Ուխտի Օր Զմմառու

Ուխտի Օր Զմմառու

Աւանդութեան համաձայն, «Զմմառու Ուխտի Օր»ը, այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Յունիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 10-ին: Զմմառու հայ կաթողիկէ վանքը լայն բացաւ իր թեւերը՝ հիւրընկալելով Լիբանանի տարբեր շրջաններէն ժամանած հազարէ աւելի ուխտաւորներ, որոնք եկած էին մասնակցելու Հայրապետական Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին ու ապա Վարդա֊րանի ջերմեռանդութեան եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով։ Այս առթիւ, հանդիսաւոր Ս. Պատարագը մատոյց ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց, որուն կողքին առընթերակայ վարդապետներն էին` Զմմառու Վանքի ընդհանուր քարտուղար գերապատիւ Մովսէս վրդ. Տօնանեան եւ Քեսապի Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ գերապատիւ Նարեկ վրդ. Լուիսեան :

Y3

Տիրամօր արձանը ուսամբարձ, Ս. Վարդարանի աղօթքով եւ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին հնչեցուցած տաղերու ուղեկցութեամբ, Հայ Կաթողիկէ կղերաց շքախումբը եւ հանրութիւնը Զմմառու հրապարակէն թափօրով յառաջացան դէպի Զմմառու Վանքի շրջաբակը, ուր զետեղուած էր Ս. Խորանը, մինչ Զմմառու Մայրավանքէն՝ Հոգեւոր Տէրը, ժառանգաւորներու ուղղեցութեամբ, երկրորդ թափօրով մը կը բարձրանար Խորան եւ ընթացք կþառնէր օրուան Ս. Պատարագի արարողութիւնը, երգեցողութեամբ` Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ Արծիւեան երգչախումբի, ղեկավարութեամբ Մանուէլ Քէշիշեանի։ Հայրապետին խնկելի աղօթքները բարձրացան առ Աստուած, ի պատիւ Սրբոյ Կուսին եւ անոր Մայրական բարեխօսութեան դիտաւորութեամբ։ Խորանին սպասաւորութիւնը կատարեցին` հայ կաթողիկէ Զմմառեան միաբանութեան Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու Ս. Միքայէլ ընծայարանի նորընծաները:

Արարողութեան ներկայ էին Լիբանանի մօտ Հ. Հ. դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Տիար Վարդան Ադամեան, պետական եւ կուսակցական անձնաւորութիւններ, հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններ, հայկական բարեսիրական, մշակութային, եւ այլ կազմակերպութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Y2

Յընթացս Սուրբ Պատարագին արտասանած իր քարոզին մէջ, Հոգեւոր Տէրը Տիրամօր կեանքի ուղին ամփոփեց երեք կէտերու մէջ ըսելով` «Առաջին, Ան լսելով Աստուծոյ Կանչը՝ հնազանդեցաւ Անոր: Երկրորդ, Ան որոշեց այցելել Եղիսաբեթին, անոր յղութեան շրջանին փութալով ծառայելու անոր: Երրորդ, Ան գործադրեց իրեն թելադրուած պատուէրները»։

Հայրապետը իր խօսքը եզրափակեց ներկաներուն յորթորելով որպէս իտէալ առնել Տիրամայրը իրենց կեանքի ողջ ընթացքին, որով կարելի կ’ըլլայ ապահովել մշտնջենականութիւնը:

Y4

Կէսօրուան ժամը 1-ին, ժառանգաւորաց սեղանատան մէջ, խանդավառ մթնոլորտի ներքեւ տեղի ունեցաւ հացկերոյթ, որուն ընթացքին խօսք առաւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի եւ Ս. Միքայէլ ընծայարանի տեսուչ գերապատիւ Բարսեղ վրդ. Պաղտասարեան։ Ան ողջունեց մասնակիցները եւ աւելցուց. «Գարնան եւ գեղեցկութեան ամիս` Մայիսը նուիրուած է Տիրամօր, քանզի բնութեան իւրաքանչիւր տարր ծաղկման ժամանակաշրջանը թեւակոխած կ’ըլլայ։ Այս շրջանին, Զմմառու միաբաններս մեր ցնծութիւնը կը դրսեւորենք իւրաքանչիւր տարուայ Մայիսի վերջին Կիրակին, կազմակերպելով միօրեայ Ուխտի Օր»։ Հուսկ, Հայր սուրբը ներկաներուն շնորհակալութիւն յայտնելով եզրափակեց իր խօսքը:

Յետմիջօրէի ժամը 3-ին տեղի ունեցաւ Վարդարանի ջերմեռանդութիւնը դարձեալ Վանքիս շրջաբակին մէջ, ապա արժանապատիւ Կարապետ քհնյ. Դաթէոսեան՝ Զմմառու Տիրամօր պատկերը բարձրացնելով հայցեց անոր բարեխօսութիւնը առ Ս. Երրորդութիւն։ Աւարտին, Զմմառու դպրեվանքի փոխ-տեսուչ գերապատիւ Մաշտոց վրդ. Զահթէրեան զգուշացուց հաւատացեալները ըսելով`.«Վա՛յ ձեզի, եթէ միայն դուք ձեզի վերապահէք Տիրամօր բարեխօսութիւնը, այլ` փոխանցեցէք զայն այլոց եւ ամէնուր»։

 

Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան
դպրեվանի ժառանգաւոր`
եղբ. ԺԱԳ ՔԷՇԻՇԵԱՆ