ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ԵՆ 180 ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՀԵՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԱԾ ԵՆ 180 ՊԵՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Վատիկանը իր 44 հեկտար տարածութեամբ աշխարհի ամենէն փոքր պետութիւնն է։ Պապը անոր ղեկավարն է։

Սուրբ Աթոռը, որ միւս պետութիւններուն հետ հաւասար կարգավիճակ մը ունի, դիւանագիտական երկկողմանի կապեր հաստատած է 180 պետութիւններու հետ։ Ասոնց շարքին է նաեւ Հայաստանը, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է 23 մայիս 1992-ին, նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումէն ութը ամիսներ ետք։

Վերոյիշեալ 180 պետութիւններէն 82-ը դեսպանատուն ունին Հռոմի մէջ, ինչ որ ցոյց կու տայ դիւանագիտական երկկողմանի յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը։

Սուրբ Աթոռին մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մնայուն դեսպանի հաւատարմագրերու յանձնումը տեղի ունեցաւ 7 յունիս 2013 ին։

Բացի 180 երկիրներէն՝ Վատիկանի Պետութիւնը դիւանագիտական յարաբերութիւններ ունի նաեւ Եւրոմիութեան, ՄԱԿ-ի եւ միջազգային բնոյթ ունեցող ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ։

Վատիկան ՄԱԿ-ի մէջ ունի իր մնայուն դէտը։