Հաստատուած են յունիսի 24-26-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստանի Հանրապետութիւն կատարելիք այցելութեան կարգախօսը եւ տարբերանշանը՝ համապատասխան նկարագրութեամբ: Կարգախօսն է՝ «Այց քրիստոնեայ առաջին երկիր»:
Տարբերանշանը շրջանակաձեւ է: Տարբերանշանի ֆոնին վրայ Խոր Վիրապի վանքի եւ պիպլիական Արարատ լեռան պատկերն է: Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչը շուրջ 14 տարի բանտարկուած եղած է Ար-տաշատի վիրապին մէջ, որուն վրայ եւ յետագային կառուցուած է վանքը: Այնուհետեւ, Սուրբ Գրիգորը դարձաւ հայ ազգի առաջին Հայրապետը եւ Տրդատ Գ․ Մեծ թագաւորին հետ համատեղ ջանքերով քրիստոնէութիւնը Հայաստանի մէջ հռչակուեցաւ պետական կրօն:
Տարբերանշանի գոյներն են մանուշակագոյնը եւ դեղինը, որոնք կ՛արտացոլացնեն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի դրօշներուն պաշտօնական գոյները: Տարբերանշանին մէջ նաեւ ներառուած են երկու եկեղեցիներուն զինանշանները:
Շրջանակի երկայնքով արձանագրուած գրութիւնը կ՛արտացոլացնէ բուն այցը՝ «Ֆրանչիսկոս Պապ. Հայաստան. 24-26 յունիս, 2016»: