ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ ՌԱՏԻՈՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ

ՅԻՍՆԱՄԵԱԿ ՌԱՏԻՈՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱԺՆԻ

29 Մայիս 2016-ին, Ռատիովատիկանի Հայկական Բաժինը բոլորեց իր գործունէութեան 50-րդ յոբելեանը։

Արդարեւ, 29 Մայիս 1966-ին Վատիկանի Ձայնասփիւռի կայաններէն կը հեռարձակուէր Հայերէն լեզուով առաջին հաղորդումը` ՚՚Անուն Յիսուսի Փառաւորեալ Եղիցի՚՚ նշանաբանով։ Նշանաբան մը որ կը շարունակէ նաեւ այսօր հնչել Վատիկանի Պաշտօնական Ձայնասփիւռի կայաններէն, որոնց կարգախօսն է ՚՚Քահանայապետի եւ Եկեղեցւոյ ձայնը՝ աշխարհի հետ երկխօսութեան մէջ՚՚։

Վատիկանի Ձայնասփիւռի բացումը կատարուած է 12 Փետրուար 1931ին, երջանկայիշատակ Պիոս ԺԱ. Քահանայապետին օրով, ձայնասփիւռի գիւտարար Կուլիէլմօ Մարքոնիի օժանդակութեամբ։ Առաջին շրջանին Ռատիովատիկանի սփռումները կը կատարուէին միայն Իտալերէն եւ Լատիներէն լեզուներով, որոնց ապա աւելցան այլ լեզուներ, եւ շնորհիւ երջանկայիշատակ Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանի միջնորդութեան` 1966-ին Ռատիովատիկանի ընտանիքին մաս կազմեց նաեւ Հայերէնը եւ հայկական բաժնի տնօրէնի պաշտօնը ստանձնեց երջանկայիշատակ Գերապայծառ Ներսէս Սեթեան որ այդ շրջանին Հռոմի Լեւոնեան վարժարանի տեսուչն էր։

Հայկական բաժինի հաղորդումները սկզբնական շրջանին ունէին միայն քառորդ ժամ տեւող շաբաթական 2 սփռումներ։ 1968-ին` անոնք դարձան շաբաթական 3 հաղորդում եւ շուրջ 8 տարի ետք, 1974-ին՝ անցան 6 հաղորդումներու, հուսկ, 1975- ին՝ հայկական բաժնին կարելիութիւն տրուեցաւ ամէնօրեայ հաղորդումներ ունենալ 19 վայրկեան տեւողութեամբ։

Առօրեայ հաղորդումներէն զատ ամէն ամսուայ Երրորդ Կիրակին, հայկական բաժնին առիթ տրուած է ուղիղ եթերի միջոցաւ` հայածէս ձայնաւոր Սուրբ Պատարագ մատուցել եւ սփռել Վատիկանի պարտէզներուն մէջ գտնուող Լեւոն ԺԳ. Պապի անուան պալատի մատուռէն։ Սուրբ Զոհի արարողութիւնը, տարիներու ընթացքին ապահոված է եւ կը շարունակէ ապահովել Լեւոնեան Հայ կաթողիկէ Վարժարանի տնօրէնութիւնը։

Ապրիլ մեր հայութիւնը՝ իր անցեալով եւ ներկայով եւ ճանչնալ ու խորացնել մեր քրիստոնէական հաւատքը։ Քրիստոսի աշխարհատարած Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն ներկայացնել դրական ճշմարտութիւններ, հաղորդել Սբ. Պետրոս Առաքելապետի յաջորդին՝ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետին գործունէութեան լուրերն ու վարդապետութիւնը, երկխօսութեան կամուրջ հանդիսանալ ընդմէջ կրօններու եւ մշակոյթներու, ապա ճանչցնել հայ ազգի կրօնական, մշակութային հոգեւոր ու պատմական ժառանգութիւնը։ Այս եղած է եւ կը շարունակէ ըլլալ Ռատիովատիկանի Հայկական բաժնի առաքելութիւնը ։

ՌԱՏԻՕ ՎԱՏԻԿԱՆ