Շաբաթ 28 մայիս 2016-ի առաւօտեան իր հոգին աւանդեց առ Հայր Ռատիո-վատիկանի հայկական բաժնի երբեմնի տնօրէն եւ Հռոմի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ աշխոյժ գործիչ ու Հռոմի հայ գաղութի խորհուրդի երբեմնի նախագահ Միշել Սարկաւագ Ժանժէյ։
Երկուշաբթի 30 Մայիս 2016-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոս Հայկական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ արժանապատիւ Տէր Միքայէլ Սարկաւագին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը նախագահութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի․ Գէորգ եպիսկ․Ասատուրեանի, մասնակցութեամբ Լեւոնեան Վարժարանի տեսչական ու աշակերտական կազմին, Հռոմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն, Մխիթարեան Միաբանութեան հայրերու, Անարատ Յղութեան Հայ քոյրերու Միաբանութեան անդամներու, Ռատիօ Վատիկանի տնօրէնութեան ներկայացուցիչներու եւ աշխատակիցներու, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտիի, Արդարութիւն եւ Խաղաղութիւն Քահանայապետական խորհուրդի քարտուղար` Գերապայծառ Թոմազի եւ այլ եկեղեցական անձնաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ ննջեցեալին բազմաթիւ բարեկամներու ու ծանօթներու։
Յընթացս յուղարկաւորութեան արարողութեան արտասանած դամբանականին մէջ, գերապայծառ Ասատուրեան եկեղեցին լեցնող սգակիրներու ներկայութիւնը նկատեց վկայութիւնը Միշել Սարկաւագին վայելած սիրոյն եւ յարգանքին։
՚՚Սիրելի Միշել, ես երբեք չէի ուզէր այսօր հոս գտնուիլ ու ականատես ըլլալ այս արարողութեան, կը նախընտրէի քեզ տեսնել իմ հետս խորանին վրայ. ես երբեք չէի սպասէր որ այսօր քու թաղումդ կատարեմ՚՚ ըսաւ գերապայծառ Ասատուրեան երկխօսութեան մէջ մտնելով հանգուցեալին հետ ու նշելով թէ ան ցորենի նման ցանուեցաւ աշխարհի վրայ ու դարձաւ պտղաբեր ամենուրեք տարածելով ժպիտ ու բարիք։ ՚՚Պարտականութիւնդ կատարեցիր լիուլի՝ Աստուծոյ խօսքը հասցնելով ամէն տեղ։ Շնորհակալ ենք քու բարի օրինակիդ, զոհողութիւններուդ համար։ Դուն ոչ չ՛ըսիր եւ ոչ մէկուն, ամէնուն հասար ու ամէնուն տուիր ժպիտ եւ ուրախութիւն՚՚ ըսաւ ապա գերապայծառ Ասատուրեան ու ննջեցեալի պարագաներուն ու բոլոր ներկաներուն փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ ցաւակցութիւնները, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւններն անոնց որոնք չկարողացան իրենց մասնակցութիւնը բերել այս վերջին հրաժեշտի արարողութեան ու հրաւիրեց ներկաները չտխրիլ որովհետեւ Միշելը անցաւ յաւիտենական կեանք ուր կայ երկնային մխիթարութիւն։
Ապա խօսք առաւ Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր գերյարգելի Նարեկ ծ. վ. Նաամոյեան որ նշեց թէ հանգուցեալին համար Եկեղեցին ու Վարժարանը եղած են անոր օճախը։ «Հայ կաթողիկէ եկեղեցին կորսնցուց մեծ ծառայ մը» ըսաւ ան։
Յանուն Վատիկանի Ձայնասփիւռի տնօրէնութեան խօսք առաւ հուսկ Քահանայապետի բանբեր հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի որ ակնարկեց հանգուցեալին Ռատիովատիկանի մէջ մատուցած 30 տարուայ ծառայութեան նշելով թէ Միշելը բոլորէն սիրուած անձ մըն էր ու ծառայ եկեղեցւոյ եւ իր ազգին։
Կը ցաւիմ ու կ՛ողբամ անոր մահը, ըսաւ հայր Լոմպարտի, ու խօսքը ուղղելով Միշելին տիկնոջ ու աղջիկներուն, անոնց վստահեցուց Ռատիովատիկանի ընտանիքի սէրն ու գուրգուրանքը անոնց նկատմամբ ընդգծելով թէ ան մեզի հետ չէ ֆիզիկապէս, սակայն մեզի կ՛ընկերանայ հոգեպէս մանաւանդ այս կարեւոր ժամանակամիջոցին որուն ընթացքին կը տօնախմբենք Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի 50 ամեակը եւ կը պատրաստուինք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան այցելութեան։
Հայր Լոմպարտիի ողջոյնի խօսքէն ետք կարդացուեցաւ նաեւ Զմմառու Վանքի մեծաւորին ցաւակցական նամակը եւ խօսք առին Միշել Ժանժէի դուստրերը։
«ՄԱՍԻՍ» խորապէս կը վշտակցի ողբացեալ Սարկաւագ Միշելի տիկնոջ, դուստրերուն, հարազատներուն, Ռատիովատիկանի անձնակազմին եւ գործընկերներուն։
*** *** ***
Միշել Ժանժէյ ծնած էր 13 Յուլիս 1945-ին Հալէպի մէջ, ուր անցուցած է նաեւ իր մանկութիւնը։ Երիտասարդ հասակին անոր ծնողքը ու ժողովրդապետը զինք կ՛ուղարկեն Լիբանան ուր կը յաճախէ Զմմառու նորընծայարանը։ 18 տարեկանին կը ղրկուի Հռոմի Լեւոնեան Վարժարան ուր ամբողջացնելէ ետք փիլիսոփայական եւ աստուածաբանական ուսումները կը վերադառնայ իր ծննդավայրը` Հալէպ, ուր կը նուիրուի եկեղեցւոյ ծառայութեան ու միեւնոյն ժամանակ կ՛ընտրէ ամուսնական կեանքը եւ կը պսակուի Սոնա Նիւրբեթլեանին հետ որուն հետ կը փոխադրուի Ֆրանսա` Լիոն քաղաքը։
Ութսունական թուականներուն, այդ ժամանակուայ Հռոմի Լեւոնեան Վարժարանի մեծաւոր` Հայր Գէորգ վրդ. Զապարեան Միշել Ժանժէէն կը խնդրէ Հռոմ փոխադրուիլ ու իրեն աջակցիլ, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի գործունէութիւնը յառաջ տանելու նպատակով։
1991-ին Միշել Ժանժէն կը յաջորդէ Հայր Գէորգ Զապարեանին` Ռատիո-վատիկանի Հայկական բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնին վրայ, զոր կը վարէ մինչեւ 2011 թուական։ Միեւնոյն ատեն կը նուիրուի Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ու Հռոմի Հայ Համայնքի ծառայութեան։