Պապը գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ Հայաստան այցելութեան համար

Պապը գոհութիւն կը մատուցանէ Աստուծոյ Հայաստան այցելութեան համար

կը հաղորդէ թէ Հինգշաբթի 30 Յունիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ողորմութեան տարւոյն Յոբելինական հրապարակային ունկնդրութեան ծիրէն ներս, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ շնորհած ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան վերջին մասը յատկացուցած է Հայաստան կատարած ճամբորդութեան։

«Անցեալ օրերուն ` Տէրը ինծի առիթ տուաւ այցելելու Հայաստան, առաջին երկիրը որ քրիստոնէութիւնը ընկալեց չորրորդ դարու սկիզբը», ըսած է Սրբազան Քահանայապետը ընդգծելով թէ Հայ Ժողովուրդը իր պատմութեան երկար տարիներուն, մարտիրոսութեամբ վկայեց իր քրիստոնէական հաւատքը։

«Գոհութիւն կը մատուցեմ Աստուծոյ այս ճամբորդութեան համար եւ սրտանց շնորհակալ եմ Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին, Գարեգին Բ․ Կաթողիկոսին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքին ու եպիսկոպոսներուն, ու համայն հայ ազգի ժողովուրդին, ինծի վերապահած իրենց հիւրընկալութեան համար որպէս խաղաղութեան ու եղբայրութեան ուխտաւոր։

«Երեք ամիսէն, Աստուծոյ կամքով, այլ ճամբորդութիւն մը պիտի կատարեմ Վրաստան Եւ Ատրպէյճան, այլ երկու կովկասեան երկիրներ։ Այս երկիրները այցելելու հրաւէրը ընդունեցայ երկու պատճառներու համար, մէկ կողմէն արժեւորելու այդ հողամասի քրիստոնէական արմատները, միշտ այլ կրօններու եւ մշակոյթներու հետ երկխօսութեան հոգիով, եւ միւս կողմէ քաջալերելու խաղաղութեան յոյսերը եւ ուղիները։

«Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ խաղաղութեան ուղեւորութիւնը կարիքը ունի վճռակամութեան ու շարունակական քայլերու, սկսելով այդ փոքրիկ քայլերէն ու զանոնք աճեցնելով մէկը միւսին ընդառաջ երթալով։ Ասոր համար մաղթանքս է որ իւրաքանչիւրն ու բոլորը իրենց սատարը բերեն խաղաղութեան ու հաշտութեան ի սպաս։

«Որպէս Քրիստոնեաներ կանչուած ենք ամրապնդելու մեր մէջ եղբայրական հաղորդութիւնը, վկայութիւն տալու համար Քրիստոսի Աւետարանին ու դառնալու աւելի արդար ու զօրակից ընկերութեան մը թթխմորը։ Ասոր համար է որ իմ բոլոր ճամբորդութիւնս բաժնեկցեցայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ծայրագոյն Պատրիարքին հետ, որ երեք օրուայ տեւողութեամբ զիս եղբայրաբար ընդունեց իր տան մէջ։

«Կը վերանորոգեմ իմ ողջագուրումս եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, կրօնաւորուհիներուն եւ կրօնաւորներուն ու բոլոր Հայաստանի հաւատացեալներուն։ Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը, մեր Մայրը, օգնէ զանոնք հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ, ու բաց ըլլան հանդիպումին ինչպէս նաեւ վեհանձն ըլլան ողորմութեան գործերու մէջ» ըսած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Յոբելինական ունկնդրութեան խորհրդածութեան աւարտին Հայ ազգի զաւակներուն ուղղած իր պատգամին մէջ։