Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այցը Սուրբ Երկիր

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այցը Սուրբ Երկիր

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական այցելութիւն մը կատարեց Սուրբ Երկիր 24-էն 26 մայիս: Ան հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ամմանի միջազգային մարզադաշտին մէջ 24 մայիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, որուն մասնակցեցան ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, ինչպէս նաեւ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքները, Յորդանանի եւ Երուսաղէմի համայնքապետերը, որոնց շարքին` Երուսաղէմի եւ Յորդանանի հայ կաթողիկէ էկզարքութեան Առաքելական կառավարիչ՝ գերապայծառ հայր Գէորգ թ.ծ.վ. Նորատունկեանը: Իսկ 25 մայիսին, ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը սուրբ Պատարագ մատուցանեց Ամմանի հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ: Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր գերապատիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան:

 

Ֆրանչիսկոս Պապին բացօթեայ սուրբ Պատարագը Բեթղեհէմի մէջ

P2

Կիրակի, 25 մայիս 2014, առաւօտեան ժամը 11-ին, Բեթղեհէմի «Սուրբ Ծննդեան տաճար»ի տարածքին վրայ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սուրբ Երկիր իր հովուական այցելութեան ծիրին մէջ, նախագահեց սուրբ եւ անմահ Պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ վայրին նշանակութեան մասին։ Ան ըսաւ յատկապէս. «Բեթղեհէմ, ուր ծնաւ Յիսուս Մանուկ աշխարհի մէջ, Աստուծոյ ներկայութեան նշանն է։ Այսօր եւս մանուկները նշան մըն են` նշան յոյսի, կեանքի եւ նշան հասկնալու ընտանիքի մը, ընկերութեան եւ աշխարհի առողջական իրավիճակը։ Երբ մանուկ մը ընդունուած է իր մօր արգանդին մէջ, սիրուած եւ պահպանուած, ընտանիքը առողջ է, ընկերութիւնը կը բարգաւաճի եւ աշխարհը աւելի մարդկային է»: Ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց Էֆֆէթա – Պօղոս Զ. հաստատութեան գործունէութեան ի սպաս պաղեստինցի խուլ եւ համր մանուկներուն, «Աստուծոյ բարիութեան ճանաչելի նշան» որակելով զայն։

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց ժամանակակից աշխարհի մէջ անմարդկային վիճակի մէջ ապրող մանուկներուն, որոնք անտեսուած են ընկերութենէն ու կ՚ապրին մեկուսացած։ Մանուկներ՝ որոնք շահագործուած են, ենթարկուած` ստրկութեան, բռնութիւններու եւ մարմնավաճառութեան, գաղթական, փախստական ու շատ անգամ նաեւ նաւաբեկութեան զոհ։

P3

Սրբազան Պապը հարց տուաւ. «Ո՞վ ենք մենք Մանուկ Յիսուսի դիմաց, այսօրուայ մանուկներուն դիմաց։ Կը նմանինք Մարիամին եւ Յովսէփին, որոնք կ՚ընկալեն Յիսուսը ու խնամք կը տանին անոր, կամ կը նմանինք Հերովդէսի ու կը ջանանք սպաննել զայն: Կը նմանինք հովիւներուն որոնք կ՚երթան Անոր երկրպագելու ու Անոր նուիրելու խոնարհ պարգեւներ կամ ալ անտարբեր ենք մանուկներու պահանջներուն ու կը մտածենք միայն մեր անձնական շահերուն մասին» ։

«Այսօր եւս շատ մը մանուկներ կ՚ողբան, որովհետեւ անօթի են, ցուրտէն կը տառապին, գուրգուրանքի պէտք ունին. անոնց ճիչը մեզի համար մարտահրաւէր մըն է» յարեց Սրբազան Հայրը ու խօսքը եզրափակեց մաղթելով որ «այս խղճի քննութենէն բխի կեանքի նոր պայման մը ուր յարաբերութիւնները հիմնուած ըլլան եղբայրութեան, ներման, հաշտութեան, բաժնեկցութեան եւ սիրոյ վրայ»:

 

Համամիութենական հանդիպում Երուսաղէմի մէջ

P4

Կիրակի, 25 Մայիսի 2014, երեկոյեան ժամը 8-ին, Պօղոս Զ. եւ Աթենակորաս Պատրիարքին միջեւ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի 50-րդ տարեդարձին առթիւ, Երուսաղէմի «Սուրբ Թաղման» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համամիութենական հանդիպում, մասնակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին եւ Կ. Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին, ինչպէս նաեւ Սուրբ Երկրի կաթողիկէ Եկեղեցիներու հովուապետերուն, ղպտի, ասորի, եթովպիացի արքեպիսկոպոսներուն, անկլիքան ու լուտերական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն, բազմաթիւ եպիսկոպոսներու եւ Սուրբ Երկրի «յատուկ կարգավիճակը» ապահովող 5 երկիրներու հիւպատոսներուն (ֆրանսա, Պելճիքա, Սպանիա, Իտալիա եւ Յունաստան) եւ այլ երկիրներու ներկայացուցիչներու։

Սուրբ Թաղման տաճար մուտքին, Ֆրանչիսկոս Պապն ու Բարթողոմէոս Ա. դիմաւորուեցան Սուրբ Երկրի «յատուկ կարգավիճակը» ապահովող երեք յարանուանութիւններու՝ յոյն օրթոտոքս, ֆրանչիսկեան եւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ մեծաւորներուն կողմէ, հուսկ երեք յարանուանութիւններու անունով խօսք առաւ Երուսաղէմի Յոյն օրթոտոքս Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքը, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Բարթողոմէոս Ա.ին։

Սուրբ Աւետարանի ընթերցումէն ետք խօսք առաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը ճառ մը արտասանեց։

Նշենք, որ Ֆրանչիսկոս Պապը նախապէս, ժամը 5-ին առանձնական հանդիպում մը ունեցաւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք` Բարթողոմէոս Ա.ին ու անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ։ Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վատիկանի Պետքարտուղարը՝ Կարտինալ Փարոլին եւ Քրիստոնեաներու միութեան Ժողովի կառավարիչը՝ Կարտինալ Քիւրտ Քոխ։ Յուշանուէրներու փոխանակումէն ետք, նոյն վայրին մէջ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարութիւն մը, ապա երկու Հովուապետերը ուղղուեցան Սուրբ Թաղման տաճար որուն հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում եւ ողջագուրում, որ դիմաւորուեցաւ ծափողջոյններով եւ զանգակներու ղօղանջով։