Տուն դարձ

Տուն դարձ

Սուրիական լրատուամիջոցներուն համաձայն 15 յունիս 2014-ին Քեսապը ազատագրուած յայտարարուեցաւ ահաբեկիչ զինեալներէն: Հետեւաբար, Քեսապի բնակիչները բռնեցին տուն դարձի ճամբան: Անոնց տուած վկայութեան համաձայն, բնակարաններ, հաստատութիւններ, խանութներ, հողագործական սարքեր թալանուած են ու հրկիզուած: մշակութային կեդրոնը եւ եկեղեցիներ հրկիզուելով ծանր վնասներ կրած են:

Սուրիական բանակը կը շարունակէ պայթուցիկ սարքերու եւ ականներու զերծման աշխատանքը: Ջուրի ու երեկտրականութեան մատակարարման եւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու համար աշխատանքներ կը տարուին: Թուրքիան փակած է սահմանները Քեսապէն փախուստ տուող ահաբեկչական խմբաւորումներուն առջեւ:

Nareg 2Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ՝ հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան յայտնած է, որ զինեալները քանդած են հայ կաթողիկէ սուրբ Միքայէլ եկեղեցին, աւերած են վանքը եւ Բարեյուսոյ վարժարանը: Պղծած են նաեւ Եկեղեցւոյ կից թաղուած հայր Համազասպ վրդ. Գլնճեանի գերեզմանը՝ աճիւնները դուրս հանելով: Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեանի տուած տեղեկութիւններուն համաձայն, կարգ մը ընտանիքներ վերադարձած են Քեսապ, իսկ ուրիշներ կը սպասեն հիմնական կենցաղային ծառայութիւններու վերականգնումին, որպէսզի վերադառնան իրենց տուները: Ան նշեց նաեւ, որ 20 յունիս 2014-ին հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ երիտասարդութիւնը օգնութեան ծրարներ բաժնած է բնակիչներուն:

Հայր Նարեկ վրդ. Լուիսեան վերջերս տեղեկացուցած էր, թէ յաջողած էր գնել Լաթաքիոյ մէջ ծախու հանուած հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատկանող հնատիպ աղօթագիրքեր, Սուրբ Աւետարանի եւ Մաշտոցի ութ օրինակներ: