«ՄԵՆՔ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԸ ԵՂԱՆՔ». ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101-ԱՄԵԱԿԻՆ

«ՄԵՆՔ ՅԱՒԵՐԺՈՒԹԵԱՆ ԾԱՌԸ ԵՂԱՆՔ». ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ՝ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 101-ԱՄԵԱԿԻՆ

Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցն է: 101-րդ անգամն է, որ մենք կը ժամադրուինք մեր նահատակներուն հետ: 101-րդ անգամն է, որ մենք կը յիշեցնենք աշխարհին եւ արիւնարբու թուրքին, որ մենք չենք մոռցած մեր նահատակները, չենք մոռցած անոնց թողած կտակը՝ պահանջատէր ըլլալու եւ շարունակելու մեր պայքարը:

101 տարին բաւարար էր մեզի, որպէսզի մեր կոտրած ծառը դարձեալ ծլի, ծաղկի, ճիւղաւորուի եւ դառնայ հաստաբուն կաղնի: Այս գաղափարով եւ «Մենք յաւերժութեան ծառը եղանք» նշանաբանով, Չորեքշաբթի, 20 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի շրջաբակէն ներս՝ Ծիծեռնակաբերդի մանրակերտ յուշարձանին շուրջ կատարուեցաւ Ապրիլեան նահատակներու ոգեկոչումը, հովանաւորութեամբ՝ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, նախագահութեամբ՝ Հայ Կաթողիկէ Պէյրութի Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս արհիապատիւ Հայր Գէորգ Ասատուրեանի, ներկայութեամբ՝ գերապատիւ, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրերու, նախկին պետական նախարար մերթ Ժագ Չուխատարեանի, վարժարանիս ծնողներու, աշակերտներու, բարեկամներու եւ հիւրերու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, 10-րդ կարգի աշակերտուհի Թամար Կանիմեան խնդրեց ներկաներէն վայրկեան մը յոտնկայս լռութեամբ յարգել յիշատակը Մեծ Եղեռնի եւ Արցախի զոհերուն: Ան բացման խօսքով ըսաւ, թէ Թուրքիոյ պետութիւնը, իր անառարկելի պատասխանատուութենէն եւ արդար հատուցում կատարելու պարտաւորութենէն խուսափելու համար, կը յամառի կառչած մնալ ուրացումի եւ հերքումի իր վարքագիծին: Ան նշեց, թէ երէկ թուրքը, այսօր ազերին կը ցցուի մեր դիմաց իր խժդժութիւններով, իր անմարդկային ոճիրներով, սակայն այսօր այլեւս արցունք չկայ մեր աչքերուն, այլ՝ միայն հպարտ նայուածք, այսօր այլեւս զոհ չենք կոչուիր, այլ՝ արդարութեան մարտիկ, ըսաւ Կանիմեան:

Գեղարուեստական յայտագիրը սկիզբ առաւ 5-րդ դասարանցի Աքասիա Ազատեանի մեծ ապրումով արտասանուած «Արցախի Հերոսներուն» բանաստեղծութեամբ, որուն յաջորդեց «Ի՞նչը մոռնանք մենք, ու մոռնանք ինչպէ՜ս» գոչող Վահէ-Վահեանի «Պիտի Չմոռնա՛նք» խմբային ասմունքը: BT1 դասարանի աշակերտ Սերժիօ Ահարոնեան հայոց աշխարհի մայրերը պատուեց «Ո՜վ Հայոց Մայրեր» երգի կատարումով: Սելին Գոգեան ներկայացուց «Զարմանալի Հայ» քերթուածը, որմէ ետք Արեւ Պոյաճեան ջութակով նուագեց «Albinoni Adadjio» կտորը:

Քառասնամեայ վաստակով, մտաւորական, մանկավարժ եւ ուսուցիչ Պրն. Կարօ Յովհաննէսեան ներկաներուն փոխանցեց օրուան պատգամը: Ան ըսաւ, թէ այսօր երբ միջազգային կազմակերպութիւններ կը դատապարտեն կենդանիի մը սպանութիւնը, հապա ի՞նչ պիտի ըսէին ամբողջ ժողովուրդի մը սպանդին մասին, արդեօք հայ ժողովուրդը կենդանիի չափ չկա՞ր որպէսզի պաշտպանուէր: Յովհաննէսեան շեշտեց, որ Հայ Դատի բարւօք լուծումը երբեք պիտի չսպասենք դուրսէն, այդ՝ հայո՛ւն դատն է, եւ որքան որ կարեւոր են արտաքին ազդակները, պատգամախօսը նոյնքան եւ աւելի կարեւոր նկատեց ներքին ճակատը, որովհետեւ հայուն պէտք է ճանչցնել հայը եւ լաւ ճանչնալ թուրքը: Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ մենք այլեւս իրաւունք չունինք տկար ըլլալու, պէտք է զօրանանք եւ պիտի զօրանանք ու յաղթենք:

Վարժարանիս երգչախումբը քարերը լացնող աղերսով եւ լեռներ շարժող հաւատքով ու վճռակամութեամբ երգեց «Ատանայի Ողբը», «Ղարաբաղ»ը, «Գետաշէն»ը, «Աղբերս ու Ես»ը եւ «Ելէ՛ք Հայերը», մասնակցութեամբ երգի ուսուցչուհի Տիկ. Սոնիկ Բամպուքեանի, մինչ ընթացքին Ռաֆայէլ Մխսեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Պարը»:

9-րդ դասարանէն Ալիք Պապօղլիի կատարողութեամբ «Բերէ՛ք ինձ զայն» բանաստեղծութեան յաջորդեց 5-րդ կարգի աշակերտներուն «Յաղթերգութիւն»ը:

harboyan2

Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնուհի՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան մեծ ողբերգութեան համար մեր ժողովուրդը շատ սգաց եւ լացաւ, սակայն, այսօր, երբ արդէն սրբած ենք մեր արցունքները, համայն աշխարհին դիմաց յայտնուած ենք որպէս անդրդուելի, պահանջատէր ազգ, վճռած ենք տէր կանգնիլ մեր անժամանցելի դատին, մեր ամբողջական հայրենիքին, Արցախին, Ջաւախքին ու Արեւմտահայաստանին, մեր արժանապատուութեա՛ն: Տիկ. Պոյաճեան իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով ըսաւ. «Պահանջատէր մնալու համար մենք պէտք ունինք պահանջատէր սերունդներու, ձե՛զ նման սերունդներու, որոնք քաջածանօթ ըլլալով հայկական պատմութեան ու մշակոյթին, տիրապետելով հայերէն լեզուին, անզիջող ըլլալով մեր ազգային արդար իրաւունքներուն նկատմամբ, եւ կառչած մնալով այն ամէն ինչին որ հայկական է, կը յաւերժացնեն մեր իւրայատուկ ինքնութիւնը»:

Իր խօսքին աւարտին, Տիկ. Պոյաճեան բեմ հրաւիրեց ՀՀ նորանշանակ դեսպան՝ Տիար Սամուէլ Մկրտչեանը եւ զայն պատուեց բարի գալուստ յուշանուէրով մը: Վսեմաշուք դեսպանը ողջունեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս յուզիչ եւ ոգեւորիչ միջոցառման մաս կազմելուն համար: Ան ցանկութիւն յայտնեց որ ճշմարտութիւնը յաղթանակէ, փոխ-հատուցում ստանանք եւ հասնինք համընդհանուր ճանաչման:

Օրհնութեան եւ փակման խօսքով, արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան ըսաւ, թէ մեր նահատակները կու տան յոյսի եւ յաղթանակի պատգամը, եւ կը յորդորեն չվախնալ եւ պայքարը շարունակել, որպէսզի բարձր պահենք մեր հայրենիքը, հպարտ ըլլանք Ղարաբաղով եւ պայքարինք անոր համար:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ