Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Անդրանիկ Ելոյթը

Մեսրոպեան Վարժարանի «Շուշի» Պարախումբի Անդրանիկ Ելոյթը

Ուրբաթ, 27 յունիս 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Շուշի» պարախումբի անդրանիկ ելոյթը` ներկայութեամբ հոգեւոր հայրերու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ մեսրոպեանականներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, ելոյթը սկսաւ «Սասնայ պար»-ի կատարումով, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Աւօ Գարաքէշիշեան: Ան նշեց, որ Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակը հանդիսացած է նորանոր իրագործումներու եւ ձեռքբերումներու հանգրուան մը, եւ «Շուշի» պարախումբի այս անդրանիկ ելոյթը կու գայ աւելցնելու յաջողութիւններուն վրայ նոր նուաճում մը:

Mes9

Ապա ելոյթ ունեցան պարախումբի հինգ խումբերը` փոքրերու եւ միջակներու խումբեր, «Տանս Տը Սալոն»ի փոքրերու եւ մեծերու խումբեր եւ նախկին սաներէ կազմուած խումբ մը: «Շուշի» պարախումբի պարուսոյցներն են Սարին Արթինեան-Տեմիրճեան եւ Սարին Պողչալեան:

Մասնակիցները շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին պարեցին հայկական, լիբանանեան եւ այլ պարեր: Ելոյթի գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ պարային միացեալ կատարումով:

Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանի պարախումբի անդրանիկ ելոյթէն կը բացակայի պարախումբի հիմնադիր Յարութ Գարաճեանը, որուն ջանքերուն շնորհիւ ստեղծուած էր պարախումբը:

Mes10

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը մեծապէս արժեւորեց գործունէութիւնը երկու պարուսոյցներուն, որոնք հետեւողականութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարած են իրենց վստահուած պարտականութիւնը: Գալուստ հաստատեց, որ այս ելոյթը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու, որ Մեսրոպեան վարժարանը արժանի է 75-ամեայ պատմութիւն ունենալու եւ պատրաստ է երթը շարունակելու դէպի հարիւրամեակ: