Մինասեան Արք. «Պապը խօսեցաւ բոլոր հայերու սրտերուն»

Մինասեան Արք. «Պապը խօսեցաւ բոլոր հայերու սրտերուն»

Մինասեան սրբազան, արդէն շաբաթ մը անցաւ Սրբազան Քահանայապետին այցելութեան Հայաստան: Երեք օրեր որոնց ընթացքին Ֆրանչիսկոս Պապը թողուց բազմաթիւ պատգամներ։ Ան խնդրեց պահել յիշողութիւնը, որ հիմքն է խաղաղութեան եւ ապագային, եւ յատկապէս պատուեց առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը:

Մինասեան արք.- Սրբազան Քահանայապետին պատգամը հասաւ հայ ժողովուրդի սրտերուն, նոյնիսկ Սփիւռքի մէջ: Կը խօսինք պատգամի մը մասին որ թափանցեց 13 միլիոն աշխարհասփիւռ հայերու սրտերը։ Ան եկաւ առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդին մօտ, որ դարերու ընթացքին կարողացաւ դիմադրել ժողովուրդի մը կեանքի բոլոր փորձութիւններուն: «Ցեղասպանութիւն» բառը արդէն արտասանուած էր 12 Ապրիլ 2015-ին։ Հետեւաբար, ասիկա չէր ո՛չ հորիզոնը եւ ոչ ալ նպատակը Պապին այցելութեան, այլ՝ հոգեւոր կապը հովիւի մը որ կ՛ուղղուի դէպի Յիսուսի հօտը:

Անցեալի յիշողութիւնը՝ մեղմացնելու համար բախումները, ձգտելու համար ներողամտութեան եւ հաշտութեան: Մինասեան սրբազան, հզօր թուեցաւ Պապին այս պատգամը:

Մինասեան արք.- Անշուշտ, իրաւունք ունիս, որովհետեւ այս պատգամին մէջ հրաւէր մը կայ գործելու խաղաղութեան համար, գործելու միութեան համար հիմնուելով Աւետարանին վկայութեան վրայ: Եւ ասիկա կը ճառագայթէ միմիայն հովիւի մը սրտէն որ գիտէ ո՛ւր կ՛երթայ եւ ի՛նչ նպատակով կ՛երթայ: Այս պատգամը հասաւ բոլոր այն հոգիներուն, որոնք հանդիպեցան իր հետ, լսեցին զինք եւ կամ նոյնիսկ հեռատեսիլի միջոցաւ հետեւեցան իրեն: Ես չէի սպասեր տեսնել այս ժողովուրդը այսքան տաքարիւն իր հաւատքին մէջ, եւ որ կարողացաւ զայն արտայայտել իր պարզութեամբ, իր աղքատութեան մէջ, զոհողութիւններով հանդերձ, եւ իր ներկայութեամբ: Սրբազան Քահանայապետին պատարագին ներկայութիւնը, 25 յունիսին, հիմնուած էր զոհողութեան վրայ. դուք չէք ճանչնար այս ժողովուրդը եւ չէք գիտեր թէ ինչպէ՛ս կ՛ապրի. կ՛ապրին գիւղերու մէջ, սակայն եկան, թողուցին իրենց ընտանիքները, իրենց կովերը, ոչխարները, առօրեայ գործերը, որպէսզի գան, տեսնեն, լսեն եւ դպչին Պապին: Ասիկա ժողովուրդի հաւատքին արտայայտութիւնն է:

Դուք յաճախ շնորհակալութիւն յայտնեցիք Պապին իր բոլոր միջամտութիւններուն համար:

Մինասեան արք.- Ճիշդ է: Շնորհակալութիւն յայտնեցի իմ բոլոր խօսքերուս մէջ, բայց իւրաքանչիւր շնորհակալութեան մէջ փափաք մը կար, միջոց մը արտայայտելու եւ խնդրելու որ շարունակէ այս կապը: Կատարուեցաւ առաջին քայլը, հիմա մնացածը մեզմէ կախեալ է: Պատգամը մեզի ուղղուած էր, մեզի՝ հոգեւորականներուս: Եւ հոս խտրութիւն չեմ դներ հայ՝ կաթողիկէ եւ առաքելական Եկեղեցիներուն միջեւ. բոլոր հոգեւորականները կանչուած են հոգիներու ծառայութեան համար: Սրբազան Քահանայապետին առած քայլը Հայաստանի մէջ կոչ մըն է խորապէս գործօն առաքելութեան: Առաջին քայլ մը որ յեղաշրջեց բարեկամութեան եւ եղբայրսիրութեան կապը կաթողիկէ եւ առաքելական կղերին միջեւ: Մենք ջնջեցինք ամբողջ անցեալը երբ համագործակցեցանք ծառայելու համար Սրբազան Քահանայապետին: Սրբազան Քահանայապետը բոլոր ժողովուրդներուն ծառայութեան համար է:

Սեպտեմբերին Պապը պիտի այցելէ Ազրպէյճան։ Ակնկալութիւններ կա՞ն:

Մինասեան արք.- Առաջին հերթին, Քահանայապետը ազատ է երթալու ուր որ կ՛ուզէ: Եւ երկրորդ՝ թշնամիին հետ խօսիլը նաեւ դրական քայլ մըն է միջազգային խաղաղութեան համար: Ես հաւատացած եմ միշտ լաւատեսութեան, որովհետեւ իւրաքանչիւր հանդիպումի մէջ դրական կէտ մը կայ:

Դժուար է լաւատես ըլլալ Թուրքիոյ ճակատին վրայ, յատկապէս Պապին դէմ կատարուած ծանր քննադատութիւններէն ետք:

Մինասեան արք.- Մարդիկ ազատ են քննադատելու եւ կամ ակնկալելու ինչ որ կ՛ուզեն: Որպէս Հոգեւոր Հայր աշխարհի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, Պապը պարտականութիւնը ունի ըսելու ճշմարտութիւնը եւ յառաջ երթալու: Առաքելութիւնը կը կայանայ ճշմարտութիւնը ըսելու մէջ: Մենք պէտք է պաշտպանենք ժողովուրդը որ պէտք ունի մեր աջակցութեան, իսկ միւսները ազատ են արտայայտուելու ինչպէս որ կ՛ուզեն: Մենք մտահոգուած չենք թէ ի՞նչ կը խօսին մեր մասին, մենք մտահոգուած ենք Յիսուս Փրկիչի ըսելիքով մեր մասին, արդեօք պիտի կարողանա՞նք մեր պարտականութիւնը կատարել: Մնացեալը երկրորդական է: