Սուրբ Յովհաննէս 23-րդ (Անճելօ Ռոնքալլի)

Սուրբ Յովհաննէս 23-րդ (Անճելօ Ռոնքալլի)

Յովհաննէս 23-րդ Սրբազան Քահանայապետը ծնած է Պերկամէի արուարձաններէն Սոթթօ Իլ Մոնթէ գիւղին մէջ 25 Նոյեմբեր 1881-ին: Ան անդրանիկ զաւակն է Մարիանա Մազզոլլայի եւ Յովհաննէս Պաթթիսթա Ռոնքալլիի: Ծննդեան գիշերն իսկ կը մկրտուի տեղւոյն ժողովրդապետ՝ տէր Ֆրանչիսկոս Ռէպուզզինիի ձեռամբ, ստանալով Անճելօ Ճիոզէբբէ անունը:

Անճելօ Ճիոզէբբէ եկեղեցական կեանքի հանդէպ յատուկ սէր կը ցուցաբերէ ու դպրոցական տարիները աւարտելէ ետք կը պատրաստուի մուտք գործել թեմական ընծայարանէն ներս։ Հոն կ՚աշակերտէ մի քանի վարդապետներու, եւ անոնցմէ կը սորվի իտալերէն եւ լատիներէն լեզուները, միաժամանակ հետեւելով Սելանա-ի հռչակաւոր վարժարանի յատուկ դասընթացքներուն: 7 նոյեմբեր 1892-ին պաշտօնապէս կը դառնայ Պերկամէի ընծայարանի աշակերտ: Առաջին շրջանը դժուար կը թուի իրեն որովհետեւ տակաւին չէր ամբողջացուցած պատրաստողական դասընթացքները, սակայն կարճ ժամանակ ետք ան կը սկսի փայլիլ դասերուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքին մէջ, այն աստիճան որ 14 տարեկան հասակին կ՚ընդունուի հետախուզական մարզէն ներս: Յուլիս 1900-ին աւարտելէ ետք աստուածաբանական գիտութեան երկրորդ տարին, ուսման յատուկ թոշակի մը ծրագրի միջոցաւ զինք կ՚ուղարկեն Հռոմի Ափոլլինարի ընծայարանը: Հակառակ բանակի ծառայութեան պատճառով մէկ տարի ուսման ընդհատումին, անոր կազմաւորման արդիւնքները ընծայարանէն ներս կը մնան պատուաբեր:

13 Յուլիս 1904-ին, 22 տարեկան երիտասարդ հասակին, կը ստանայ Աստուածաբանութեան Դոկտորականը: 10 Օգոստոս 1904-ին կը ձեռնադրուի քահանայ, ու իր անդրանիկ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը կը մատուցանէ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ` վերանորոգելով իր անձին կատարեալ նուիրումը Քրիստոսի ու հաւատարմութիւնը Եկեղեցւոյ:

J4Կարճատեւ կեցութենէ մը ետք իր ծննդավայրը, կը նուիրուի կանոնական ուսման Հռոմի մէջ, որ կ՚ընդհատուի 1905-ի Փետրուար ամսուան ընթացքին, նշանակուած ըլլալով քարտուղար Պերկամի նորանշանակ առաջնորդ՝ Ճագոմո Ռատինի Թէտէսքիին: Տասը տարիներ անընդհատ կը ծառայէ անոր՝ որ հանրութեան կողմէ ճանչցուած էր որպէս աշխոյժ եւ նոր առաջադրանքներով հանդէս եկող առաջնորդ մը, որով կը փորձէր ներկայացնել իր թեմին միջոցաւ Իտալական Եկեղեցւոյ կեանքի նոր օրինակ մը:

Բացի քարտուղարական պաշտօնէն, ան կը վարէ զանազան ուրիշ պաշտօն-ծառայութիւններ: 1906-էն սկսեալ թեմի ընծայարանէն ներս կը դասաւանդէ Եկեղեցւոյ պատմութիւն, հայրաբանութիւն եւ ջատագովական, իսկ 1910-ին՝ հիմնական աստուածաբանութեան լրացուցիչ դասեր մինչեւ 1914, նոյն ատեն պահելով իրեն յանձնուած միւս պաշտօնները: Սոյն դասընթացքները կը մղեն զինք ա՛լ աւելի խորանալու շրջանի պատմութեան մէջ` ս. Գարլոյի Պէրկամէ շրջան Առաքելական Այցելութեան ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու հրատարակութեամբ, որուն վրայ երկար կ՚աշխատի մինչեւ իր Քահանայապետ ընտրութիւնը: Ան կը դառնայ նաեւ խմբագիր «Թեմական Կեանք»ը պարբերականին, ինչպէս նաեւ 1910-էն սկսեալ օգնական` Կաթողիկէ Կանանց Միութեան: Գերյարգելի Ռատինիի վաղահաս մահը պատճառ կը դառնայ վերջ տալու ժողովրդապետական կեանքի բացառիկ փորձառութեան, հակառակ զանազան տեսակի դժուարութիւններուն, ինչպէս իր դէմ կատարուած արդիականացման անարդար մեղադրանքը, այսուհանդերձ ապագայ Յովհաննէս 23-րդը կանչուած բոլոր պաշտօններուն մէջ ի մտի կը պահէ առաջին տարիներու ունեցած ժողովրդապետական փորձառութիւնը: Պատերազմի շրջանին ան կ՚անուանուի մատրանապետ ստանալով նաեւ զինուորական հիւանդանոցէն ներս յիսնապետի կարգը` հետեւելու համար Պերկամի զինուորական հիւանդանոցներուն մէջ դարմանուուղ վիրաւորներուն, ուր ան կը գործէ հերոսաբար: 1918-ի Յուլիսին վեհանձնօրէն կ՚ընդունի ծառայել թոքախտէ տառապող զինուորներուն` գիտակցելով հանդերձ հիւանդութեան վարակիչ ըլլալը որով կը վտանգէ իր կեանքը:

VATICAN LETTER1920 Դեկտեմբերին Քահանայապետը իրմէ կը խնդրէ Վատիկանի մէջ նախագահել Հաւատքի Տարածման յանձնաժողովին, երբ ինք կը ստանձնէր աշակերտներու Տան պատասխանատուութիւնը, ինչպէս նաեւ ընծայարանի հոգեւոր հօր պաշտօնը: Երկար վարանելէ ետք կ՚ընդունի ներկայ առաքելական կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեանց այս փափուկ պաշտօնը: Կը ձեռնարկէ երկար ճամբորդութեան մը արտասահման համոզելու համար առաքելութեանց զօրակցող հաստատութիւնները գալու Հռոմ եւ այնտեղ մարդասիրական գործունէութեամբ զբաղելու, ինչպէս նաեւ կը դիմէ իտալական տարբեր թեմեր` օգնութիւններ ստանալու եւ անոնց յստակացնելու իր կատարած մարդասիրական աշխատանքին նպատակները:

1925 թուականին երբ կ՚ուղարկուի Պուլկարիա որպէս Առաքելական Այցելու կը սկսի իր դիւանագիտական գործունէութեան հանգրուանը ի սպաս Սուրբ Աթոռին մինչեւ 1952: 19 Մարտ 1925-ին եպիսկոպոս կ՚անուանուի ու կը վերադառնայ Պուլկարիա այնտեղ ծառայելու կաթողիկէ փոքրիկ հասարակութեան: Սահմանափակ շրջանի մը համար նախատեսուած այս ծառայութիւնը կը տեւէ տասը տարի, որուն ընթացքին գերպծ. Ռոնքալլի հիմերը կը նետէ Առաքելական Ներկայացուցչութեան մը, որուն առաջին ներկայացուցիչը ինք կը դառնայ 1931-ին: Ան կը յաջողի նաեւ վերակազմակերպել տեղւոյն Կաթողիկէ Եկեղեցին, կառավարութեան եւ պուլկարական Թագաւորական Տան հետ բարեկամական կապեր կը ստեղծէ, ինչպէս նաեւ առաջին միջ-եկեղեցական կապերը կը հաստատէ Պուլկարիոյ Առաքելական Եկեղեցւոյ հետ: 27 նոյեմբեր 1934-ին կը նշանակուի Առաքելական Պատուիրակ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի որոնց հետ Վատիկան տակաւին դիւանական կապեր չէր հաստատած:

Յունաստանի մէջ Ռոնքալլիի աշխատանքը շօշափելի արդիւնք չի տար, մինչ Թուրքիոյ կառավարութեան հետ կապերը կ՚ամրապնդուին, որովհետեւ Վատիկանի ներկայացուցիչը լայնախոհ կը գտնուի Թուրքիոյ կա-ռավարութեան որդեգրած լայիքացման քաղաքականութեան վրայ հիմնուած միջոցառումներուն նկատմամբ: Շատ նրբութեամբ կը կազմակերպէ Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքին հետ մի քանի հանդիպումներ, որոնք առաջիններն էին Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ դարերու բաժանումէն ետք:

Համաշխարհային երկրորդ պատերազմին ընթացքին, շնորհիւ իր չէզոք կեցուածքին, կը յաջողի օգնութեան հասնիլ պատերազմին պատճառով շատ մը տառապեալներու:

Պիոս 12-րդ Քահանայապետը անձնական որոշումով մը զինք կը նշանակէ Փարիզի մէջ Պապական Նուիրակ: Սոյն պաշտօնը կը ստանձնէ 30 դեկտեմբեր 1944ին: Շնորհիւ իր մարդկային արժանիքներուն ու լայնախոհութեան կը յաջողի յաղթահարել բարդ կացութիւններն ու խոչընդոտները` որոնք կը դանդաղեցնէին իր գործունէութիւնները: Բարեկամական սերտ կապեր կը հաստատէ ֆրանսական կառավարութեան կարգ մը կարեւոր անդամներուն հետ եւ կը յայտնուի որքան լաւ հովիւ նոյնքան լաւ դիւանագէտ:

FILE - In this  Oct. 4, 1962 file photo Pope John XXIII stands at the window of his nine-car train during a brief stop at the small railway station of Orte, during the pontiff's train trip across Italy, to pray for the success of the Roman Catholic Church's forthcoming Ecumenical Council.  Pope Francis  decided Friday, July 5, 2013, to canonize John XXIII for sainthood, along with John Paul II, even though there has been no second miracle attributed to his intercession. (AP Photo/Mario Torrisi)

Իր մէջ վառ պահելով հնազանդութեան ուխտը, 5 մարտ 1953-ին կ՚ընդունի իր անուանումը Վենետիկի Պատրիարքական Աթոռին, Պիոս 12-րդին կողմէ նշանակուելէ ետք Կարդինալ: Ան բծախնդրօրէն յանձնառու կը մնայ իր պաշտօնին ու պարտականութեանց որպէս եպիսկոպոս, ի մէջ այլոց հովուական այցելութիւններ կատարելով ու աշխուժացնելով թեմական սիւնհոդոսը: Վենետիկի կրօնական պատմութիւնը իրեն կը թելադրէ հովուական նոր նախաձեռնութիւններ կատարել յատկապէս հաւատացեալները սուրբ Գիրքին մօտեցնելու ուղղութեամբ:

Ռոնքալլիի ընտրութիւնը որպէս Պիոս 12-րդ քահանայապետին յաջորդ, 28 հոկտեմբեր 1958-ին, 77 տարեկանին, շատերու կողմէ կը բացատրուի որպէս փոխանցման քահանայապետական շրջան մը: Սակայն, առաջին օրէն իսկ, Յովհաննէս 23-րդ կը ցուցաբերէ աշխատանքային ոճ մը, որ կը զգացնէ իր կեանքին փորձառութեան վրայ հիմնուած իր մարդկային ու քահանայական անհատականութիւնը: Որպէս Հռոմի եպիսկոպոս` ան կ’աշխատի հովուական դրոշմ մը տալ իր առաքելութեան: Թեմական կեանքի շահերէն մեկնած, ան կը կրկնապատկէ հաւատացեալներուն հետ իր հանդիպումները ժողովրդապետութիւններու, հիւանդանոցներու եւ բանտերու այցելութիւններով: Թեմական սիւնհոդոսի համախմբումին միջոցաւ կ՚ամրապնդէ թեմական հաստատութիւններուն աշխատանքին կանոնաւոր ընթացքը, շեշտելով Ընդհանուր Փոխանորդին պաշտօնին կարեւորութիւնը ժողովրդապետական կեանքի կարգաւորումին մէջ:

Յովհաննէս 23-րդէն մեզի մնացած ամենամեծ աւանդը Վատիկանեան Տիեզերական Բ. Ժողովն է, որուն բացումը կը յայտարարէ 25 Ապրիլ 1959-ին, Սուրբ Պետրոս Տաճարին մէջ: Այս ժողովը անձնական մտածումներու արդիւնք մըն էր, անշուշտ անհատական խորհրդակցութիւններ ունենալով ամենամօտիկ բարեկամներու հետ, ինչպէս նաեւ Պետական Քարտուղար Թարտինիի հետ: Բացման հանդիսութեան, 11 հոկտեմբեր 1962-ին, արտասանած իր խօսքին մէջ կը կարդանք հիմնական նպատակները. «Ժողովին նպատակը չէ նոր իրականութիւններ սահմանել, այլ աւանդական վարդապետութիւնը ներկայացնել արդի զգայնութիւններուն աւելի պատշաճեցուած ձեւով: Փորձելով եկեղեցական կեանքը այժմէականացնել, Յովհաննէս 23-րդը կը հրաւիրէ առանձնաշնորհելու ողորմութիւնն ու նոր աշխարհին հետ երկխօսութիւնը, փոխանակ դատապարտելու եւ ընդդիմանալու եկեղեցական առաքելութեան, արդիականացած գիտակցութեամբ որ կը շրջապատէ ամէն մարդ»:

Տիեզերական ժողովի բացման հանդիսութեան հրաւիրուած էին տարբեր քրիստոնէական դաւանանքներու ներկայացուցիչներ որպէսզի սկիզբ մը ըլլար նոր յարաբերութւիններու: Ժողովի առաջին մասի աւարտին կը յստականայ թէ Յովհաննէս 23-րդի փափաքն էր որ Տիեզերական Ժողովը իրապէս վճռորոշ ըլլայ: Ան յարգեց սոյն ժողովին ընթացքին տրուած բոլոր որոշումները:

1963 տարուան գարնան, ան կ՚արժանանայ խաղաղութիւնը խորհրդանշող «Պալզան»ի մրցանակին որպէս վկայութիւն խաղաղութեան ի նպաստ իր յանձնառութեան` զոր կ’արտայայտէր իր հրատարակած երկու շրջաբերական նամակներով` Mater et Magistra (Մայր եւ Ուսուցիչ) 1961ին, եւ Pacem in terris (Խաղաղութիւն երկրի վրայ) 1963ին, ինչպէս նաեւ ունեցած իր վճռական միջնորդութեամբ 1962-ի աշնան Քուպայի տագնապի ընթացքին:

Մահամերց Պապի մասին ցուցաբերուած անձկութիւնը եւ 3 յունիս 1963-ին անոր կորուստին ի լուր աշխարհի խոր վիշտը ցոյց կու տան անսահման յարգանքն ու հիացումը Յովհաննէս 23-րդին անձին հանդէպ:

Յովհաննէս 23-րդ Քահանայապետը որ ճանչցուեցաւ որպէս «Բարի Պապ», 3 Սեպտեմբեր 2000-ին, Յովհաննէս Պողոս Բ. Քահանայապետին հրամանագիրով կը հռչակուի անոր երանացումը, որ արդիւնքը կ’ըլլայ իտալացի մայրապետի մը` Քոյր Քադէրինա Քաբիթանիի հետ պատահած հրաշքին, որով ան ստամոքսի քաղցկեղի հիւանդութենէն կը բուժուի խնդրելէ ետք բարեխօսութիւնը «Բարի Պապ»-ին: 2001-ի Յունուարին անոր գերեզմանը կը բացուի, եւ կը գտնեն մարմինը մաքուր վիճակի մէջ. 27 Ապրիլ 2014-ին, Աստուածային Ողորմութեան տօնին, Ֆրանչեսկոս Քահանայապետը զինք սուրբ կը հռչակէ: