգ եպիսկ. Ասատուրեանի քարոզը
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս՝ գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան արտասանեց հետեւեալ ոգեշնչող քարոզը, «Հայ Ազգը՝ յաղթական» բնաբանով։
Թանկագին հայորդիներ, ժառանգորդ՝ պատմութեան մեծագոյն Եղեռնի սուրբ նահատակներու,
Ուղղիղ ամիս մը առաջ նշեցինք յիշատակը Յիսուս Քրիստոսի գողգոթային, խաչելութեան, մահուան, եւ երեք օր ետք տօնակատարեցինք անոր հրաշափառ յարութիւնը, այսինքն յաղթանակը մահուան դէմ։
Հաւատացինք մահուան դէմ յաղթանակ տանելու աստուածաշնորհ ուժին եւ իբրեւ քրիստոնեաներ, Քրիստոսի յարութեան հաւատացողներ, վասն կրօնի եւ հայրենեաց իրենց կեանքը զոհաբերած նահատակներու ժառանգորդներ՝ եղանք մահը պարտութեան մատնող այդ աստուածաշնորհ ուժով օժտուած վկաներ։
Արդարեւ, այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ միթէ մեր մշտավառ յիշողութիւնը մեր նախահայրերուն ու հայրերուն դէմ օսմանեան թուրք գազանաբարոյ իշխանաւորներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած գողգոթային, տեղահանութեան, մահուան կարաւաններուն, խողխողումներուն, ողջակիզումներուն, բարբարոսութիւններուն, ահաւոր սպանդին, որուն նկարագրութիւններով եւ որուն մասին վկայութիւններով լեցուն են համաշխարհային արխիւները ու մատենադարանները։
Այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ միթէ երբ այս պահուն հոս, յաւերժական Մայրիներու այս ասպնջական հողին վրայ, նոյնպէս սրբազան Արարատի շուքին ներքեւ կանգնած երկնաքեռ Ծիծեռնակաբերդին եւ աշխարհասփիւռ բոլոր յուշակոթողներուն շուրջ, խորաններուն վրայ եւ սրահներուն մէջ 101¬րդ անգամ ըլլալով առ Աստուած գոհաբանական եւ փառաբանական աղօթք կը բարձրացնենք եւ կը վերանորոգենք մեր հաւատարմութեան ուխտը ցեղասպանութեան զոհ մեր նահատակներու սրբազան կտակին։
Այս յաղթանակին վկայութիւնը չէ՞ մեր ազգային հնադարեան մշակոյթի արժէքներուն ներդրումը համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանին։
Այս յաղթանակին վկայութիւնը չե՞ն մեր մշակութային, գիտական, մինչեւ իսկ մարզական նուաճումները։
Այս յաղթանակին վկայութիւնը չե՞ն մարդակերպ գազաններուն կողմէ մեր բնօրաններուն մէջ աւերուած եկեղեցիներուն ու կոթողներուն աւելի փառահեղ կրկնօրինակներուն վերականգնումը ոչ միայն Մայր Հայրենիքին մէջ, այլ աշխարհի չորս ծագերուն, հոն ուր թէկուզ կայ մէկ հայ անգամ, զոր ջարդարարը ի զուր փորձած էր թանգարանի նմոյշ դարձնել։
Այս յաղթանակին նորագոյն վկայութիւնը չէ՞ հերոսական Արցախը՝ իր մարտունակութեամբ եւ քաջարի բանակին դիմադրութեամբ ազերիաթրքական նորագոյն յարձակումին։
Այս յաղթանակին նորագոյն վկայութիւնը չէ՞ ողջ Հայութեան միասնական ծառացումը ատրպէյճանի բարբարոսային սանձազերծումին դէմ եւ միակամ զօրակցութիւնը Ղարաբաղի ժողովուրդին ու բանակին։
Եւ վերջապէս, այս յաղթանակին մեծագոյն վկայութիւնը չէ՞ հայկական անկախ պետականութիւնը՝ Միացեալ Ազգերու 193 երկիրներու դրօշակներու շարքին ծածանող իր եռագոյնով եւ իբրեւ առանցք հայոց միասնականութեան։
Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին յաջորդող դարաշրջանի սեմին, անցնող 100 տարիներուն քաղաքական, դիւանագիտական, ռազմական, յարաբերական եւ ընդհանրապէս միջազգային գետնի վրայ մեր արձանագրած նուաճումներով ու ձեռք բերած փորձառութիւններով զօրացած ու վճռակամ աւելի քան երբեք, հրաւիրուած ենք այս յաղթարշաւը իր յաղթական լրումին հասցնելու։
Համայն Հայութեան, հայկական պետութեան ու դիւանագիտութեան, Հայ Եկեղեցիին ու աշխարհասփիւռ հայկական կազմակերպութիւններուն, հայ քաղաքական մտքին ու հայու բազուկին ուղղուած այս հրաւէրը պատասխանն է «100¬րդ տարելիցէն ետք ի՞նչ» հարցադրումը կատարողներուն։
Սակայն, այդ յաղթական լրումը ունի իր նախապայմանը։ Ան մեր միաբանութիւնն է, մեր անսակարկ միասնականութիւնը, որ մեր անպարտելիութեան գրաւականն է, մեզ ոգեշնչող ուժը, մեր հզօրագոյն զէնքը, պայմանաւ որ այդ միասնականութեան ցուցաբերումը չսահմանափակուի ամեակներու կամ միայն պատերազմական օրերուն, կենաց ու մահու վտանգի կամ օրհասական պահերուն, այլ ըլլայ բոլոր ժամանակներուն մեր ազգային կեանքը առաջնորդող կարգախօս։
Մեր սուրբ նահատակները միասնական եղան մահուան դիմաց եւ մեզի պատգամեցին միասնական ըլլալ յաղթանակի ճանապարհին վրայ։ Անոնց պատգամին նախախնամական արձագանգն էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬րդ տարելիցին առթիւ մատուցուած սուրբ եւ անմահ Պատարագը, որ համաշխարհային բեմի լուսարձակներուն ներքեւ Վատիկանի Սուրբ Պետրոսի տաճարի կամարներուն ներքեւ համախմբեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, Հայ Եկեղեցւոյ գերագոյն պետերը, հայկական պետական աւագանին, Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայկական կառոյցներու ղեկավարները։ Բոլորս զգացինք թէ այդ աննախընթաց արարողութիւնը արտայայտութիւնն էր Հայութիւնը միաբան, միակամ ու միասնական տեսնելու Պապին լուռ ցանկութեան։ Ան դարերու խորերէն հնչած արձագանգն էր անզուգական շարականագրի աղօթքին առ Աստուած՝ «Տէր ողորմեա, տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր, միութիւն»։
Մեր յաղթանակներուն վկայութիւնները ցոյց կու տան որ Աստուած երբեք մեզ չէ լքած, հակառակ անոր որ յաճախ թերացած ենք Անոր յորդորներուն անսալու մեր քրիստոնէական յանձնառութեան մէջ։ Մարդկայնօրն թերացած ենք, բայց երբեք չենք զիջած մեր Հաւատքէն։
Հետեւաբար, պիտի շարունակենք աղօթել եւ հայցել երանելի Մալոյեանին եւ մեր բոլոր սուրբ նահատակներուն բարեխօսութիւնը խաղաղութեան եւ այդ միութեան համար, որովհետեւ խաղաղասէր ժողովուրդ ենք եւ անզուգական բանաստեղծին հետ կը հաւատանք որ մեր միասնականութիւնն է մեր ազգային պահանջներուն,անժամանցելի իրաւունքներուն ու առաջադրանքներուն յաղթանակով պսակումին պայմանը։
Աւանդական թափօր
Քարոզի աւարտին, տեղի ունեցաւ աւանդական թափօրը դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջաբակը, Ապրիլեան Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ, առաջնորդութեամբ Հ․Կ․Մ․ի շեփորախումբին եւ այն կարգով որ կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ճշդեց Արամ Գարատաղլեան։
Յուշակոթողին շուրջ, Լիբանանի եւ Հայաստանի օրհներգներու ունկնդրութենէն եւ ներկաներուն կողմէ միաբերան հնչած Տէրունական Աղօթքէն ետք տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղումը Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին, ապա մասնակից բոլոր միութիւններուն կողմէ մինչ շեփորախումբը կը հնչեցնէր Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը։ Ապա, Հոգեւոր Տէրը՝ ձայնակցութեամբ հոգեւոր հայրերուն, սուրբ Նահատակներուն ուղղուած գոհաբանական եւ փառաբանական աղօթք բարձրացուց խնդրելով անոնցմէ իրենց օրինակով, լոյսով ու ոգիով ներշնչել իրենց ժառանգորդները։ Սուրբ Մեսրոպի արիները եւ ՀԿՄ․ի պատանիները իրենց կարգին վերահաստատեցին սուրբ Նահատակներուն իրենց հաւատարմութեան ուխտը արտասանելով իրենց երդումները։
Հոգեւոր Տիրոջ պատգամը
Հուսկ, իր օրհնութեամբ փակելէ առաջ տպաւորիչ եւ հոգեպարար արարողութիւնը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր պատգամը ըսելով յատկապէս որ մեր նախահայրերը նահատակուեցան իբրեւ հայեր, իբրեւ Աստուծոյ զաւակներ, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ անոնք զոհուեցան, որպէսզի մենք ապրինք իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ, զիրար սիրող, իրարու նեցուկ կանգնող: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նկատել տուաւ, որ թիւով քիչ ենք եւ տարածուած ենք, բայց միեւնոյն արիւնը կը շրջի մեր երակներուն մէջ եւ միեւնոյն հոգին է, որ մեզ կը մօտեցնէ Աստուծոյ, ազգին եւ հայրենիքին` աւելցնելով, որ պէտք է գիտնանք ապրիլ այս արժէքները:
«Սուրբ նահատակները պէտք չունին մեր աղօթքին: Մենք պէտք ունինք իրենց հզօր բարեխօսութեան: Պէտք է գիտնանք եւ վստահ ըլլանք, որ Աստուած չի մոռնար, չի լքեր այն ժողովուրդը, որ առաջին անգամ զինք ճանչցաւ, սիրեց եւ հաւատարիմ մնաց, եւ պարտինք այս հաւատքով, յոյսով եւ սիրով ապրիլ», եզրափակեց Հոգեւոր Տէրը: Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած սոյն ձեռնարկը փակուեցաւ Տէրունական աղօթքով:
ՀԿՄ․ի շեփորախումբի ազգային-հայրենասիրական յաղթերգներու հնչիւններուն ներքեւ աւարտին հասաւ հաւաքը։