ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԲԱՆԱՁԵՒԸ Կ’ՈՉՆՉԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ՊՈՒՆՏԵՍԹԱԿԻ ԲԱՆԱՁԵՒԸ Կ’ՈՉՆՉԱՑՆԷ ԹՈՒՐՔԱԿԱՆ ԺԽՏՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

Հայրենի մեր պաշտօնակից «ԱԶԳ»էն քաղելով եւ արեւմտահայերէնի վերածելով՝ ստորեւ կը հրատարակենք թարգմանութիւնը ֆրանսացի բժիշկ, Սորպոնի Համալսարանի բժշկութեան պատմութեան դասախօս, բազմաթիւ պատմագիտական գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ եւ Հայկական հարցի խորագիտակ մասնագէտ Իվ Թերնոնի յօդուածին՝ որ լոյս տեսած է Le Monde-ի մէջ, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւի Պունտեսթակին կողմէ քուէարկութենէն ետք։

2016 յունիսի 2-ին Պունտեսթակի պատգամաւորները բաց քուէարկութեամբ գրեթէ միաձայն (1 ձեռնպահ, 1 դէմ) ընդունեցին «Ի յիշատակ հայերու եւ քրիստոնեայ այլ փոքրամասնութիւններու 1915 – 1916-ի ցեղասպանութեան» բանաձեւը: «Կանաչներու» համանախագահ, ծագումով թուրք պատգամաւոր Ճեմ Էօզտէմիրի առաջարկած այդ բանաձեւը պէտք է քննարկման դրուեր փետրուարին: Քրիստոնեայ-Դեմոկրատական միութեան (ՔԴՄ) եւ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութեան (ՍԴԿ) ճնշմամբ քննարկումը տեղափոխուեցաւ յունիս. այդ երկու կուսակցութիւնները «Կանաչներուն» հաւաստիացուցին, որ այդ պարագային իրենք հաւանութիւն կու տան բանաձեւին: Ո՛չ Գերմանիոյ վարչապետը, ո՛չ արտաքին գործոց նախարարը, ո՛չ ալ փոխվարչապետը (ՍԴԿ նախագահ) մասնակցեցան քուէարկութեան: Այդուհանդերձ, մայիսի 31-ին ՔԴՄ ժողովին Անկելա Մերգելը հաւանութիւն տուած էր այդ բնագրին:

Ճեմ Էօզտէմիրի շարադրած բանաձեւը կը վերաբերէր երեք կէտի. ա) 1915-1916-ի հայերու եւ միւս քրիստոնեայ փոքրամասնություններու գրեթէ լիակատար բնաջնջմանը յանգած երիտթուրքերու կառավարութեան գործողութիւնները ցեղասպանութիւն են, բ) Օսմանեան կայսրութեան այն ժամանակուայ դաշնակից Գերմանիոյ կառավարութիւնն իր «անփառունակ» դերով «պատասխանատուութիւն կը կրէ այդ իրադարձություններուն համար», գ) Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման յոյս:

yves-ternonԱռաջին երկու կէտերը կը համապատասխանեն անհերքելի վաւերագրերով հաստատուած փաստերուն: Իրօք, երիտթուրքերու «Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն» կուսակցութեան կենտկոմի հրամանով Օսմանեան կայսրութեան կառավարութիւնը 1915-ի ապրիլի 24-էն սկսեալ կը գործադրէ կայսրութենէն ներս հայերու բնաջնջման համաձայնեցուած ծրագիր: Բնակչութիւնը, ականատես դաշնակիցները եւ օտարերկրացիները կը գիտակցին, որ կը գործէ ոչնչացման տրամաբանութիւնը (Կոստանդնուպոլսոյ Գերմանիոյ դեսպան Վանգենհայմը արդէն 1915-ի յունիսէն կ’օգտագործէ Vernichtung բառը): Ցեղասպանութեան կանխման ու պատժման վերաբերեալ 1948-ի դեկտեմբերի 9-ին ՄԱԿ-ի ընդունած Պայմանադրութեան 2-րդ յօդուածին մէջ նշուող բոլոր գործողութիւնները, որոնք թոյլ կու տան հաստատել ցեղասպանութեան ոճիրը, 1915-1916-ի Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած են հայերուն հանդէպ՝ այդ խումբի ոչնչացման նպատակով: Այդ ոչնչացումը Անատոլիայի արեւելեան նահանգներուն մէջ, տեղական կամ կառավարական նախաձեռնութեամբ, տարածուած է քրիստոնէական այլ համայնքներու՝ քաղդէացիներու, նեստորականներու, ուղղափառ ասորիներու վրայ եւս:

Երկրորդ կէտը կը վերաբերի կայզերական Գերմանիոյ դերին: 1878-ի Պերլինի վեհաժողովէն ի վեր Գերմանիան իրեն համար առեւտրական եւ ռազմական արտօնութիւններ ապահովեց Օսմանեան կայսրութենէն ներս. Պաղտատի երկաթուղագծի շինարարութիւն, օսմանեան բանակի ուսուցում ու հանդերձաւորում: 1913 թուականին, երբ երիտթուրքերը կը վերահսկեն կառավարութիւնը, գերմանացիներու ռազմական առաքելութիւնը կը վերակազմակերպուի. երկու բանակներու կապերը առաւել կը սերտանան: Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ գերմանական առաքելութիւնն ունէր 700 սպայ եւ 12000 զինուոր: Գերմանական դիւանագիտական փաստաթուղթերու քննութիւնը հիմք կու տայ օսմանեան կառավարութիւնը մեղադրելու հայերու բնաջնջման համար: Արդէն 1915-ի մայիսին Անատոլիայի մէջ պաշտօնավարող սպաները, դիւանագէտները, բժիշկները, ուսուցիչները, միսիոներները, երկաթուղիի ճարտարագէտները ծրագրուած ջարդերու ականատեսներն են: Անոնք դիւանագիտական միջոցներով այդ մասին կը տեղեկացնեն կանցլեր Բեթման-Հոլվեգին: Վերջինս կը կարծէ, որ Առաջին աշխարհամարտին Օսմանեան կայսրութեան ռազմավարական կարեւորութիւնը նկատի ունենալով, հարկաւոր է ձեռնպահ մնալ որեւէ յայտարարութենէ, որ կը վնասէր գերմանա-օսմանեան յարաբերութիւններուն. «Մեր միակ նպատակն է Թուրքիան մեր կողքին պահել մինչեւ պատերազմի աւարտը՝ անկախ անկէ որ հայերը կը մեռնին թէ ոչ»: Գրաքննութիւնը կը հսկէ, որպէսզի Անդանդի երկիրներու մամուլին մէջ Գերմանիան հայերու ոչնչացումը կազմակերպելու մէջ մեղադրող յօդուածները դատապարտուին որպէս պատերազմական քարոզչութիւն: Գրաքննիչները կ’արգիլեն 1916-ի գարնան Հովիւ Լեփսիուսի հրապարակած «Գաղտնի զեկոյցը», որ կ’ամփոփէր հայերը բնաջնջելու օսմանեան կառավարութեան որոշումը ապացուցող վկայութիւններ:

Ճեմ Էօզտէմիրի առաջարկութեան երրորդ կէտը հետեւեալն է. Թուրքիոյ կառավարութեան ձեռնտու կ’ըլլար դատապարտել երիտթուրքերու կառավարութիւնը եւ հպարտանալ մի քանի թուրք պաշտօնեաներով, որոնք ժամանակին պաշտպաներ էին հայերուն: Այդ ճանաչումը կը նպաստէր Հայաստանի ու Թուրքիոյ հաշտեցումին եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման:

Պունտեսթակի քուէարկութիւնը պատիւ կը բերէ Գերմանիոյ: Այդ երկրին մէջ մի քանի միլիոն բնակիչներ թուրքեր են կամ թուրքական ծագում ունին, մինչդեռ հայկական ծագում ունեցողները ընդամենը մի քանի հազար են: Բացի ասկէ, այդ քուէարկութիւնը կ’ոչնչացնէ թուրքական կառավարութեան ժխտողական փաստարկները: Այժմ ակնյայտ է, որ միայն քաղաքականութիւնն է որ կը կանխորոշէ Թուրքիայի պաշտօնական դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ: Թուրքական կառավարութիւնը մտադիր չէ ճանչնալ զայն: Քուէարկութենէն առաջ թրքական 517 միութիւններ գրաւոր կարգով պատգամաւորներէն խնդրեր էին չընդունիլ բանաձեւը: Նախագահ Էրտողանը զգուշացուցած էր Անկելա Մերգելը. այդ բանաձեւի ընդունումը կ’ունենայ քաղաքական հետեւանքներ: Քուէարկու-թենէն քիչ անց Թուրքիան ետ կանչեց իր դեսպանը: Աշխարհաքաղաքական կարեւոր դիրքը հիմք կու տայ կանխատեսելու, որ երկիրը հարցականի տակ կը դնէ դէպի Գերմանիա ձգտող գաղթականներու հոսքի կասեցման համաձայնագիրը: Գերմանիոյ խորհրդարանը քաջութիւն ունեցաւ դէմ կանգնելու նախագահի մը, որուն միահեծանութիւնը աւելի ու աւելի մտահոգիչ կը դառնայ ոչ միայն իր ժողովուրդին, այլեւ միջազգային ընկերակցութեան համար: Թուրքիոյ քաղաքացիական հասարակութեան մէկ մասը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Լրագրողները, գրողները եւ քաղաքական գործիչները այդ ճանաչման գինը յաճախ կը վճարեն իրենց ազատութեամբ եւ նոյնիսկ կեանքով: Ցեղասպանութեան վերյուշը բարի կամքի մարդկանց գիտակցութեան մէջ է, գիտակցութիւն, որ յունիսի 2-ին մարմնաւորեց գերմանացի պատգամաւոր Ճեմ Էօզտէմիրը:

 

ԻՎ ԹԵՐՆՈՆ

«Le Monde», 06.06.2016, Ֆրանս. թարգմ. Պ. Ք