Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքը կը նուիրաբերուի Մոսկուայի Հայ կաթողիկէ համայնքին

Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքը կը նուիրաբերուի Մոսկուայի Հայ կաթողիկէ համայնքին

2016 յունիսի 12-ին Մոսկուայի Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ հանդիսաւորապէս նշուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Նշխարներու գիւտի տօնը, որը նշանաւորուած է Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներու փոխանցմամբ Հայ կաթողիկէ համայնքին: Արդարեւ, Սբ. Գրիգորի իտալական Նափոլի քաղաքին մէջ պահուող մասունքներուն մասը փոխանցուած է Մոսկուայի Հայ կաթողիկէ համայնքին՝ ի դէմս Մոսկուայի եւ յարակից շրջաններու հայ կաթողիկէներու ժողովրդապետ գերապատիւ Հ. Պետրոս վրդ. Եսայեանի: Մասունքները ժողովրդապետին փոխանցած են Նափոլիի արքեպիսկոպոս Կրեշենցիօ Սեպեն եւ Նափոլիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի վանքի մայրապետ  Ճիզզելլա Նակկան:

Այս մասին Հայաստանի Հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան կայքէջի աշխատակից Լիլիթ Մկրտչեանին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին հայր Պետրոս տուած է հետեւեալ մանրամասնութիւնները․-

«Պէտք է ըսել, որ այս մասունքերու նշանակութիւնը շատ մեծ է: Մենք ունինք մեծ համայնք: Ես կը փափաքէի որ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքը  ունենանք մեզ մօտ` Մոսկուա: Այս պատճառով ալ յատուկ նամակով դիմեցի Նափոլիի Կարդինալին եւ ցանկութիւն յայտնեցի, որպէսզի Նափոլիի Ս. Գրիգոր եկեղեցիին մէջ մատուցանեմ Սուրբ Պատարագ եւ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունք մը ինծի հետ բերեմ Ռուսաստան: Պապական նուիրակը՝ Անժեյ եպիսկ․Եուզկովիչն ալ իր հերթին, ինծի օժանդակելու համար, իր անունով նամակ ուղարկեց Կարդինալին: Այսպէս, իմ խնդրանքը հաւանութեան արժանացաւ եւ Կարդինալի հրամանով մեզի յանձնուեցաւ սուրբ մասունքը: 

«Ամէն ինչ տեղի ունեցաւ փաստաթուղթերով, եւ մասունքը օրինական կերպով կը պատկանի Մոսկուայի կաթողիկէ համայնքին: Մասունքը մեծ շուքով` թափօրով ու երգչախումբի ուղեկցութեամբ տարուեցաւ եկեղեցի` ուր մատուցւեցաւ Սբ. Պատարագ:

 «Այս տարի Գրիգոր Լուսաւորիչի նշխարներու գիւտի տօնը  դարձաւ մեզ համար կրկնակի տօն: Կ՛ուզեմ ըսել, որ մենք պէտք է Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքներուն միջոցով աւելի զօրանանք ու միասնական դառնանք մեր հաւատքին մէջ»: