Կարդինալ Փարոլին. Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ երկխօսութեան որեւէ ձեռնարկ

Կարդինալ Փարոլին. Ֆրանչիսկոս Պապ կը քաջալերէ երկխօսութեան որեւէ ձեռնարկ

Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար` Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին Վատիկանի Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսած է Ֆրանչիսկոս Պապին կովկասեան շրջան կատարած ու կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւններու մասին յատկապէս անդրադառնալով համամիու-թեան, Միջին Արեւելքի մէջ հալածանքներու, խաղաղութեան կառուցման ծիրէն ներս մեծ կրօններու դերին, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղեան հարցին։ 

Կարդինալ Փարոլին հաստատած է թէ Ֆրանչիսկոս Պապին փափաքն է ըլլալ խաղաղութեան պատգամաւոր եւ թէ Նորին Սրբութիւնը կ՛այցելէ կովկասեան այդ երկիրները ամենայն հեզութեամբ, ջանալով նախ եւ առաջ ունկնդրել, հասկնալ ու ապա քաջալերել երկխօսութեան եւ ուրիշի նկատմամբ բացուածքի որեւէ մէկ ձեռնարկ։

Խօսելով ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին ու անդրադառնալով Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այս առընչութեամբ խաղաղ լուծման մաղթանքին, Կարդինալ Փարոլին ընդգծեց թէ  Նորին Սրբութեան այդ մաղթանքը կը մնայ միշտ վաւերական, մինչ այդ հարցին քաղաքական լուծումը կը գտնուի այդ ուղղութեամբ ստեղծուած ԵԱՀԿ-ի – ՄԻՆՍԿ-ի խմբակի ձեռքերուն մէջ, որոնք գործի լուծուած են երկարատեւ լուծումներ որոնելու համար, ու մեր մաղթանքն է որ այդ ջանքերը յաջողութեամբ պսակուին։

Անդրադառնալով հուսկ համամիութենական հարցին ու երկու եկեղեցիներու` Կաթողիկէ եւ Հայ Առաքելական յարաբերութիւններու մասին, Կարդինալ Փարոլին կը մատնանշէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Գարեգին Բ.ի միջեւ ստորագրուած միասնական յայտարարութիւնը, որուն մէջ ընդգծուած է թէ հակառակ քրիստոնեաներու միջեւ տիրող բաժանումներուն, ինչ որ կը միացնէ աւելի շատ է քան այն ինչ որ մեզ կը բաժնէ, ու վերահաստատուած է համագործակցութեան կարեւորութիւնը ինչպէս նաեւ աղօթքի ու  աստուածաբանական երկխօսութեան խորացումը։ Կարդինալ Փարոլին ապա հաստատեց թէ այս ծիրէն ներս վճռական են նաեւ անձնական հանդիպումներն ու շփումները սկսեալ եկեղեցիներու պետերէն, իր խնդակցութիւնը յայտնելով ի տես վերջին տասնամեակներուն Հռոմի Եկեղեցւոյ ու Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ հանդիպումներու յաճախականութեան։

Խօսելով ապա Սրբազան Պապին ՚՚ցեղասպանութիւն՚՚ եզրին օգտագործման մասին, Կարդինալ Փարոլին հաստատեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապ որոշ բառեր կ՛օգտագործէ իր մօ-տիկութիւնը յայտնելու համար անոնց որոնք կը տառապին ու զանոնք` աղօթքի միջոցաւ յանձնելու Տիրոջ։ Կարդինալ Փարոլին ապա աւելցուց թէ Ֆրանչիսկոս Պապին այդ ՚՚ժեստերու՚՚ ընդմէջէն, փափաքը կայ խրախուսելու անձերը, նոյնիսկ անոնք որոնք անցեալին կրած են անասելի անարդարութիւններ, քալելու դէպի անկեղծ բացուածք եւ ունենալու կամքը, աստիճանաբար դիմելու ներումի եւ հաշտութեան։ Արդարեւ, ըսաւ Կարդինալ Փարոլին, Նորին Սրբութիւնը քաղաքացիական հասարակութեան եւ դիւանագիտական մարմնին ուղղած իր ճառին մէջ, հրաւէր ուղղեց որ բոլորին կողմէն կրկնապատկուին ջանքերը, որպէսզի միջազգային վէճերու ընթացքին գերիշխէ միշտ երկխօ-սութիւնը ու խաղաղութեան անկեղծ փնտռտուքը ինչպէս նաեւ Պետութիւններու միջեւ համագործակցութիւնը ու միջազգային հասարակութեան յանձնառումը կառուցելու վստահութեան մթնոլորտ մը որ սատարէ ձգտելու մնայուն համաձայնութիւններու որոնք ապագային կը նային ։

Կարդինալ Փարոլին ապա անդրադարձ կատարեց Միջին Արեւելքի կացութեան ու այդ շրջանի խաղաղութեան կարօտին, վերահաստատելով թէ այդ խաղաղութիւնը կարելի է ձեռք բերել դիմելով բանակցութիւններու ու քաղաքական երկխօսութեան ու թէ այս իրականացնելու համար հարկաւոր է բոլորին համագործակցութիւնը։ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը այն ծիրէն ներս կարեւոր նկատեց Կրօնապետերու դերակատարութիւնը, որոնք ըսաւ Ան, պարտականութիւնն ունին իրենց հաւատացեալներուն փոխանցելու այն համոզումը թէ միակ կարելի ճամբան` իրարու յարգանքի ու հաշտութեան,֊ ինչպէս նաեւ համակեցութեան ճանապարհն է։ Միայն այսպէս կարելի է կերտել աւելի արդար ու զօրակից ընկերութիւններ ուր ամէնքը, ներառեալ քրիստոնեաները եւ այլ փոքրամասնութիւնները, թիրախ չդառնան բռնութիւններու ու հալածանքներու` այլ նկատուին իրենց երկիրներու լիարժէք քաղաքացիներ, որոնք իրենց կարգին սատարեն երկրի նիւթական ու հոգեւոր զարգացումին։

Այնտեղ ուր քրիստոնեաներ եւ այլ փոքրամասնութիւնները դժուարութիւն ունին վերադառնալու իրենց տուները, միջազգային հասարակութիւնը պարտականութիւնն ունի այդ վայրերուն մէջ վերահաստատելու բնականոն կեանքի պայմանները – ըսաւ Կարդինալ Փարոլին։