«JUNIOR EUROVISION»Ի ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՍՏՂ` ՏԱԼԻԹԱՅԻ ԵԼՈՅԹԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

«JUNIOR EUROVISION»Ի ՀԱՅՐԵՆԻ ԱՍՏՂ` ՏԱԼԻԹԱՅԻ ԵԼՈՅԹԸ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանը` հայակերտման ու մարդակերտման իր առաքելութեան կողքին եղած է նաեւ հայ ազգային արժէքներու եւ հարստութիւններու պահպանման ու տարածման կաճառ մը:

Սփիւռքի մէջ հայ առողջ հասարակութիւն եւ նոր սերունդ ունենալու համար անհրաժեշտ է ապահովել նաեւ անոնց մշակութային զարգացումը: Հայ երգը արտացոլացումը ըլլալով հայ ժողովուրդի հարուստ մշակոյթին, անոր փառաւոր ժառանգութեան կտակը նորահաս սերունդին փոխանցելը պարտականութիւն համարելով, տնօրէնութիւնս Լիբանան հրաւիրեց «Մանկական Եւրոտեսիլ»ի հայրենի աստղ` Տալիթա Աւանեսեանը, այսպիսով` հայկական հին ու նոր երգերու հաւաքածոն դնելով լիբանանահայ հանրութեան վայելքի տրամադրութեան տակ:

D4

Տալիթա Աւանեսեան ծնած է 19 Սեպտեմբեր 1999-ին: Կ՚ուսանի «Հայաստանի Եւրոպական Գոլէճ», ինչպէս նաեւ «Ալեքսանդր Սպենդիարեան»ի անուան թիւ 1 երաժշտական դպրոցի «ճազ վոքալ» բաժնին մէջ, ուր նաեւ աւարտած է 3 տարբեր բաժիններ՝ դասական վոքալ, դաշնամուր եւ կիթառ: Կը շարունակէ նաեւ ուսանիլ «Երեւանի Պետական Ճազ Գոլէճ»ի գործիքային բաժնին մէջ: Մասնակցած է զանազան մրցումներու եւ երգի փառատօններու, եւ ստացած է բազմաթիւ մրցանակներ, մետալներ եւ պատուոյ գիրեր: 2011 թուականին ներկայացուցած է Հայաստանի մէջ առաջին «Մանկական Եւրոտեսիլ» (Junior Eurovision) հեղինակաւոր մրցոյթը եւ որպէս հիւրընկալ գրաւած է հինգերորդ դիրքը: Նոյն տարին արժանացած է նաեւ «Եւրոտեսիլի Դեսպան» տիտղոսին:

Լիբանան կեցութեան ընթացքին Տալիթան ունեցաւ քանի մը այցելութիւններ եւ լրատուական միջոցներու հետ հանդիպումներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ իր երգերէն 2 տեսահոլովակի նկարահանում, բեմադրութեամբ Յովիկ Յակոբեանի:

Ուրբաթ, 30 Մայիսի առաւօտուն, Տալիթան այցելեց Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան եւ աշակերտները խանդավառեց իր «Welcome to Armenia» երգին մեկնաբանութեամբ, իսկ աշակերտները զինք դիմաւորեցին սիրալիր մօտեցումով:

D1

Նոյն օրը երեկոյեան, լիբանանահայ գաղութը ժամադրուած էր Տալիթային հետ, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած ելոյթով, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Ս. Խաչ-Հարպոյեանի շրջանաւարտներէն` Գոհար Յակոբեանը եւ վարժարանիս «Ալագեազ» պարախումբը, պարուսոյց Գոհար Տեմիրճեանի գլխաւորութեամբ, որ հանդէս եկաւ մենապարով մը:

Յովիկ Յակոբեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ ելոյթը կ՚ընդգրկէր 15 երգեր, որուն դաշնամուրի նուագակցութեամբ կ՚ընկերակցէր հայրենի արուեստագէտ, երաժշտահան եւ music producer Էտմոնտ Մաքարեան:

Մէկուկէս ժամ տեւողութեամբ ելոյթին բեմավարութիւնը ստանձնած էր իրաւաբան Գէորգ Յակոբճեան, որ Տալիթային կատարողութեամբ արդէն հմայուած ներկաներուն հրամցուց մեր բանաստեղծներէն ռտանաւորներու հատուածներ, եւ մեր մշակոյթին ու փառաւոր արուեստին տէր կանգնելու լոզունգներ:

Տալիթան հրապուրիչ բեմականացումով ներկայացուց էսթրատային եւ աշուղական երգերու փունջ մը, որ կ՚ընդգրկէր նաեւ 2 նոր երգեր: «Իմ անունը Հայաստան է» եւ «Հայ-Հայ» երգերու Տալիթային եւ Գոհարին գեղեցիկ զուգերգով յայտագիրը հասաւ իր աւարտին:

D3

Երիտասարդ արուեստագէտներու քաջալեր հանդիսանալով, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի տնօրէնութիւնը կը միտի հայ երգին ընդմէջէն հայ նոր սերունդին մտքին ու սրտին մէջ արմատացնել ազգասիրութիւնը, եւ երաշխաւորել հայ երգարուեստին գոյատեւումն ու յարատեւութիւնը: Վարժարանս, իր նուիրական գործին զուգահեռ, իր աշխատանքները ի սպաս կը դնէ նաեւ հայ մշակոյթին, մասնաւորաբար նպատակ ունենալով նորահաս սերունդի մշակութային զրահաւորումն ու պաշտպանումը` օտարացումի աննպաստ ու կլանող հոսանքներուն դէմ:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ