Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐ ԶՄՄԱՌՈՒ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը կարեկից Մայրը եղաւ հայութեան» ըսաւ Հոգեւոր Տէրը

Կիրակի 29 Մայիս 2016-ը Զմմառու Հայոց վանքին Ցաւագին Տիրամօր «Ուխտի օր»ն էր : Ուստի, ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնական մթնոլորտի մէջ ու մեծ հանդիսութեամբ՝ արժանաւորապէս նշուեցաւ Ամենասուրբ Կոյսին նուիրուած ամսուան վերջին կիրակին Զմմառու վանքի շրջաբակին մէջ, Զմմառու վանքի Վարչական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ մասնակցութեամբ Հայ Կաթողիկէ բոլոր Ժողովրդապետութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ս. Մեսրոպ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սկաուտներուն, ՀԿՄ Պատանեկան Միութեան եւ շեփորախումբին:

Առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածամօր արձանին շուրջ կազմուած թափօրը ուղղուեցաւ դէպի վանքի մուտքի բացօթեայ խորանը: Թափօրին ընթացքին՝ միաբան հայրերը, դպրեվանքի սաները, Հայ կաթողիկէ միութիւններու անդամները եւ բոլոր ուխտաւորները խոր հաւատքով Վարդարան կ՚աղօթէին, իսկ ՀԿՄ.ի շեփորախումբը Ս. Կոյսին նուիրուած գովաբանական նուագներ կը հնչեցնէր:

Ժամը 10:30-ին, Հայրապետական Սուրբ Պատարագ մատուցեց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը։ Յընթացս Սուրբ Պատարագին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը փոխանցեց իր Հայրապետական պատգամը օրուան խորհուրդը պարզելով հաւատացեալ ժողովուրդին (Պատգամը՝ ստորեւ)։

«Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու սաները պատարագի սպասաւորութիւնը կատարեցին, իսկ սրբազան երգեցողութիւնը կատարեց Ս. Փրկիչ ժողովրդապետութեան «Արծիւեան» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Տիար Մանուէլ Քէշիշեանի:

b1

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին՝ Հոգեւոր Տէրն ու Վարչութիւնը թափօրով ուղղուեցան վանքին դահլիճը, ուր ուխտաւորները աջահամբոյրով իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ: Հուսկ տեղի ունեցաւ յաւուր պատշաճի հիւրասիրութիւն:

Օրուան հանդիսութեան յաջորդեց միաբանական ագապ, որ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ շուրջ համախմբեց Գերապայծառ Հայրերը, վանքի Վարչական խորհուրդը, միաբան եւ թեմական վարդապետներ, «Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Մալոյեան» դպրեվանքերու սաներն ու «Արծիւեան» երգչախումբի անդամները:

Յետմիջօրէի ժամը 3:00-ին, Վարդարանի աղօթքը մեծ ջերմեռանդութեամբ կատարուեցաւ, գլխաւորութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ մասնակցութեամբ բոլոր հոգեւորական դասուն, նորընծաներուն եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան:

Այսպէս՝ աւարտեցաւ Զմմառու Ցաւագին Տիրամօր ձօնուած «Ուխտի օր»ը, որուն ընթացքին բոլոր ուխտաւորները անոր մայրական միջնորդութեամբ օրհնուեցան Աստուծմէ եւ իւրաքանչիւր ուխտագնաց ուրախացուց ու գովաբանեց Ս. Տիրամայրը, անոր անարատ Սրտին յանձնելով իր կեանքը:

 

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՏԻՐՈՋ ՊԱՏԳԱՄԸ

b3Սիրելի ուխտաւոր եղբայրներ եւ քոյրեր,

Այսօր, տարիներու աւանդութեան համաձայն, ուխտի եկած ենք Զմմառու Տիրամօր վանքը: Երկինքը ամպամած է եւ անձրեւի քանի մը կաթիլ կը տեղայ մեր վրայ: Մեր մտածումները կ՚երթան անոնց՝ որոնց գլխուն ռումբեր կը տեղան: Աղօթենք անոնց համար, որպէսզի Աստուած դադրեցնէ անոնց արհաւիրքներն ու տառապանքը: Չմոռնանք մեր Ղարաբաղը, որուն երկինքը մութ ամպեր կրկին կը ծածկեն եւ որուն կը սպառնայ պատերազմի վտանգը եւ ուր շատ մը հերոս նահատակներ ինկան Արցախի հողը պաշտպանելու համար:

Մեծ Եղեռնէն 101 տարի վերջ՝ յայտնապէս հայութիւնը տակաւին կը շարունակէ իր գողգոթան, քանի որ Քրիստոսի գողգոթան պիտի շարունակուի մինչեւ աշխարհի վախճանը: Սակայն մի՛ երկնչիք, Քրիստոս յաղթեց այս աշխարհին: Արդարեւ, վերջին խօսքը չարի ուժերուն պիտի չըլլայ, այլ վերջնական խօսքը՝ Քրիստոսի՛նը պիտի ըլլայ:

Սիրելի ուխտաւոր հաւատացեալներ,

70 տարիէ ի վեր կը ճանչնամ Զմմառու այս վանքը եւ միշտ հարց տուած եմ թէ ինչո՞ւ կու լայ Տիրամայրը: Զմմառու այս պատմական վանքի Ցաւագին Տիրամօր պատկերը, 1742-ին, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան հիմնադիր՝ Աբրահամ Արծիւեան Առաջին Կաթողիկոս Պատրիարքը երբ Հռոմ կը գտնուէր, նուէր ստացած էր Ծիրանաւոր Կարաֆա Կարդինալէն եւ կարծէք զայն իրեն նուիրողը գուշակած էր հայոց գլխուն գալիք գողգոթան:

Ժամանակի ընթացքին՝ Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը կարեկից Մայրը եղաւ հայութեան, իսկ 1954-էն ի վեր՝ Մայիս ամսուան վերջին կիրակին, Լիբանանահայութեան համար կը նկատուի հայկական ուխտի օր, երբ Երջանկայիշատակ Կարդինալ Աղաճանեանը Հայ Ազգը նուիրեց Աստուածամօր Ս. Սրտին, որպէսզի Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը ամոքէ հայ ազգին ցաւերը եւ անոր պարգեւէ բժշկութիւն եւ հոգեկան անդորրութիւն:

Տիրամօր կարեկցանքը իր զաւակներուն հանդէպ չափ ու սահման չունի, որովհետեւ ան՝ մեր խնդրանքէն առաջ կը զգայ մեր կարիքները, իւրաքանչիւր մօր նման, որ գիտէ թէ ի՞նչ է իր զաւկին կարիքը:

Քրիստոսի քարոզութեան ընթացքին՝ Տիրամայրը Կալիլիոյ Կանայի հարսանիքի պահուն, անդրադարձաւ որ գինին պակսեցաւ եւ իր կարեկցանքը արտայայտեց ըսելով Յիսուսին. «Գինի չունին»: Յիսուս ալ պատասխանեց. «Ինչ կ՚ուզես ինձմէ, ո՜վ կին, տակաւին ժամս չէ՛ հասած»: Սակայն Քրիստոս կատարեց իր մօր խնդրանքը եւ ջուրը հրաշքով գինիի վերածեց:

Աւետումի պահուն եւս՝ Մարիամ երբ հրեշտակապետին իր «այո»ն ըսաւ, ան հպարտութեամբ չլեցուեցաւ: Ան չսպասեց որ ուրիշներ իր քով գան եւ որպէս Աստուծոյ Մայր՝ ծառայեն իրեն, այլ ինք անմիջապէս ծառայութեան անցաւ իր ազգական Եղիսաբեթին, որ զաւակ կը սպասէր:

Երբ Յիսուս համբարձաւ երկինք, Աստուածամայրը մնաց աշակերտներուն հետ մինչեւ Հոգեգալուստ եւ եղաւ Թագուհի Առաքելոց եւ Երկինքի մէջ բարեխօս համայն մարդկութեան եւ օգնական քրիստոնեաներուն:

b2

Հաւատացեա՜լ ուխտաւո՜ր ժողովուրդ,

Զմմառու Ցաւագին Տիրամայրը իր արցունքոտ աչքերով միայն մատուռին մէջ չի գտնուիր, այլ կը գտնուի ամէն տեղ, հայերուս եւ ոչ հայերուս մօտ: Ան Աստուծոյ Մայրն է, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ համայն զաւակներուն մայրը:

Այսօր ուխտի եկած ենք Զմմառու վանք: Փա՛ռք տանք Աստուծոյ, որ մեզի մայր մը պարգեւած է, որ մեզ չի մոռնար եւ չի լքեր:

Նոյնիսկ երբ մենք բարի ճանապարհէն շեղինք եւ հեռանանք իրմէ, ան մեզ ա՛լ աւելի կը սիրէ, որպէսզի վերադառնանք Աստուծոյ: Յիշենք իր պատգամները Լուրտի եւ Ֆաթիմայի մէջ, որոնք հաւատքի, յոյսի եւ ապաշխարութեան կոչեր են: Գիտակցինք որ Աստուծոյ ձեռքերուն եւ սրտին մէջն ենք:

Այսօր՝ Մայիս ամսուայ վերջին կիրակին, խնդրենք Աստուծմէ որ խաղաղութիւն շնորհէ աշխարհին եւ դադրեցնէ պատերազմները:

Այսօր Ս. Հաղորդութեան խորհուրդին մէջ ընդունինք Քրիստոսը մեր սրտերուն մէջ, ինչպէս Տիրամայրը զինք ընդունեց:

Սիրելի հաւատացեալներ,

Սիրե՛նք զիրար, ներե՛նք իրարու եւ այս «Ողորմութեան Տարի»ին մէջ բացագանչենք «մեղա՛յ» Աստուծոյ, որպէսզի Աստուած իր ձեռքերը բանայ եւ սեղմէ մեզ իր կուրծքին:

Բարի՜ ուխտագնացութիւն ամէնուն: