ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

ԱՅԼԱԶԱՆ ԼՈՒՐԵՐ

Գեղարուեստական եւ դաստիարակչական երեկոյթ Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարուան առթիւ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ծիսական տարուան յատուկ յանձնախումբին, շաբաթ, 7 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Ծէսին նուիրուած Յոբելինական Տարուան առթիւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական եւ դաստիարակչական երեկոյթ Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան, որ ներկայացուց ձեռնարկին ընդհանուր նպատակն ու յայտագիրը:

Ապա ներկայացուեցաւ «Երբ մկրտենք մեր մանուկը…» թատերախաղը, հեղինակութեամբ՝ հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեանի եւ բեմադրութեամբ՝ Յարութ Հարպոյեանի: Հիմնական նիւթը կեդրոնացաւ մկրտութեան շնորհքին եւ անոր կարեւորութեան մասին քրիստոնեայի կեանքին մէջ:

Ներկայացումէն ետք, հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան զրուցեց մկրտութեան եւ դրոշմի խորհուրդներուն մասին: Ան անդրադարձաւ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան, անձնական եւ եկեղեցական մակարդակներու վրայ:

Արծիւեան երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պրն. Մանուէլ Քեշիշեանի, ներկայացուց շարք մը մկրտութեան խորհուրդի, Աստուածայայտնութեան ու ջրօրհնէքի շարականներ:

Աւարտին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան ծիսական տարուան յատուկ յանձնախումբի նախագահ՝ գերպծ. հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեան խորհրդածութիւն մը կատարեց մկրտութեան եւ ծէսին մասին:

Երեկոն փակուեցաւ պահպանիչով եւ «Հայր մեր» աղօթքով:

 

Խաղաղութեան աղօթքի հանդիպում Վատիկանի մէջ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հրաւէրով, կիրակի, 8 յունիս 2014, երեկոյեան ժամը 7-ին, Վատիկանի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ Սուրբ Երկիրի խաղաղութեան նուիրուած աղօթքի հանդիպում մը, մասնակցութեամբ  Իսրայէլի   նախագահ`   Շիմոն   Փերեսի  եւ  Պաղեստինի  նախագահ`  Մահմուտ Ապպասի, անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւններուն եւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին։

Այս պատմական հանդիպումին կատարուեցան աղօթքներ միաստուածեան երեք կրօններու ծէսերով` հրեայ, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօններուն համաձայն։ Իւրաքանչիւր կրօնի ներկայացուցիչը աղօթեց՝ Աստուծմէ հայցելով խաղաղութեան պարգեւը։

«Խաղաղութիւնը կերտելու համար աւելի քաջութիւն պէտք է քան պատերազմ մղելը: Քաջութիւն պէտք է այո՛ ըսելու հանդիպման եւ ո՛չ հակամարտութեան. այո՛ ըսելու երկխօսութեան եւ ո՛չ բռնութեան. այո՛ ըսելու բանակցութեան եւ ո՛չ թշնամութեան. այո՛ անկեղծութեան եւ ո՛չ երկդիմութեան: Այս բոլորը կը պահանջեն քաջութիւն եւ մեծ ուժով ոգի մը» ընդգծեց Սրբազան Քահանայապետը իր խօսքին մէջ:

Իսրայէլի եւ Պաղեստինի նախագահները իրենց խօսքերուն մէջ շեշտեցին խաղաղութեան հրամայականը եւ տարածաշրջանի խաղաղութեան հաստատման համար մեծ ջանքեր թափելու անհրաժեշտութիւնը:

Աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, Բարթողոմէոս Ա. պատրիարքը եւ երկու նախագահները առանձին հանդիպում մը ունեցան:

 

Սուրիոյ տագնապի մասին միջազգային խորհրդաժողով Էջմիածնի մէջ

11 Յունիս 2014-ին, Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ «Սուրիոյ Ճգնաժամը. Մարտահրաւէրներ Հաւատքի Համայնքներուն Համար» նիւթով երկօրեայ միջազգային խորհրդաժողովը, նախագահութեամբ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Օլաւ Թուէյթի, պետական, դիւանագիտական ու հոգեւոր ներկայացուցիչներու:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բացման խօսքէն ետք, ելոյթ ունեցաւ Ազգային Ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան։ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Վրաստանի եւ Արեւելեան Եւրոպայի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ՝ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեան իր մասնակցութիւնը բերաւ այս խորհրդաժողովին, որ քննարկեց հետեւեալ նիւթերը.- «Սուրիոյ մէջ քաղաքական զարգացումները եւ մարդասիրական հեռանկարները», «Քրիստոնեաներուն ներկայութիւնն ու վկայութիւնը Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ արաբական աշխարհին մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն արդիւնքի լոյսին տակ» եւ «Հայկական համայնքները Մերձաւոր Արեւելքի եւ Սուրիոյ մէջ ու անոնց հեռանկարները»:

 

Ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդունեց դեսպան Տէյվըտ Հէյլը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը՝ չորեքշաբթի, 11 յունիս 2014-ի կէսօրին, հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլը: Հանդիպումին ներկայ եղան պետական երեսփոխան մէթր Սերժ Թուրսարգիսեան եւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

Շուրջ 40 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին, խօսակցութիւնը շօշափեց մասնաւորաբար Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ընկերային-տնտեսական խնդիրները եւ սուրիացի գաղթականներուն տառապալի վիճակը։ Շեշտելով նախագահական ընտրութեան կարեւորութիւնը, դեսպան Հէյլ յայտնեց որ ընտրութիւնը զուտ լիբանանեան պատասխանատուութիւն է եւ հետեւաբար ան պէտք է կատարուի առանց ազդուելու միջազգային տրամադրութիւններէն: Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ սուրիացի գաղթականներու ապրուստի շատ դժուարին պայմաններուն եւ շեշտեց անոնց վիճակը տանելի դարձնելու սահմանուած մարդասիրական օգնութիւններու անհրաժեշտութիւնը։ Այս կապակցութեամբ, Հոգեւոր Տէրը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներուն հնարաւոր բոլոր միջոցներով օգնելու Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի տագնապներու խաղաղ լուծման՝ առաջքը առնելու համար մարդկային յաւելեալ զոհերու ու նիւթական վնասներու յառաջացումին:

Ամերիկացի դեսպանը հրաժեշտ առաւ ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջմէ գնահատելով հայ կաթողիկէ համայնքին աշխոյժ եւ դրական ներկայութիւնը երկրին հասարակական կեանքի բոլոր մարզերէն ներս։

 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպանը

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը, 12 յունիս 2014-ին հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Աշոտ Քոչարեանը:

Հանդիպումի ընթացքին, խօսակցութիւնը շօշափեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովին աշխատանքները, ընդհանրապէս հայկական եւ մասնաւորաբար Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրները, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, եւ տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի կապակցութեամբ  Քահանայապետի մօտեցման ու ծրագիրներուն մասին:

 

Հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Հարիսայի մէջ

Կիրակի, 15 յունիս 2014-ին, Հարիսայի պազիլիքային մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ Լիբանանն ու Արեւելքը Մարիամ Աստուածածնայ սրտին նուիրաբերումին առաջին տարեդարձին առթիւ, նախագահութեամբ մարոնիներու կարդինալ Րաի Պատրիարքին եւ մասնակցութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Լիբանանի մօտ առաքելական նուիրակ Կապրիէլ Քաչչայի, Ասորի կաթողիկէ Եունան Պատրիարքին եւ բազմաթիւ հոգեւոր մեծաւորներու:

Կարդինալ Րաի իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ աւետարանումի վեհ առաքելութեան եւ նշեց թէ սրբագին նուիրագործումը կը սկսի քրիստոնեայ պարկեշտ կեանք ապրելով, հեռու մնալով մեղքէն եւ հարստանալով աստուածային շնորհներով: Ան յայտնեց որ ընտանիքները պարտին «բնական միջավայրեր» մնալ կրթութեան, փոխանցելու համար մարդկային ու բարոյական արժէքները:

 

Քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու աննախընթաց ժողով Պալամանտի մէջ

Հինգշաբթի, 26 յունիսին, Պալամանտի Համալսարանին մէջ, յոյն ուղղափառ Եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ արեւելեան Եկեղեցիներու պատմութեան մէջ աննախընթաց համաժողով մը, որ համախմբեց յոյն ուղղափառ, մարոնիթ, հայ կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, յոյն կաթողիկէ, ասորի ուղղափառ վեց Եկեղեցիներու պատրիարքները՝ Եուհաննա Ժ., Պշարա Րաի, Ներսէս Պետրոս ԺԹ., Իգնատիոս Եունան, Կրէկուար Գ. եւ Իգնատիոս Բ. Էֆրեմ։ Համաժողովին նպատակն էր արտայայտել քրիստոնեաներու միասնական զօրութիւնը եւ արաբական աշխարհի քրիստոնեաներուն կառչումը իրենց հողին։

Արեւելեան Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը քննարկեցին Արեւելքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան իրավիճակը՝ վերջին եւ յաճախ ողբերգական զարգացումներու, մասնաւորաբար տեղի ունեցող բռնագաղթերու, շրջանի քրիստոնեայ բնակչութեան մասսայական արտագաղթի եւ արաբական աշխարհը փոթորկող իրադարձութիւններու  լոյսին տակ։ Համաժողովի բացման իրենց ելոյթներուն մէջ, հոգեւոր պետերը վերահաստատեցին  իրենց միասնականութիւնը եւ իսլամական աշխարհին բացուելու իրենց պատրաստակամութիւնը։ Ասորի կաթողիկէ պատրիարքը առաջարկեց տօնացոյցերուն եւ մասնաւորաբար Զատկի Տօնի թուականներուն նոյնացումը։

 

Շնորհաւորագիր Եգիպտոսի նախագահին

Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի հոգեւոր հայրերուն, հայրապետներուն, մայրապետներուն, թեմին եւ համայն հայ կաթողիկէ համայնքի զաւակներուն անունով,  Աղեքսանդրիոյ թեմի առաջնորդ արհիապատիւ տէր Գրիգոր Օգոստինոս  արք. Քուսան շնորհաւորագիր մը յղած է Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Ապտ Ալ ֆադահ Սիսիին, որուն մէջ ան կը շնորհաւորէ նախագահը եւ կ՚աղօթէ, որ ամենակարող Աստուած իմաստութեամբ, խորաթափանցութեամբ, առողջութեամբ օրհնէ նորընտիր նախագահը եւ յաջողութեամբ պսակէ անոր ազգային աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել յոյսերն ու ձգտումները Եգիպտոսի ժողովուրդին,  որ ազատօրէն իր ձայնը տուած է նորընտիր նախագահին  վստահելով անոր ազնիւ անձին եւ սպասելով, որ պայծառ ու բարւոք ապագայի հեռանկարով վերակառուցէ նոր Եգիպտոսը աւելի արդի, ուր տիրելու է սէր, խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ մանաւանդ խաղաղ համակեցութիւն, որ վայել է սիրելի Եգիպտոսի հաւատարիմ ժողովուրդին: