Հայկազեան Համալսարանի «Յորդանանի Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Հայկազեան Համալսարանի «Յորդանանի Հայերը» Գիտաժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները

Կիրակի, 22 Մայիս 2016-ի երեկոյեան, Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի կազմակերպած «Յորդանանի Հայերը» գիտաժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, ի ներկայութեան հիւրերու, լիբանանահայ մշակութային դէմքերու, Միջին Արեւելքի հայօճախներու պատմութեամբ հետաքրքրուող մտաւորականներու` Կեդրոնի տնօրէն Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յորդանանի հայօճախին առանձնայատկութիւններուն եւ կարեւորեց գիտաժողովին նշանակութիւնը:

Ընթերցուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնի Տնօրէն Դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը:

Բացման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանի փակման խօսքով:

Հանդիսութեան յաջորդեց յորդանանահայ տաղանդաւոր լուսանկարիչ Միրօ Գիզիրեանի լուսանկարչական ցուցահանդէսը:

Երկուշաբթի, 23 Մայիսի առաւօտեան ժամը 8.30ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Գումարուեցան վեց նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 21 զեկոյցներ՝ Գերմանիայէն, Մ. Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Հայաստանի Հանրապետութենէն, Յորդանանէն եւ Պէյրութէն ժամանած փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու.- 1) Պատմութիւն, Պետութիւն եւ Ժողովրդագրութիւն, 2) Ծայրամասեր, 3) Կազմակերպութիւններ եւ Հաստատութիւններ, 4) Նոր Ժամանակներ, եւ 5) Ինքնութեան Խնդիրներ:

«Հայկական Աւատները Յորդանանի Մէջ (ԺԲ.-ԺԴ. դարեր)» զեկոյցով, Փրոֆ. Քլոտ Մութաֆեան ընդգծեց որ Երուսաղէմի Ս. Թորոս Գրադարանին մէջ 1319ին Դրազարկ (Կիլիկիա) ընդօրինակուած ձեռագիր մը կայ, որ 1329ին նուիրուած է Քարաքի հայկական եկեղեցիին՝ Լեւոն Դ. Թագաւորին կողմէ:

«Յորդանանի Տարածքը Հայոց Ցեղասպանութեան Շրջանին. Բռնագաղթուածներ, Սով եւ Պատերազմ» վերնագրեալ զեկոյցով Դոկտ. Հիլմար Քայզէր նշեց Յորդանան Գետի արեւելեան տարածքին ռազմավարական նշանակութիւնը՝ Հիճազի երկաթուղագիծին պատճառով:

«Յորդանանի Սահմանադրութիւնը Եւ Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքները» զեկոյցին մէջ Փրոֆ. Ճոն Արմաճանի Յորդանանի 1952ի սահմանադրութեան հենքին վրայ անդրադարձաւ իսլամին դերին՝ Յորդանանի սահմանադրութեան մէջ:

Հիմնուելով 1969ին կառուց-ւած Ամմանի Ս. Թադէոս եկեղեցիին պսակի, մկրտութեան եւ թաղման տոմարներուն տուեալներուն վրայ, Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց ամմանահայ ժողովրդագրական պատկերի կարգ մը երեսակներ:

Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Յորդանանի Հարաւի Հայ Պետեւի Յետնորդները» զեկոյցը նկատի ունէր իսլամ ցեղախումբերու մէջ ամուսնացած հայուհիները, անոնց ունեցած ազդեցութիւնը՝ կազմուած ընտանիքներուն կենցաղին, մտայնութեան եւ ապրելակերպին վրայ:

Ի բացակայութեան ամմանահայ Ալին Պեննէեանի, իր «Ճարաշի Հայերը» վերնագրեալ զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանողուհի Լիլա Փամուքեանը:

«Ամմանի Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութեան Մասնաճիւղը» նիւթով զեկուցեց ամմանահայ Սիլվա Պաղսարեան:

Ծագումով րուսէյֆացի, ամմանահայ Յակոբ Սերփէքեան «Րուսէյֆայի Հայերը» զեկոյցով ներկայացուց 1920ի սկիզբները այնտեղ տեղաւորուած մեծ մասամբ մարաշցի շուրջ 25 հայ ընտանիքներուն կեանքն ու առօրեան, 1928ին հիմնուած առաջին հայկական դպրոցը եւ 1934ին կառուցուած եկեղեցին:

Ծնունդով Իրպիտէն, ամմանաբնակ ճարտարապետ Գէորգ Մսըրլեան զեկուցեց «Իրպիտի Հայերը» նիւթով:

Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնի աշխատակից Եղիկ Թաշճեան, «Թագաւորներու Լուսանկարիչը՝ Յակոբ Պէրպէրեան» վերնագրեալ զեկոյցով ներկայացուց Յակոբ Պէրպէրեանը:

Նման բնոյթի այլ զեկոյց մըն էր Դոկտ. Աննա Օհաննէսեան-Շարփէնի «Աքապայի (Լուսանկարիչ) Յակոբը» վերնագրեալ զեկոյցը:

ի բացակայութեան Սիլվա Սարգիսեան-Հայրապետեանի, իր զեկոյցը ընթերցեց Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Նարեկ Հաննէեանը: Զեկոյցը կը վերլուծէր Ամմանի հայօճախին կերտումին մէջ 1948ին՝ Պաղեստինէն եկած հայերու դերը:

Պէյրութահայ Րոզէթ Ալէմեան ներկայացուց 1955-ին հիմնուած Ամմանի Մարզական Միութիւնը:

Հայ Օգնութեան Միութեան Ամմանի ՚՚Արազ՚՚ Մասնաճիւղին մասին զեկուցեց ամմանահայ Արսինէ Ճամպազեանը:

Ամմանի հայ կաթողիկէ համայնքին համառօտակի անդրադարձաւ ամմանահայ Մատլէն Մեծակոբեան:

Ամմանահայ Ներսէս Ներսէսեան ծաւալեցաւ հայօճախին պատմութեան, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան եւ միաբանութեան դերին եւ առնչութեան, լուսարձակի տակ առաւ Յորդանանահայ կազմակերպութեանց եւ հաստատութեանց հիմնադիրներ եւ առաջնորդներ, որոնք սատարած են հայօճախին պահպանման եւ վերելքին:

Իր՝ «Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն Եւ Յորդանանահայութիւնը» զեկոյցին մէջ, Երեւանի Պետական Համալսարանի Սփիւռքագիտութեան Բաժնի դոկտորականի ուսանողուհի Հրածին Վարդանեանը ըրաւ համառօտ պատմականը Սփիւռքի հետ Խորհրդային Հայաստանի յարաբերութիւններուն՝ Եղեռնի յիսնամեակէն ետք:

Մատլէն Մեծակոբեան ինքնութեան եւ համարկումի տեսական ենթահողին վրայ ներկայացուց Յորդանանի հայոց ինքնութենական հարցերը:

Ի բացակայութեան յորդանանահայ Վիգէն Ասլանեանի, իր՝ «Յորդանանահայերու Մասնակցութիւնը Հանրային Կեանքին» նիւթով զեկոյցը ընթերցեց պատմութեան ուսանող Պետիկ Թորոսեան:

Իրպիտ ծնած, այժմ ամմանահայ Դոկտ. Լուսին Թամինեան, ներկայացուց իր անձ-նական փորձառութիւնը՝ իր ինքնութեան կազմակերտումին:

Գիտաժողովին վերջին զեկոյցը կը պատկանէր Երեւանի Պետական Համալսարանի Արեւելագիտութեան Բաժնի դասախօս Փրոֆ. Արաքս Փաշայեանին, որ լուսարձակի տակ առաւ հայօճախին արդի հիմնախնդիրները:

Նիստերը վարեցին Դոկտ.ներ Արտա Էքմէքճի, Զաւէն Մսըրլեան, Արմէն Իւրնէշլեան, Լեւոն Աւետանեան, Նանօր Գարակէօզեան եւ Անքը Էլ Պաթայնէ:

Գիտաժողովը պարզեց յատկանշական մի քանի երեւոյթներ Յորդանանի հայօճախին վերաբերեալ:

Գիտաժողովի տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան մեծաթիւ ունկնդիրներ, ինչ որ կ՚արտացոլացնէ նման գիտաժողովներու հանդէպ յառաջացած հետաքրքրութիւնը:

Բարերար Տիար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոնը շնորհակալ է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Հայկական Համայնքներու Բաժնին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը:

 

Հայկազեան Համալսարանի
Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն
(Յապաւուած)