ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Հ. Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեան՝ ընդհանուր փոխանորդ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւ. Եւրոպայի առաջնորդութեան

Հինգշաբթի, 17 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան սուրբ Պատարագ մատուցանեց Քանաքեռի (Երեւան) «Նարեկի Տիրամայր» եկեղեցւոյ մէջ, մասնակցութեամբ հոգեւոր հայրերու, հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու Բ. համագումարի մասնակիցներուն եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յընթացս սուրբ Պատարագին, սրբազան հայրը թագադիր ծայրագոյն վարդապետի աստիճանը շնորհեց Հայաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի նորանշանակ առաջնորդական փոխանորդ (ըստ ԱԵԿ կանոն 245-ի), Մխիթարեան ուխտէն՝ հայր Մեսրոպ ծ.վ. Սիւլահեանին, անոր տալով խոյր, գաւազան եւ մատանի, ապա՝ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ անոր:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, ներկաները եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ իրենց շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքները ներկայացուցին Հայաստանի առաջնորդութեան ընդհանուր փոխանորդ գերապայծառ հայր Մեսրոպ թ.ծ.վ. Սիւլահեանին:

 

Գերապայծառ Գուսա կոչ կ՚ուղղէ աջակցելու Միջին Արեւելքի տառապեալ ժողովուրդներուն

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» եգիպտահայ մշակութային միութեան, շաբաթ, 19 Յուլիս 2014-ի երեկոյեան, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. հայր Օգոստինոս եպս. Գուսա մասնակցեցաւ Րամատանի առիթով կազմակերպուած Իֆթարին, որուն ներկայ գտնուեցան եգիպտահայ գաղութի զաւակներ, տեղական մամուլը եւ երեւելի մտաւորական դէմքեր:

Գերապայծառ տէրը այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ կոչ ուղղեց բոլորին Րամատանի շնորհաբեր ամսուան ընթացքին բարի գործեր կատարելու, աջակցելու եւ աղօթելու Կազայի, իրաքի, Մուսուլի, Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Սինայի տառապեալ ժողովուրդներուն համար: Ան նաեւ կոչ ուղղեց եգիպտահայութեան մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ տարի՝ 2015-ին, նշելով որ այս  օրերուն Մուսուլի մէջ եւ վերջերս Քեսապի մէջ պատահած դէպքերը մեզի կը յիշեցնեն 100 տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը: Իր խօսքի  աւարտին, ան կոչ ըրաւ վերահաստատելու եղբայրակցութեան եւ համերաշխութեան ոգին ի սպաս խաղաղութեան տարբեր համայնքներուն միջեւ:

 

«Սան Էժիտիօ» համայնքը կ՚արժանանայ Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակին

21 յուլիս 2014-ին, Փորթուգալի մայրաքաղաք Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած է Գ. Կիւլպէնկեանի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ձեռամբ հանրապետութեան նախկին նախագահ Խորխէ Սամբայոյի։ Գալուստ ԿԻւլպէնկեանի մրցանակին արժանացած է «Սան Էժիտիօ» համայնքը:

Այս պարգեւատրումը մեծ արձագանգ ունեցած է տեղական մամուլին մէջ, որովհետեւ ան գնահատանքն է համայնքին մարդասիրական գործունէութեան այն բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր ներկայ է ան վասն մարդու իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ այն միջնորդութիւններուն զորս կը կատարէ «Սան Էժիտիօ»՝ հակամարտութիւններուն եւ միջ-կրօնական երկխօսութեան շրջագիծէն ներս:

«Սան Էժիտիօ» համայնքը հանրածանօթ է Փորթուգալի մէջ որպէս դերակատար Մոզամպիքի խաղաղութեան ի խնդիր հաշտութեան բանակցութիւններուն եւ երկխօսութեան մէջ, որ տեղի ունեցած է Հռոմի մէջ 1992-ին:

Ափրիկէի եւ փորթուգալերէնախօս երկիրներուն մէջ ան կը գործէ «DREAM» անուան տակ (Drug Resource Enhancement against AIDS and Malnutrition), հոգալով «AIDS» հիւանդութենէ տառապող մարդիկը. ինչպէս նաեւ «BRAVO» անուան տակ քարոզարշաւ կը կատարէ արձանագրելու համար ապօրինի փոքրերը (անյայտ մանչերը) պետութեան մօտ, որպէսզի անոնց շնորհուին քաղաքացիական իրաւունքները:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը զօրակցի Իրաքի քրիստոնեաներուն

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հարցազրոյց մը ունեցաւ Թէլէլիւմիէր-Նուրսաթ հեռուստակայանի խօսնակին հետ, երեքշաբթի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ:

Հարցազրոյցի ընթացքիին Հոգեւոր Տէրը յիշեց, որ 21-րդ դարուն քրիստոնեաներուն կրած հալածանքները ամենասաստիկն են պատմութեան ընթացքին: Իրաքի քրիստոնեաները, որոնք հազարներով փախուստ կու տան Մուսուլէն եւ այլ շրջաններէն, արդէն փոքրամասնութիւն կը կազմեն եւ անոնց թիւը վերջին տարիներուն զգալիօրէն նուազեցաւ «Արաբական Գարուն» արտայայտութեան շրջանին: Այսօր Մուսուլ գրեթէ դատարկ է քրիստոնեաներէն, աւելցուց Հոգեւոր Տէրը:

Իսլամ ծայրայեղականներու տուած վերջնագրին համաձայն, Իրաքի քրիս-տոնեաները ստիպուած եղան լքելու իրենց երկիրը, ապա՝ այլ ճակատագրի պիտի ենթարկուէին:

Հոգեւոր Տէրը շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն միակ ապաւէնը Քրիստոսն է եւ ոչ՝ զէնքը: Քրիստոնեաները խաղաղութեան կողմնակից են եւ ոչ պատերազմի, ըսաւ ան, ապա՝ կոչ ուղղեց բոլոր միջազգային հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան մարմիններուն ձեռնածալ չմնալ ու աշխատիլ վերջ տալ հալածանքներուն:

 

Ապպուտ Պօղոս պարգեւատրուեցաւ «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ»ի շքանշանով

Ձեռամբ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին, կիրակի, 22 յուլիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ պր. Ապպուտ Պօղոսի պարգեւատրումը «Մեծն Սուրբ Գրիգորի Ասպետ» քահանայապետական շքանշանով, առ ի գնահատանք անոր մարդասիրական գործերուն, ծառայութիւններուն եւ եկեղեցւոյ հաւատարմութեան: Ներկայ էին գերյ. հայր Գէորգ ծ.վ. Եղիայեան, հայր Վարդան վրդ Գազանճեան, Ռաֆայէլ սարկաւագ Ժաուհարժի, Սեւակ սարկաւագ Համալեան, Ապպուտ Պօղոսի ընտանիքը, անոր հարազատներն ու բարեկամները:

Յատուկ արարողակարգով հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան ընթերցեց շքանշանի տուչութեան քահանայապետական կոնդակը, որուն յաջորդեց քահանայապետական շքանշանին տուչութիւնը: Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը վեր առաւ պարգեւատրեալին արժանիքները, բարձր գնահատելով անոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյ եւ համայնքին:

Իր կարգին մեծարեալը իր երախտագիտական խօսքը ուղղեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, ամենապատիւ հոգեւոր տիրոջ եւ բոլոր ներկաներուն:

 

«Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավարը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի մէջ

Երեւանի «Նորավանք» գիտակրթական հիմնադրամի ուսումնական կեդրոնի ղեկավար՝ Արթիւր Տումանեան եւ Մուշեղ Լալայեան, որոնք Հայկազեան Համալսարանի հրաւէրով կը գտնուէին Լիբանան, 23 յուլիս 2014-ին այցելեցին հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցան «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնի տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանին հետ:

Հանդիպումին հիմնական նիւթն էր կրթական ծրագիրներու շուրջ գործակցութեան կարելիութիւնները գալիք օրերուն:

Իր կարգին Արթիւր Տումանեան նշեց, որ հիմնադրամը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ յատկապէս ազգային ներուժի բացայայտման, սփիւռքի մտաւոր կարողութիւններու ներգրաւման գործընթացներուն: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Սարգիս Նաճարեան եւ Վարդան Թաշճեան:

 

Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնի տարեկան ընթրիք

Լիբանանի կաթողիկէ տեղեկատուական կեդրոնին կազմակերպութեամբ՝ Քազինօ տիւ Լիպանի մէջ, չորեքշաբթի 23 յուլիս 2014, երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ տարեկան ընթրիք, որուն ներկայ եղան քաղաքական, հոգեւոր եւ հասարակական անձնաւորութիւններ, պատկառելի մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ բազմութիւն: Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն իր մասնակցութիւնը բերաւ «Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին տնօրէն՝ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Սոյն ընթրիքին մարոնիներու պատրիարք՝  Կարդինալ Պշարա Ռաի, իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ երկրի ընդհանուր կացութեան, նախագահական ընտրութիւններուն եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու կրած հալածանքներուն: Խօսք առին նաեւ Լիբանանի Եպիսկոպոսական հաղորդամիջոցներու յանձնախումբի նախագահ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը եւ տեղեկատուական կեդրոնի տնօրէն արժ. Ապտօ քհն. Ապու Քասմ:

 

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար՝ Ճէյսըն Քենի այցելեց Պատրիարքարան

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենի՝ ընկերակցութեամբ Լիբանանի մօտ Քանատայի դեսպան Հելարի Չայլտս Ատամին եւ քանատական դեսպանատան աշխատակիցներու, ուրբաթ, 26 յուլիս 2014-ին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս Կաթողիկոս Պատրիարքին կողմէ։ Հանդիպումին ներկայ եղաւ հայր Վարդան վրդ Գազանճեան:

Նախարար Ճէյսըն Քենի գնահատանքով արտայայտուեցաւ Քանատայի հայ համայնքի մասին ու յայտնեց, թէ ինք կը յարգէ հայ կաթողիկէ համայնքը եւ ծանօթ է Քանատայի հայ կաթողիկէ եկեղեցիներուն:

Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց առաւելաբար Միջին Արեւելքի տագնապալի կացութիւն, եւ յատկապէս քրիստոնեաներու տեղահանութիւնն ու կրած հալածանքները:

Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ լիբանանահայութիւնը յուզող հարցերուն, մտահոգութիւն յայտնեց մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն մասին:

Քանատայի դեսպանը իր կարգին նշեց թէ Քանատան մարդասիրական օժանդակութիւններով միշտ աջակցած է գաղթականներուն ու կը շարունակէ աջակցիլ մինչեւ Սուրիոյ տագնապի խաղաղ լուծումը։

 

Սարկաւագական ձեռնադրութիւն Խաչիկ Գույումճեանի

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կիրակի, 27 յուլիս 2014, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Պէյրութի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա» աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կատարեց Խաչիկ կիս. Գույումճեանի սարկաւագական ձեռնադրութիւնը առընթերակայութեամբ հայր Ղազար վրդ. Պետրոսեանի եւ տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ սարկաւագին յատկութիւններուն Եկեղեցւոյ դասին մէջ: Ան այս առիթով յիշեց ներկայիս Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներու կրած հալածանքներն ու մեծ դժուարութիւնները, աղօթելով առ Աստուած, որ տարածաշրջանի բուռն խռովութիւնները դադրին, եւ վերջապէս խաղաղութիւն ու համերաշխութիւն տիրէ Միջին Արեւելքի տառապեալ երկիրներուն մէջ: 

 

Նորին Սրբութիւն Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ կիրակի, 28 յունիս 2014, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց ասորի ուղղափառ Եկեղեցւոյ նորին սրբութիւն Տէր Իգնատիոս Եփրեմ Բ. Պատրիարքին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը:

Հանդիպումին ներկայ եղան նաեւ արհիապատիւ հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան եւ գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Հովուական եւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան հայ եւ ասորի Եկեղեցիներու բարեկամական փոխ յարաբերութիւններուն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորեց սիրոյ եւ փոխադարձ հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը եկեղեցիներուն միջեւ ի սպաս քրիստոնէական հաւատքի ամրացման:

Անոնք քննարկեցին եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները ներկայ դարուն՝ շեշտելով քրիստոնէական կրթութիւն ջամբելու հրամայականը մանաւանդ նոր սերունդին: Պատրիարք Իգնատիոս անդրադարձաւ Հնդկաստանի եւ Ամերիկայի ասորի եկեղեցիներու յարաբերութիւններուն։

Անոնք անդրադարձան նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, մասնաւորաբար Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով քրիստոնեաներու կրած տառապանքներուն, գաղթին եւ նշեցին, որ կ՚աշխատին հարկ եղած հոգեւոր ու մարդասիրական ծառայութիւնները մատակարարել, որպէսզի մեղմացնեն քրիստոնեայ ժողովուրդին տառապանքը:

Հանդիպումին յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Այս գծով Պատրիարք Իգնատիոս Եփրեմ Բ. գնահատեց հայութեան միասնականութիւնը յատկապէս ազգային խնդիրներու լուծման գործընթացին մէջ: Ան անհրաժեշտ համարեց Հայոց Եղեռնի 100 ամեակի ծիրէն ներս հայ-ասորիական միացեալ միջոցառման մը կազմակերպումը:

Հանդիպումի աւարտին Իգնատիոս պատրիարքը գիրք մը նուիրեց Հոգեւոր Տիրոջ, ապա հոգեւոր հայրերը գոհունակ սրտով հրաժեշտ տուին իրարու կրկին հանդիպելու մաղթանքով:

 

Մալթայի ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը այցելեց ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ 29 Յուլիս 2014, երեքշաբթի ընդունեց այցելութիւնը Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահ Մարուան Սեհնաուին, որուն կ՚ընկերակցէին Մոցար Շահին եւ տէր Ռաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին պր. Սեհնաուի ներկայացուց ընկերակցութեան մարդասիրական լայնածաւալ գործունէութիւնը Լիբանանի ամբողջ տարածքին։ Ընկերակցութիւնը, որ կը վայելէ Վատիկանի անմիջական հովանաւորութիւնը, կը ծառայէ առանց համայնքային կամ դաւանանքային խտրութեան, պահպանելով մարդու արժանապատուութիւնը եւ յարգելով տարբերութիւնները։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հետաքրքրուեցաւ սուրիացի գաղթականներուն՝ ընկերակցութեան կողմէ ցուցաբերուած հոգատարութեամբ։

Այնուհետեւ, խօսակցութիւնը շօշափեց Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն տառապալի վիճակը, ինչպէս նաեւ քրիստոնեայ ընտանիքներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ օր ըստ օրէ աւելի նիւթապաշտ ընկերութենէն ներս քրիստոնէական մշակոյթին նահանջը արգելակելու հարցերը։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շեշտեց կարեւորութիւնը ընտանիքին նուիրուած Սիւնհոդոսին որ պիտի գումարուի Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով Հռոմի մէջ։

Շնորհակալութեամբ եւ գործակցութեան մաղթանքով՝ Մալթայի Ասպետներու լիբանանեան ընկերակցութեան նախագահը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ։

 

Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթին այցելեց հայ կաթողիկէ պատրիարքարան

Հինգշաբթի, 31 յուլիս 2014, կէսօրին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամմատ Քապպանին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ներկայութեամբ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեանի:

Շուրջ ժամ մը տեւած հանդիպումի ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը անդրադարձան Միջին Արեւելքի ներկայ տագնապալի իրավիճակին եւ յատկապէս Իրաքի, Սուրիոյ, Պաղեստինի եւ Եգիպտոսի մէջ ժողովուրդներուն դիմագրաւած մեծ դժուարութիւններուն: Հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ արտաքին շահերն ու միջամտութիւնները տարածաշրջանին մէջ կը պառակտեն ու կը քայքայեն երկիրները, յառաջացնելով ծայրայեղ ու վտանգաւոր շարժումներ՝ ի նպաստ Իսրայէլի եւ բռնատիրական ուժերուն:

Իսլամ համայնքապետը Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց օրինակ մը «Կտակ ու Կանոնադրութիւն» ծրագրէն, որուն անձնապէս նախաձեռնած է ի սպաս Լիբանանի իսլամ-քրիստոնեայ խաղաղ համակեցութեան ու ազգային համերաշխութեան, նկատի առնելով հետզհետէ յառաջացող սպառնալիքները մանաւանդ քրիստոնեայ հասարակութիւններուն դէմ տարածաշրջանին մէջ: Այս գծով ան հրաւէր մը ուղղեց Հոգեւոր Տիրոջ ներկացուցիչի մը միջոցաւ մասնակցելու առաջին հանդիպումին, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ երեքշաբթի՝ 5 օգոստոսին, «Տար էլ Իֆթայի» տան մէջ:

Հոգեւոր Տէրը իր կարգին քաջալերեց ու գնահատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ նշեց, թէ Լիբանանի եւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու խորհուրդը արդէն կը գործէ այս ուղղութեամբ, ապա ան շեշտեց միջ-կրօնական յարատեւ երկխօսութեան ու տարբեր համայնքներու միջեւ համերաշխ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ներկայ քաղաքական ծանր պայմաններուն մէջ:

 

Շնորհաւորական ուղերձներ Րամատանի առիթով

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Գրիգոր Օգոստինոս եպս. Գուսան շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Սիսիին եւ Ազհարի շէյխ Ահմատ Թայյէպին, Րամատանի առիթով: Նամակին մէջ գերապայծառ տէրը իր բարեմաղթութիւնները կը փոխանցէ Եգիպտոսի պետութեան եւ ժողովուրդին, աղօթելով որ այս օրհնեալ ամիսը բարեբեր եւ խաղաղ ըլլայ բոլոր իսլամ հաւատացեալներուն համար:

 

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդը կը շնորհաւորէ Իսլամները Ֆիթրի տօնին առթիւ

Իսլամներու Ֆիթրի տօնին առիթով, Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա այցելած է Եգիպտոսի մէջ Ազհարի շէյխ Ահմատ Ալ Թայյէպին, զինք շնորհաւորելու եւ իր բարեմաղթանքները փոխանցելու համար: Հանդիպումին, երկու կողմերը անդրադարձած են Արեւելքի դժուարին պայմաններուն, խնդրելով Աստուծմէ որ օգնէ խաղաղութեան ու ապահովութեան վերականգնումին տարածաշրջանին մէջ:

Նշենք, որ գերապայծառ տէրը այս առիթով շնորհաւորական ուղերձներ յղած է Եգիպտոսի նախագահին, Ազհարի շէյխին, հանրապետութեան միւֆթիին եւ երկրի այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու:

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կը շնորհաւորէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիրաքը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարքի ծննդեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ մը յղեց, որով կը մաղթէ հայրապետին արեւշատութիւն եւ քաջառողջութիւն, որպէսզի միեւնոյն երիտասարդական կորովով, շրջահայեցութեամբ, նուիրումով եւ իմաստութեամբ շարունակէ հայ Եկեղեցին առաջնորդելու աստուածատուր առաքելութիւնը: Հոգեւոր Տէրը կը հաստատէ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինին հետ համագործակցելու պատրաստակամութիւնը ի խնդիր հայ Եկեղեցւոյ յարաճուն պայծառացման, հայ ժողովուրդի մօտ լուսաւորչեան հաւատքի զօրացման, ի խնդիր համազգային հիմնախնդիրներու լուծումին եւ առաջադրանքներուն իրականացումին:

 

Հոգեւոր Տիրոջ նամակը Նորին Ամենապատուութիւն Սագօ Պատրիարքին

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը նամակ մը յղեց իրաքի Նորին Ամենապատուութիւն Լուիս Ռուֆայիլ Ա. Սագօ քաղդէացիներու պատրիարքին, որով կը նշէ, թէ մեծ էր իր փափաքը անձամբ կիսելու Իրաքի քրիստոնեայ հասարակութեան տառապանքը, բայց կամքէ անկախ պատճառներով չկրցաւ միանալ հոգեւոր առաջնորդներու խումբին, որոնք առաքելութեամբ մը Լիբանանէն ուղուեցան Արպիլ: Հոգեւոր Տէրը նոյն նամակով կը յայտնէ իր զօրակցութիւնը Իրաքի մէջ տառապող քրիստոնեաներուն յիշեցնելով՝ հայ ազգի կրած արհաւիրքները պատմութեան ընթացքին, երբ 1915-ին, օսմանեան իշխանութեան ձեռքով զոհ գացին աւելի քան մէկ ու կէս միլիոն հայ:

Ան յայտնեց նաեւ իր սէրն ու ջերմ աղօթքները առ Աստուած, որ շուտով հեռացնէ այս ամպը անմեղ ու տառապեալ ժողովուրդէն յիշելով, որ Գողգոթայի ճամբան Տէր Յիսուս Քրիստոս փրկիչի շնորհքով հաւատքի նահատակութեան կը տանի:

 

Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողով Տիմանի մէջ

Հինգշաբթի, 7 օգոստոս 2014-ին Մարոնի համայնքի պատրիարք Պշարա Ռայիի հրաւէրով Տիմանի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն յատուկ կրօնական վեհաժողովը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը:

Վեհաժողովի ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի վերջին իրադարձութիւնները, Միջին Արեւելքի տագնապալի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Իրաքի քրիստոնեայ հատուածին սպառնացող վտանգները:

Վեհաժողովը խստիւ դատապարտեց տարածաշրջանի մէջ քրիստոնեաներուն դէմ գործուած բռնարարքները: Լիբանանեան առումով պատրիարքները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին լիբանանեան բանակին` ահաբեկչութեան դէմ անոր մղած պայքարին առումով եւ այս իմաստով անոնք գնահատեցին լիբանանցիներուն միասնականութիւնը:

 

Նոր կայքէջ Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան

2014 օգոստոս 10-էն գործարկուեր է արդէն Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէ առաջնորդութեան երկլեզու կայքէջը`

www.armenianchurchco.com

Եկեղեցական այս կայքէջը կը ներկայացնէ թեմի պատմութիւնը, հայ կաթողիկէ եւ ընդհանրական կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւնները, թեմի առաջնորդի հովուական թուղթերը, վերլուծական նիւթեր, քարոզներ, «Ձայն Խաղաղութեան» շաբաթական հաղորդաշարը՝ շաբթուան ամփոփ նորութիւններով, կիրակնօրեայ քարոզով, թեմի անցուդարձի մասին տեսանիւթերով: Կայքին մէջ կը տեղադրուին նաեւ տարաբնոյթ այլ հոգեւոր, հայագիտական եւ մշակութային նիւթեր: Կայքը տակաւին լրամշակման հանգրուանի մէջ է, կայքի անգլերէն թարգմանութիւնը պիտի կատարուի գալիք օրերուն:

 

Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով Պքերքէի մէջ

Չորեքշաբթի, 27 օգոստոս 2014-ի յետմիջօրէին, Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելքի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` քննարկելու համար տարածաշրջանի եւ յատկապէս Իրաքի քրիստոնեաներու դիմագրաւած ծանր պայմանները:

Վեհաժողովին մասնակցեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը հոգեւոր պետերուն կողքին, ինչպէս նաեւ ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ գերպծ. Կապրիէլէ Քաչչան, ՄԱԿի ապահութեան խորհուրդի մնայուն անդամ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցիչները եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը:

Վեհաժողովը իր հաղորդագրութեան մէջ կոչ ուղղեց վերջ դնելու արմատական ու ծայրայեղական շարժումներուն, եւ պահանջեց միջազգային հանրութեան գործնական քայլերու դիմելու յատկապէս «Տահէշ» կազմակերպութեան դէմ, արմատախիլ ընելու համար շրջանին մէջ ահաբեկչութիւնը:

Վեհաժողովը բուռն դատապարտեց քրիստոնեաներուն դէմ բռնարարքները եւ տեղահանումները, մանաւանդ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ: Սակայն նոյն ժամանակ, վեհաժողովը հաստատեց թէ քրիստոնեաները կառչած կը մնան իրենց հողին ու ազատութեան` յանձնառու մնալով Աւետարանի սկզբունքներուն:

Վեհաժողովը անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ աղէտալի կացութեան եւ վերյիշեց առեւանգեալ առաջնորդներուն եւ քահանաներուն թղթածրարը: Վերջապէս ժողովականները կոչ ուղղեցին շուտափոյթ ձեւով լուծելու Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցը, զայն անջատելով շրջանային եւ միջազ-գային տագնապներէն ու բարդութիւններէն: