Դեսպան Մինասեան. Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստանի ուխտագնացութիւնը լի էր խորհրդանիշերով

Դեսպան Մինասեան. Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստանի ուխտագնացութիւնը լի էր խորհրդանիշերով

Ամիս մը անցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Հայաստան կատարած պատմական ուխտագնացութենէն որ, ինչպէս Ռատիովատիկանի հայկական բաժնին յայտնեց ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դեսպան` Միքայէլ Մինասեանը, եղաւ խորհրդանիշերով լի ուխտագնացութիւն մը, որուն առթիւ Հայ ազգի զաւակները կարողացան իրենց երախտագիտութեան զգացումները փոխանցել Հռոմի Պապին ու իրենց բարի գալուստի մաղթանքէն անդին անոր ըսել. Շնորհակալութիւն։

Եռօրեայ այդ ուխտագնացութիւնը եղաւ պատմական եւ այդ օրերուն` Սրբազան Քահանայապետը` որ արդէն ծանօթ էր Հայ ազգի կեանքին ու պատմութեան, աւելի մօտէն կարողացաւ վայելել հայութեան սբ. Պետրոսի յաջորդին վերապահած ջերմութիւնը։

Դեսպան Մինասեան զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Նորին Սրբութեան այցելութեան մի քանի կարեւոր կէտերուն ու պահերուն, յատկապէս շեշտը դնելով իրադարձութեան մը վրայ, որ այդ խիտ ու յուզումնալից օրերուն շուքի մէջ մնաց. այն է ՀՀ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի` յանուն Հայ Ազգի զաւակներուն Քահանայապետին փոխանցած նուէրը. Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին ներկայացնող փոքրիկ արձանը, գործը` աշխարհահռչակ քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի։ Այդ նուէրը յանձնելու պահուն Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը յոյս յայտնած է որ այդ արձանի աւելի մեծ չափով նմանօրինակը զետեղուի Վատիկանի այգիներուն մէջ եւ Ֆրանչիսկոս Պապը սիրայօժար ընդունած է այդ առաջարկը։ Ֆրանչիսկոս Պապը արդէն վերադարձած է Վատիկան, բայց եւ այնպէս Անոր Հայաստան աշխարհ կատարած ուխտագնացութիւն կը շարունակուի։