ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ ՖՐԱՆՍԱՆ

ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՐՈՒԱԾԵՑ ՖՐԱՆՍԱՆ

Յուլիսի 14-ի կէս գիշերին, մինչ ֆրանսական Նիս քաղաքի La Promenade des Anglais կոչուած ծովեզերեայ մայրուղին խճողուած էր Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ տեղի ունենալիք հրավառութեան ներկայ գտնուելու եկած բազմութեամբ եւ մեծ մասամբ զբօսաշրջիկներով, ճերմակ (զրահապատ) բեռնակառք մը անակնկալօրէն խուժեց բազմութեան վրայ եւ շուրջ երկու քիլոմեթր յառաջանալով կոխկռտեց մարդիկը, մինչ շարժավարը աջ ու ձախ կրակ կը բանար մինչեւ ոստիկանութեան կողմէ սպաննուիլը։ 84 անմեղ մարդիկ սպաննուեցան եւ բազմատասնեակ ուրիշներ վիրաւորուեցան, անգամ մը եւս խոր սուգի մատնելով ամբողջ Ֆրանսան։ Զոհերու շարքին էին Հայաստանի Հանրապետութեան երկու քաղաքացիներ։Ամբողջ աշխարհը դատապարտեց ահաբեկչական յարձակումը։ Ֆրանսայի մէջ երեք օր սուգ յայտարարուեցաւ։ ՄԱԿի Ապահովութեան Խորհուրդը վայրկեան մը լռութեամբ յարգեց զոհերուն յիշատակը։ Նախագահ Օպամա, եւրոպական եւ բազմաթիւ այլ երկիրներու ղեկավարներ ցաւակցագիրներ յղեցին նախագահ Հոլանտին։ Ասոնց շարքին էր նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ ֆրանսացի պաշտօնակցին յղած հեռագրին մէջ կը գրէր.- «Խորին ցաւակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի, Ֆրանսայի կառավարութեան, զոհուածներու հարազատներուն՝ ձեր երկիրը պատուհասած ողբերգութեան համար եւ կը վստահեցնեմ որ վիշտի այս ծանր պահուն Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը կանգնած են բարեկամ Ֆրանսայի կողքին»։

Ի յայտ եկաւ որ ահաբեկիչը 31 տարեկան ծագումով թունուզցի մըն է Մուհամէտ Լահուայէջ Պուհլել անունով։ Նախ. Հոլանտ յայտարարեց որ երկրին մէջ արտակարգ դրութիւնը կ’երկարաձգուի երեք ամիսով եւ տասը հազար զինուոր տեղակայուած են շարք մը զգայուն վայրերու մէջ։

Իսկ երեքշաբթի 26 յուլիսին, երկու զինեալներ յարձակում մը կատարելով Հիւսիսային Ֆրանսայի Սէնթ Էթիէն տիւ Ռուվրէ փոքր քաղաքի եկեղեցիին դէմ, պատարագի ընթացքին, պատանդ բռնած են եկեղեցւոյ քահանան եւ չորս ուրիշներ։ Ապա, անոնք բարբարոսաբար մորթելով սպաննած են ծերունազարդ (84 տարեկան) քահանան՝ Ժագ Համելը։ Ոստիկանութիւնը արագ միջամտութեամբ մը սպաննած է երկու ահաբեկիչները։ «Իսլամական Պետութիւն»ը ստանձնած է յարձակումին պատասխանատուութիւնը։

Նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ դէպքէն անմիջապէս ետք այցելած է եկեղեցին։ Ան յայտարարած է թէ Ֆրանսան բոլոր միջոցներով պիտի պայքարի ՏԱՀԷՇ-ին դէմ։ «ԻՊ»-ը հինգերորդ անգամն է որ կը ստանձնէ ֆրանսական հողին վրայ գործուած ահաբեկչական յարձակումի մը պատասխանատուութիւնը։

«Այս անհեթեթ բռնարարքին ցաւն ու ահաւորութիւնը խորապէս ցնցած են Սրբազան Քահանայապետը» տեղեկացուցին վատիկանեան աղբիւրները։