Հ. Լեւոն Պօղոս ծ. վ. Զեքիեան` Առաքելական Կառավարիչ Պոլսոյ թեմին

Հ. Լեւոն Պօղոս ծ. վ. Զեքիեան` Առաքելական Կառավարիչ Պոլսոյ թեմին

Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի դիւանը կը տեղեկացնէ, թէ Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապը գերյարգելի հայր Լեւոն Պօղոս ծայրագոյն վարդապետ Զեքիեանը անուանեց որպէս Առաքելական Կառավարիչ (seda plena) Պոլսոյ արքեպիսկոպոսական Աթոռին՝ անոր շնորհելով արքեպիսկոպոսական աստիճանը: Նորանշանակ արքեպիսկոպոսը պիտի ըլլայ տիտղոսաւոր Ամիտայի հայոց:

Նշենք թէ ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, հաւանութեամբ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մնայուն Սիւնհոդոսի, ընդունած էր արհիապատիւ հայր Գէորգ արք. Խազումեանի հրաժարականը` Պոլսոյ հայ կաթողիկէ թեմի օգնական արքեպիսկոպոսի իր պաշտօնէն, Արեւելեան Եկեղեցիներու կանոնագրին համաձայն:

Պոլսոյ նորանշանակ Առաքելական կառավարիչին գահակալութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Սեպտեմբերին: