ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈ՞ՐՁ ԹԷ… ՅԱՋՈՂ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՊԵՏԱԿԱՆ ՅԵՂԱՇՐՋՈՒՄԻ ՁԱԽՈՂ ՓՈ՞ՐՁ ԹԷ… ՅԱՋՈՂ ԲԵՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

15 յուլիս 2016, ուրբաթ գիշերուան ժամը 11-էն սկեալ միջազգային լրատուամիջոցները եւ ընկերային ցանցերը կայծակնային արագութեամբ արձագանգեցին պետական հարուածի շռնթալից փորձին որ տեղի կ’ունենար Թուրքիոյ մէջ, եւ որ նոյնքան շռնթալից ձախողութեամբ վերջ կը գտնէր քանի մը ժամ ետք, սաղմային վիճակի մէջ մահացած նորածինի մը նման։ Այդ պահէն սկսեալ մասսայական լրատուամիջոցներուն ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացած մնաց թրքական բանակի մէկ մասին եւ առաւելաբար օդուժի սպաներուն վերագրուած յեղաշրջման անակնկալ եւ վիժած փորձին եւ ասոր ծալքերուն վրայ։

Խայտաբղէտ վերլուծումներ, տարատեսակ մեկնաբանութիւններ եւ տարաբնոյթ ենթադրութիւններ անմիջապէս ողողեցին հրապարակը։ Դէպքերուն զարգացման տարօրինակ ընթացքը, յեղաշրջելու փորձի դերակատարներուն մօտ նշմարուած վճռականութեան պակասը, շարժումը յաջողութեամբ պսակելու վարանում մը, նման յեղաշրջման փորձ մը յատկանշող հերթական հանգրուաններու (պետական ղեկավարներու ձերբակալութիւն ու արգելափակում, իշխանամէտ կառոյցներու ու շրջանակներու չէզոքացում, պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու գրաւում, ընդդիմադիրներու զօրաշարժ) չգոյութիւնը յայտնապէս շփոթի մատնած էին ամէնէն իրազեկ աղբիւրները եւ իրախոյզ վերլուծաբանները անգամ։ Ոմանց համար եւ առաջին տպաւորութեամբ, փորձի դերակատարներուն խակութիւնը, անփորձութիւնը կամ պարզապէս amateurիզմը ըլլալ կը թուէր շարժումին ձախողութեան պատճառը (Թրքական պատերազմական երկու օդանաւերու կողմէ Էրտողանի Մարմարիսի ամառանոցին ռմբակոծումը անգամ ուշացած էր…)։ Այս տպաւորութիւնը, սակայն, շուտով շրջուեցաւ։

Երեւոյթները տակաւ համոզիչ դարձուցին փորձի բեմականացած ըլլալու տարբերակը։ Դեռ եւս ընթացքի մէջ եղող յեղաշրջման փորձին Էրտողանի հակազդեցութեան տարողութիւնը, ընդառաջելով Էրտողանի օդանաւի մէջէն կատարուած եւ ազատ ձգուած լսատեսողական կայաններէն սփռուած մէկ կոչին՝ ամբոխներու սանձազերծումը Ստամպուլի եւ Անգարայի հրապարակներուն վրայ, բանակի շարքերէն ներս շուրջ տասը հազար ձերբակալութիւնները, յեղաշրջման փորձի բազմահարիւր մասնակիցներու սպանութիւնը, շուրջ 3000 դատաւորներու պաշտօնանկութիւնը եւ աւելի քան 50.000 պաշտօնատարներու կախակայումը, անմիջապէս ստիպողական վիճակի հաստատումը երեք ամսուան համար եւ վերջապէս մահապատիժը վերահաստատելու սպառնալիքը, մաքրագործումի այս ալիքին տարողութիւնը եւ անմիջականութիւնը հետեւցնել տուին որ Էրտողան եւ Եըլտըրըմի կառավարութիւնը գիտէին եւ նախապատրաստուած էին յեղաշրջումի փորձին, որուն նպատակն էր զօրացնել Էրտողանի բացարձակատէր իշխանութիւնը՝ ընդդիմադիր շրջանակները մաքրագործելու պատրուակ մը տալով անոր։ Կասկածներ յայտնուեցան որ ձերբակալուելիք կասկածելիներուն ցանկերը անգամ պատրաստուած էին կանխօրօք։ Թունուզեան «Քաբիթալիս» կայքը պարզապէս «մաքիավելական բեմադրութիւն» կ՛որակէր կատարուածը՝ «մէկ հարուածով միանգամ ընդմիշտ ձերբազատուելու համար իր թշնամիներէն»։

Turkish police in the city of Mugla on Sunday detain members of the military suspected of involvement in Friday's attempted coup. Following the failed revolt, President Recep Tayyip Erdogan's government has moved swiftly, detaining some 7,000 suspects, many in the military and the government.

Էրտողան յայտարարեց որ իր այդ թշնամիներուն գլուխը եւ յեղաշրջումի փորձի ետին կը գտնուի իր երբեմնի զօրակից Ֆեթիւլլահ Կիւլէնը, որ 15 տարիներէ ի վեր Միացեալ Նահանգներ ապաստանած ըլլալով հանդերձ մեծ հեղինակութիւն կը վայելէ Թուրքիոյ մէջ եւ ընդհանրապէս թուրքերուն մօտ՝ իր հովանաւորութեան տակ գործող բարեսիրական, կրթական եւ բազմաթիւ այլ կազմակերպութիւններու միջոցով։ Էրտողան Միացեալ Նահանգներէն պահանջեց անոր յանձնումը Թուրքիոյ եւ փակել տուաւ անոր հովանաւորութիւնը վայելող 1000 դպրոցներ։

Բեմադրութիւն կամ ոչ՝ բռնահարուածի փորձին հետեւանքով Էրտողանի կառավարութեան կողմէ սանձազերծուած լայնածիր հալածանքը եւ յեղաշրջումի փորձին մասնակիցները պատժելու համար մինչեւ իսկ 2004-ին ջնջուած մահապատիժը վերահաստատելու Էրտողանի սպառնալիքը ոտքի հանեց ՕԹԱՆէն ներս Թուրքիոյ դաշնակից եւրոպական երկիրները, մարդու իրաւունքներու պաշտպան միջազգային կառոյցները եւ աստիճան մը եւս բարձրացուց Ուաշինկթըն-Անգարա յարաբերութիւններուն վատթարացումը։ Գերմանիոյ Վարչապետը՝ Անկելա Մերքել, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը՝ Ժան Մարք Էրօ եւ բազմաթիւ ուրիշներ, մինչեւ իսկ Ճոն Քերրի յայտարարեցին որ յեղաշրջումի փորձը չի նշանակեր «մաքրագործումներ կատարելու բաց չէք մը տալ Էրտողանին»։

Իսկ Թուրքիոյ ներքին ճակատին վրայ, յեղաշրջումի փորձէն ետք ամէն իրիկուն Թաքսիմի հրապարակին վրայ հաւաքուելով Էրտողանին իր զօրակցութիւնը ցուցադրելու հրաւիրուած ժողովուրդը 24 Յուլիսին, Կիրակի իրիկուն զգացուց իր դժգոհութիւնը Էրտողանին կողմէ հրամանագրուած զսպիչ միջոցառումներէն եւ մասնաւորաբար ստիպողական վիճակի հաստատումէն։ Այդ օր, թրքական դրօշակներուն ընդմէջէն ան պարզած էր նաեւ Աթաթիւրքի դիմանկարները եւ պաստառներ որոնց վրայ արձանագրուած էին.- «Գերիշխանութեան տէրը ժողովուրդն է առանց պայմանի», «Ոչ բռնահարուած, ոչ բռնատիրութիւն, իշխանութիւնը ժողովուրդին», «Մուսթաֆա Քեմալին զինուորներն ենք»։ Միջազգային եւ ներքին ճակատներուն վրայ արձանագրուած ցուցանշական այս ելոյթները ցոյց կու տան որ վարագոյրը դեռ եւս իջած չէ Թուրքիոյ ներքին կացութեան զարգացումներուն վրայ։ Ի՞նչ ուղղութեամբ. ժամանակը ցոյց պիտի տայ:

 

22/07/2016

 ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ