Կենսագրական – Արհի. հայր Լեւոն Պօղոս արքեպիսկոպոս Զէքիեանի` Առաքելական կառավարիչ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աթոռին

Կենսագրական – Արհի. հայր Լեւոն Պօղոս արքեպիսկոպոս Զէքիեանի` Առաքելական կառավարիչ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Աթոռին

Արհիապատիւ հայր Լեւոն Պօղոս արքեպիսկոպոս Զէքիեան ծնած է 12 հոկտեմբեր 1943-ին, Պոլիս: Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու դպրեվանքին մէջ կրթութիւնը ստանալէ ետք յաճախած է յիսուսեան հայրերու Գրիգորեան համալսարանը ստանալով իմաստասիրութեան (1962) եւ աստուածաբանութեան (1966) մագիստրոսի աստիճանները: 1967-ին ձեռնադրուած է քահանայ:

1973-ին՝ իմաստասիրութեան դոկտորական աւարտաճառը պաշտպանած է Պոլսոյ պետական համալսարանին մէջ, նիւթ ունենալով «Օգոստինոսի ճանաչողական դրութեան մէջ ներգոյութեան սկզբունքը եւ ենթակայի ինքնաճանաչումը»:

1974-ին՝ հաստատուած է Վենետիկ, Մխիթարեան վանքին մէջ՝ «Սուրբ Ղազար», ստանձնելով «Հայ Ընտանիք» պարբերաթերթի խմբագրապետի եւ «Բազմավէպ» հայագիտական հանդէսին փոխ-խմբագրապետի պաշտօնները: Վերջինիս խմբագրութիւնը վարած է 1980-1985: 1974-1981 վարած է «Սուրբ Ղազարու» հայկական ճեմարանի գիտական քարտուղարի պաշտօնը, իսկ 1982-85 եղած է Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի տնօրէն, ուր 1984-85 օգոստոսին կազմակերպած է հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ առաջին դասընթացքը:

1976-ին՝ նշանակուած է Վենետիկի Պետական համալսարանի հայ լեզուի եւ գրականութեան առաջին դասախօս: Այս դասընթացքը 1983-ին կը վերածուի ամպիոնի:

1976-ին՝ սկսած է գործակցիլ հայ արուեստի յայտնի մասնագէտ փրոֆ. Ադրիանօ Ալբակօ Նովելլոյին հետ կազմակերպելով Միլանոյի հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրութեան կեդրոնը, որու մնայուն աշխատակիցը եղած է մինչեւ 1991:

1988-էն մինչեւ այսօր կը դասաւանդէ հայ եկեղեցական գիտութիւններ, ինչպէս պատմութիւն եւ աստուածաբանութիւն, քահանայապետական արեւելեան հաստատութեան մէջ:

1982-1990 եղած է վարչական անդամ Հայագիտական Ուսմանց Միջազգային Ընկերակցութեան (AIEA): 1986-ին՝ հիմնած է Վենետիկի համալսարանի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքը, որ մինչեւ օրս կը շարունակուի:

Այս դասընթացքին զուգահեռ լոյս ընծայած է 1993-ին աւելի քան 25 հոգինոց անձնակազմի մը աշխատակցութեամբ «Հայերէն Խօսինք» տեսերիզ մը:

Վաստակաւոր վարիչ է Քա Ֆոսքարի համալսարանի հայագիտական ամպիոնին:
1988-1992՝ այցելու դասախօս եղած է Քալիֆորնիոյ ԼաՎերն համալսարանի Ամերիկեան Հայկական Միջազգային ուսումնարանին մէջ:

1986-ին՝ հիմնած է Պո-Արաքս Մշակութային Ընկերակցութիւնը, իսկ 1990-ին հիմնադիրներէն եղած է Իտալիարմենիա ընկերակցութեան:

1992-ին՝ հեռակայ անդամ կը նշանակուի գիտութիւններու, արուեստներու եւ գրականութեան Վենետեան հաստատութեան:

1993-էն ի վեր, մաս կը կազմէ Վենետիկի լատին պատրիարքութեան թեմի կղերին:
1994-ին՝ անդամ կը դառնայ Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիային:

Արհիապատիւ Լեւոն արք. Զէքիեան խմբագրած է երեսուն հատորներ, հեղինակ է աւելի քան երկու հարիւր գիտական յօդուածներու եւ տասներեք մենագրութիւններու:

Կազմակերպչական այլ աշխատանքներէն, կարելի է յիշել Հայ Շարժանկարի Փառատօնը, Վենետիկ 1983-ին, 1988-ին՝ Հայ Արուեստի Միջազգային Ե. Գիտաժողովը, Իտալիա, 1990-ին՝ ցուցահանդէս «Հայերը Իտալիոյ մէջ», 2011-ին՝ երկու գործընկերներու հետ, ցուցահանդէս «Հայաստան՝ Քաղաքակրթութեան Դրոշմներ» Հայ տպագրութեան Ե. դարադարձին առթիւ:

Կը տիրապետէ հայերէնի (աշխարհաբար եւ գրաբար), թրքերէնի, իտալերէնի, ֆրանսերէնի, գերմաներէնի, անգլերէնի, լատիներէնի, դասական յունարէնի եւ եբրայերէնի (տարրական):

21 մայիս 2014-ին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՚անուանէ զինք Առաքելական Կառավարիչ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսական Աթոռին, շնորհելով անոր Արքեպիսկոպոսի աստիճանը, որպէս տիտղոսաւոր Ամիդայի Հայոց: