Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի զրոյցը Սրբազան Քահանայապետի մասին

Արհիապատիւ Վարդան Եպիսկոպոս Պօղոսեանի զրոյցը Սրբազան Քահանայապետի մասին

Լատին Ամերիկայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Տ. Վարդան եպս. Պօղոսեան, անցեալ 24-26 Յունիս Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարած այցելութեան ծիրէն ներս հաստատած է թէ ՚՚Սրբազան Պապը մեզի կը հետեւի, կ՛աղօթէ ու կը սիրէ մեզ՚՚։ Արհիապատիւ առաջնորդը այս մէկը արտայայտած է Հայաստանի, Վրաստանի Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի Հայ Կաթողիկէ առաջնորդութեան կայքի խմբագրութեան գործակից Լիլիթ Մկրտչեանի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Յայտնենք թէ արհիապատիւ Վարդան եպիսկոպոս Պօղոսեանը մօտէն կը ճանչնայ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը տրուած ըլլալով որ Անոր հետ միասին աշխատած է երբ Պերկոլիօ Քահանայապետը կը վարէր Պուէնոս Այրէսի առաջնորդի պաշտօնը։

Գերապայծառ Պօղոսեանը իր զրոյցի ընթացքին յայտնած է թէ ինք 34 տարիէ ի վեր կը ծառայէ Մեքսիքոյի, Վենեզուելլայի, Պրազիլի, Արժանթինի, Ուրուկուայի եւ Չիլիի հայ կաթողիկէ համայնքներուն հաստատելով թէ հայ կաթողիկէ ամենամեծ համայնքը կը գտնուի Արժանթինի մէջ եւ թէ անոնց թիւը կը հասնի քսան հազարի մինչ համայն Լատին Ամերիկայի մէջ հայ կաթողիկէներու թիւը կը հասնի 30 հազարի։

Գերապայծառ Պօղոսեան ապա ակնարկած է թեմին կեդրոններու ու գործունէութիւններու մասին ու ընդգծած է իր բարեկամութիւնը Պուէնոս Այրէսի երբեմնի առաջնորդ` Կարդինալ Խորխէ Մարիօ Պերկոլիոյի հետ, որ գերապայծառ Պօղոսեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, բազմիցս անգամներ մասնակցած է, Պուէնոս Այրէսի մէջ կազմակերպուած Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումներուն, որոնց շարքին նաեւ Պուէնոս Այրէսի Մայր Տաճարին մէջ Խաչքարի զետեղումին ուր եւ Կարդինալ Պերկոլիօ ցանկութիւն յայտնած է թաղուիլ։

Գերապայծառ Պօղոսեան հաստատած է ապա թէ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ այդ բարեկամութիւնը կը շարունակուի եւ թէ Քահանայապետը շատ կը սիրէ հայ ժողովուրդը, ու անոր մօտիկ է։

Տեսանք, ըսաւ գերապայծառ Պօղոսեան, թէ ինչպէս Քահանայապետը մեծարեց Հայ Ժողովուրդին նահատակները անցեալ 2015-ի ապրիլ 12-ին Սուրբ Պետրոսի Մայր Տաճարին մէջ մատուցած սուրբ Պատարագով, Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առիթով եւ այս առընչութեամբ յայտնեց թէ այդ պատմական թուականէն մի քանի օրեր առաջ երբ գերապայծառ Պօղոսեանը հանդիպած էր Ֆրանչիսկոս Պապին ու շնորհակալութիւն ուզած էր յայտնել անոր, ընդառաջած ըլլալուն համար Սուրբ Պատարագի զոհի մատուցումի հրաւէրին, Քահանայապետը գերապայծառ Պօղոսեանին ըսած էր. ՚՚Սրբազան Պօղոսեան, դեռ կարեւոր մէկ բան ունիմ ըսելիք…՚՚։ Ոչ ես եւ ոչ ալ ուրիշ մէկը կրնար պատկերացնել որ Պապը պիտի խօսէր Ի. դարու Հայերու դէմ իրագործուած առաջին ցեղասպանութեան մասին օգտագործելով նաեւ ցեղասպանութիւն եզրը, ըսաւ գերապայծառ Պօղոսեան, որ հուսկ յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը լաւապէս կը ճանչնայ հայերը եւ անոնց պատմութիւնը ինչպէս նաեւ կ՛արժեւորէ հայ ազգին առաջին քրիստոնեայ ազգ հանդիսանալու իրականութիւնը։ Ան ապա նշեց թէ Սրբազան Քահանայապետը Հայաստան եկաւ իր սէրը արտայայտելու հայ ժողովուրդին։ Ան, ըսաւ միշտ գերապայծառ Պօղոսեան, մեզի համար կ՛աղօթէ, մեզի կը հետեւի ու մեզի կը ծառայէ մեր եկեղեցականներուն միջոցաւ, տրուած ըլլալով որ Կաթողիկէ Եկեղեցին մէկ մարմին է։

Զրոյցի աւարտին գերապայծառ Պօղոսեան արտայայտուելով Պերկոլիօ Քահանայապետի Արժանթինի մէջ ապրելակերպի ու կենցաղի մասին յայտնած է թէ ՚՚Ան շատ պարզ ու համեստ մարդ էր, միշտ աղքատ թաղամասերը կ՛այցելէր։ Ան ամէնուն հետ բարիօրէն կը վարուէր եւ ոչ մէկը անպատասխան չէր թողուր։ Ասոր համար ալ Ան միշտ յարգուած էր բոլորէն։ Պերկոլիոն եղած է միշտ պարզ ու թափանցիկ եւ ահա որպէս Քահանայապետ ան աւելիով նուիրուած է Աստուծոյ Ժողովուրդին ծառայութեան։ Քահանայապետը միշտ աղօթող է մեզի համար ու մենք պարտականութիւնն ունինք իրեն համար աղօթելու, հուսկ ողորմութեան սուրբ տարուան առթիւ,որպէս եկեղեցւոյ անդամներ,պէտք է ցոյց տանք ժողովուրդին որ Աստուած Ամենաբարին է ու պէտք է լաւապէս ապրինք մեր հաւատքը, այնպէս ինչպէս զայն կ՛ապրի Ֆրանչիսկոս Պապը։