Կարդինալ Սանտրի՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ճամբորդութեան մասին

Կարդինալ Սանտրի՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան ճամբորդութեան մասին

«Հասարակութիւն մը որուն պատմութիւնը խեղաթիւրուած ու յատկանշուած է մարտիրոսութեամբ եւ որ հազարումէկ խոչընդոտներով հանդերձ այսօր եւս կը վկայէ իր հաւատքը, յատկապէս եղբայրսիրութեան միջոցաւ։» Այսպէս արտայայտուեցաւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի 7 յուլիս 2016-ին «Օսսերվաթորէ Ռոմանօ» Վատիկանեան օրաթերթին հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան։

«Այդ երեք օրերու ընթացքին համայն հայ ժողովուրդը Քահանայապետին ցուցաբերեց յարգանք, ջերմութիւն, մտերմութիւն ու մօտիկութիւն։ Ֆրանչիսկոս Պապը արդէն անմիջական շփումներ ունեցած է Հայ առաքելական ու կաթողիկէ եկեղեցիներու հաւատացեալներուն հետ, երբ տակաւին Պուէնոս Այրէսի Արքեպիսկոպոսն էր» ըսաւ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը։ Ապա անլուսարձակի տակ առաւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ ու Հայ առաքելական եկեղեցիներուն միջեւ համամիութենական ու եղբայրական կապերը, ինչպէս նաեւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ, յատկապէս 1988-ի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, մասնաւորապէս նշելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ․ի նուէրը` Աշոցքի հիւանդանոցը։

Ծիրանաւորը ապա հաստատեց թէ Հայ Ժողովուրդը իր իւրայատուկ ինքնութիւնը կը գտնէ իր նոյնինքն էութեան մէջ` քրիստոնէական հաւատքի ու անոր վկայութեան մէջ, մարտիրոսութեան մէջ ու յատկապէս Յիսուս Քրիստոսի մէջ եւ Սրբազան Քահանայապետի այցը Հայաստան ուրիշ բան չէր եթէ ոչ այդ հաւատքի մէջ անոնց վերահաստատումը, ինչպէս նաեւ Սրբազան Հօր սիրոյ ու բարեկամութեան վկայութիւնը հանդէպ տառապող Հայ ժողովուրդին, զանոնք քաջալերելու յառաջ ընթանալ հաւատքի վկայութեան մէջ ապագային նայելով յոյսի աչքերով։

Կարդինալ Սանտրի ապա ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ․ կաթողիկոսին Խոր Վիրապի մէջ` Արարատի դիմաց, խաղաղութիւնը խորհրդանշող երկու աղաւնիներ ազատ արձակելուն, մաղթանք յայտնեց որ համայն հայ ժողովուրդը կարենայ ապրիլ խաղաղութեան մէջ։

Կարդինալ Սանտրի զրոյցի ընթացքին ակնարկեց նաեւ Սրբազան Քահանայապետին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին Վրաստան եւ Ատրպէյճան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններուն, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կացութեան, որոնք տակաւին կը շարունակուին հալածուիլ ու հարստահարուիլ ու կը ստիպուին թողուլ տեղ, տուն եւ ինչքեր աւելի ապահով վայրեր փոխադրուելու համար, յաճախ դիմելով գաղթականութեան ճամբուն, այնպէս որ Միջին Արեւելքը կամաց կամաց սկսած է պարպուիլ ու քրիստոնեաներու ներկայութիւնը այդ հողերէն հետզհետէ նուազիլ։