Հանդիպում Յովհաննէս Պօղոս Ս. Քահանայապետին հետ

Հանդիպում Յովհաննէս Պօղոս Ս. Քահանայապետին հետ

1997-ին, Մայիս ամսուան առաւօտ մըն էր: Հայր Գէորգ վրդ. Եղիայեանը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, թէ ամենապատիւ Գասպարեան Հոգեւոր Տիրոջ փափաքով, Մայիս 11-ին՝ Սրբազան Քահանայապետին մատուցելիք Ս. Պատարագին պիտի ներկայացնեմ ընծաները, գինին եւ ջուրը, իբրեւ ներկայացուցիչ լիբանանահայ գաղութին:

Երբ հեռաձայնին ընկալուչը զետեղեցի, ինքզինքս առինքնուած եւ արբեցած կը զգայի: Ուրախութեան, վախի եւ ոգեւորութեան զգացումներով յանձն առի ինծի շնորհուած այս պարտականութիւնը:

Հասաւ սպասուած օրը: Հարիւր հազարաւոր խուռներամ ժողովուրդը շարան-շարան կ՚ուղղուէր դէպի Պէյրութի նաւահանգիստին առաջ գտնուող տարածքը, ուր տեղի պիտի ունենար Ս. Պատարագը:

Այդ օրին տակաւին շատ տեղեկութիւն չունէի Յովհաննէս Պօղոս Բ.՝ Սրբազան Քահանայապետի անձին մասին, որքան այսօր, բայց խանդավառութիւնս անսահման էր, որովհետեւ պատիւը պիտի ունենայի մօտէն հանդիպելու այդքան աշխարհահռչակ եւ միջազգային մեծ ճանաչում ունեցող անձնաւորութեան մը հետ:

Սրբազան պահը հասաւ: Բարձրացայ խորան, մօտեցայ Իրեն, ներկայացուցի ընծաները: Մօտաւորապէս 1.5 վայրկեան ունէի միայն իր հետ խօսակցութիւն փոխանակելու: Ֆրանսերէն լեզուով ներկայացուցի անձնական եւ Հայ Դատին հետ առնչուած խնդրանքս: Ան ձեռքերս առած էր իր ափերուն մէջ եւ հայեացքը կեդրոնացուցած իմ աչքերուս խորը: Արդէն մաքնիսացած էի: Զգացի թէ ան սովորական անձ մը չէ եւ աստուածային յատկութիւն մը կայ իր մէջ: Տարօրինակ եւ անբացատրելի ուժ մը ունէր: Ան ուշադրութեամբ ունկնդրեց զիս, մի քանի հարցումներ ուղղեց, ապա օրհնեց զիս, ընտանիքս եւ ազգս:

Որքան փափաքեցայ որ Սրբազան Հօր հետ այդ պահը ժամեր տեւէր, բայց կազմակերպիչ անձը նշան տուաւ, որ կարգս աւարտած էր: Ոտքի ելայ մեկնելու: Ալ չէի տեսներ դիմացս գտնուող բազմահազար ժողովուրդը: Այնքան վերացած էի, որ դժբախտաբար չլսեցի Սրբազան Քահանայապետին ինծի ուղղած վերջին նախադասութիւնը: Յետոյ իմացայ կողքս գտնուող անձէն, որ Քլտան համայնքը կը ներկայացնէր, թէ Սրբազան Հայրը ըսած էր՝

«Parlez quelques mots en Armռnien»… (Քանի մը բառ հայերէն խօսէ՛):

Ս. Պատարագի աւարտին շատեր ինծի մօտեցան հարցնելու, թէ ի՛նչ խօսած էի: Միայն մէկ պատասխան կրցայ տալ բոլորին՝ «Վստահ եմ, որ այս անձը օր մը սուրբ պիտի հռչակուի»:

ՌԻԹԱ ՊՈՅԱՃԵԱՆ