Հռոմի Պապին Երախտագիտութեան Նամակը` Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին

Հռոմի Պապին Երախտագիտութեան Նամակը` Ռաֆայէլ Արք. Մինասեանին

Իմ պատուելի եղբօր`

Արհ. Տէր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանին`

Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու առաջնորդին,

Հայաստան առաքելական ճանապարհորդութենէն վերադառնալէ ետք կը ցանկամ իմ խորին երախտագիտութիւնս յայտնել Ձեզի, քահանաներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն եւ այն մարդոց, որոնք նուիրուած են Եկեղեցւոյ: Մեծապէս շնորհակալ եմ Ձեզի` բարեկա-մական ջերմ ընդունելութեան համար, եւ այն նուիրուածութեան համար, որ ունէիք Հայաստան կատարած այցելութեանս ժամանակ:

Մտքիս մէջ պահած եմ անջնջելի յիշողութիւն` Սուրբ Պատարագի տօնակատարութեան մասին, որ տեղի ունեցաւ Կիւմրիի մէջ, ինչպէս նաեւ հաճելի հանդիպումները կաթողիկէ համայնքին հետ եւ ես կը ցանկամ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց` իրենց եղբայրութեան, խոնարհութեան համար, որ ցոյց տուին ինծի: Ինչպէս նաեւ արժէքաւոր այն տեղեկութիւններուն համար, զորս դուք ուզեցիք փոխանցել ինծի, եւ որոնք մեծապէս օգտակար եղան ինծի:

Ես կը հաւաստիացնեմ Ձեզի իմ աղօթքներս, որ իմ սիրելի Հայաստանի կաթողիկէները քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ շարունակեն ընթանալ Աւետարանի ուղիով` կառուցողական միասնութեան ոգով եւ բարեգործութիւն ընելով բոլորին: Ի սրտէ կ’օրհնեմ ձեզ` խնդրելով ձեզմէ, որ աղօթէք ինծի համար:

Վատիկան, 5 Յուլիսի, 2016թ.