Շնորհահանդէս Հայկազեան համալսարանի մէջ

Շնորհահանդէս Հայկազեան համալսարանի մէջ

Չորեքշաբթի, 23 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԼԴ. նորատիպ հատորին շնորհահանդէսը, ներկայութեամբ Համալսարանի նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեանին, Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Ա. քարտուղար Պրն. Վարդան Ադամեանին, Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Հայր Անդրանիկ ծ. վ. Կռանեանին, Հայաստանի Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի փոխ-տնօրէն Դոկտ. Արթուր Դումանեանին եւ նոյն հիմնադրամի հոգաբարձական խորհուրդի անդամ Դոկտ. Մուշեղ Լալայեանին եւ լիբանանահայ մտաւորականներու:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու քարտուղար Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան կատարեց բացման խօսքը: Ան նշեց թէ վերջին քսանամեակին, նորագոյն արհեստագիտութեան յորձանուտը վերաձեւաւորեց համաշխարհայնացման ալիքներուն շարժունակութիւնը, որուն ի հետեւանք, յառաջացան համաշխարհային այնպիսի բացառիկ փոփոխութիւններ, որոնք դիմակայելու համար մարդկութեան ստեղծած նախկին յենակէտերը սկսած են խախտիլ: Հայկական կեանքն ալ, այս բազմակշռոյթ յարաշարժութեան մթնոլորտին մէջ պէտք է խարսխուի հայկական քաղաքացիական գաղափարախօսութեամբ ջրդեղուած հայկական կառոյցներու եւ որոշումներու վրայ, դիմանալու համար մեր շրջապատը դիմափոխող տագնապներուն: Դոկտ. Տագէսեան Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ամէնամեայ այս շնորհահանդէսները նկատեց հայկական խարիսխներէն մէկը: Ան շնորհաւորեց Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը եւ Հանդէսի ամէնէն երկարատեւ աշխատակիցը, Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը Հայաստանի Հանրապետութեան Մովսէս Խորենացի մետալով պարգեւատրուելնուն առթիւ, ինչպէս նաեւ` Սփիւռքի Նախարարութեան Մայրենիի Դեսպան կոչումին արժանացած Հանդէսի խմբագրակազմի անդամ Դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեանը: Իր խօսքի աւարտին, Դոկտ. Տագէսեան անդրադարձաւ նաեւ Համալսարանին մէջ 2012-ին եւ 2013-ին կազմակերպուած հայ տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած 5 ձեռնարկներուն նշելով, որ անոնք պարագայականէն շա՜տ անդին գացող հանդիսաւորութիւն մը տուին այդ յոբելեանին, ու կարեւոր էր, որ այդ բոլորը ամփոփուէին մէկ կողքի տակ: Հետեւաբար, Հայկազեան Համալսարանի հայագիտական ճիգը այսօր կը ներկայանայ երկու հրատարակութեամբ:

Օրուան հիւր բանախօսն էր Հայաստանի Հանրապետու թեան Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի փոխտնօրէն Դոկտ. Արթուր Դումանեան: Ան արագ ակնարկ մը նետեց Լիբանանի մէջ գործած հայագիտական կեդրոններուն վրան, կարեւորելով Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի հրատարակութեան համար ի գործ դրուող «հերոսական ջանքերը եւ անսահման նուիրուածութիւնը»: Կարեւորելով ՀՀ Հանդէսին դերը հայագիտութեան մէջ, ան այս հրատարակութիւնը որակեց «հայագիտական դպրոց-դարբնոց», որ դիմակայելով բազմատեսակ դժուարութիւններ, կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, ըլլալով «Սփիւռ քի հայագիտութեան առաջատար պարբերականներից մէկը»: Նշելով Հանդէսի բաժինները եւ գիտական այլ արժանիքները, Դումանեան հաստատեց, որ տարուէ տարի կ՚աճի անոր հեղինակութիւնը մանաւանդ հայրենաբնակ հայագէտներու շրջանակին մէջ:

Բանախօսութեան երկրորդ մասով Դումանեան անդրադարձաւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու հիմնախնդիրներուն, յատկապէս շեշտելով թուրք-ազրպէյճանական կեղծարարութիւններու ոտնձգութիւնները հայագիտութեան նկատմամբ: Ներկայացնելով «թրքական հայագիտութեան» աշխատանքները, բանախօսը անյետաձգելի խնդիր համարեց գործնական ու քաղաքական հայագիտութեան զարգացումը, արժանի հակահարուած տալու թուրք-ազրպէյճանական եւ այլ նենգափոխումներուն: Կարեւորելով նաեւ հայագիտութիւնը իբրեւ քաղաքակրթական գործօն, ան շեշտեց անոր դերակատարութիւնը հայապահպանութեան եւ ազգային անվտանգութեան հայեցակարգին մէջ, այդ առումով էական նկատեց Հայրենիքի եւ Սփիւռքի փոխ-գործակցութիւնը, առանձնացնելով Նորավանք Գիտակրթական Հիմնադրամի պատրաստակամութիւնը այդ առնչութեամբ: Խմբագրական կազմին անունով ելոյթ ունեցաւ Հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեան, որ Հ.Հ. Հանդէսը սեպեց հայութեան հայելին, զայն որակելով լուրջ, հաւատարիմ, տոկուն եւ իտէալապաշտ հրատարակութիւն մը: Վարդապետը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկաներուն ու ընթերցողներուն, զանոնք նկատելով Հանդէսին լոյս ընծայման նպաստող կարեւոր օժանդակ ներ: Փակման խօսքը կատարեց Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան: Ան հայագիտութիւնը նկատեց ուսմունք յանուն լուսաւորութեան եւ հայութեան: Յանուն լուսաւորութեան` ան նշեց Համալսարանին հայագիտական ջանքն ու արդիւնքը, ակադեմական ու գիտական տարբեր միջոցառումներով: Իսկ հայագիտութիւն` յանուն հայութեան առումով, վերապատուելին նշեց, թէ հայը պէտք է այնպէս պատրաստուի, որ դառնայ «հայագիտութեան առաջին տէրն ու բանուորը, առիւծը, մեղուն ու մրջիւնը», որպէս զի հայագիտութիւնը ծառայէ նաեւ հայերէնի զարգացման, մարդու ինքնագիտակցութեան եւ մանաւանդ կառուցողական միտքի ու հոգիի մշակման: Վեր. Դոկտ. Հայտօսթեան Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը նկատեց, Համալսարանին ազգային ինքնութեան ու առաքելութեան բարձրարժէք գրաւական. ան այս եւ բոլոր աշխատանքները նկատեց խորունկ համոզումի արդիւնք, որուն բուն դրամագլուխը այս պարագային հայկական ու գիտական հոգին է: