ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆ ՄԸ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԵՑՈՒԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

ՍՈՒՐԲ ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻԻ ԱՐՁԱՆ ՄԸ  ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԵՑՈՒԻ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին միջեւ՝ Պապին Երեւան ժամանումէն անմիջա-պէս ետք տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէնը՝ Ֆետերիքօ Լոմպարտի լրագրողներուն տեղակացուց թէ Սրբազան Քահանայապետը ողջունած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձան մը Վատիկանի մէջ կանգնեցնելու Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին առաջարկը։ «Սրբազան Պապին եւ նախագահ Սերժ Սարգսեանին միջեւ հանդիպումը որ տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ կայացաւ սիրալիր մթնոլորտի մը ներքեւ։ Նախագահը Պապին ներկայացուց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձան մը որ շատ գեղեցիկ էր» ըսաւ Լոմպարտի։

Վատիկանի բանբերին համաձայն, նախագահ Սարգսեան Պապին ըսած է թէ հայ բարերարներ կը ցանկան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի արձան մը կանգնեցնել Վատիկանի մէջ։ Պապը ողջունած է գաղափարը։ « Քաջ կը գիտակցինք թէ Գրիգոր Նարեկացին ինչ կը նշանակէ հայ ժողովուրդին համար։ Գրիգոր Նարեկացին կը խորհրդանշէ Արեւելքի եկեղեցիները եւ Արեւմուտքը» ըսաւ Ֆետերիքօ Լոմպարտի։