ՀԿՀՄ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ Գ. ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ

ՀԿՀՄ-Ի ՄԻՋ-ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ Գ. ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՄՐՑՈՒՄԸ

Շաբաթ, 3 Մայիս 2014-ին, Զալքայի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Համալսարանականներու Միութեան ¥ՀԿՀՄ¤ դաստիարակչական-մշակութային Յանձնախումբի կազմակերպած միջ-դպրոցական զարգացման մրցումը, որուն մասնակցեցան լիբանանահայ 9 երկրորդական վարժարաններու աշակերտները: ՀԲԸՄ.ի Դարուհի-Յովակիմեան Վարժարանի, Հայ Կաթ. Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վար-ժարանի, Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճի, Հայ Աւետարանական Գոլէճի, Հայ Կաթ. Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճի, ՀԿԲՄ.ի Սահակեան-Լ. Մկրտիչեան Գոլէճի, Ս. Հռիփսիմեանց Վարժարանի եւ Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտներէն բաղկացած 4 հոգինոց խմբակներ մրցեցան իրարու դէմ, նախապէս սերտած ըլլալով Յանձնախումբիս պատրաստած «Հայաստան… Երկիր Դրախտավայր» խորագրեալ գրքոյկը, որ կ’ընդգրկէ Հայաստանի աշխարհագրական եւ պատմական ամփոփ տեղեկագրութիւնները:

Մրցումին ներկայ էին Միութեանս հոգեւոր վարիչ՝ գերյարգելի հայր Անդրանիկ ծ. վրդ. Կռանեանը, մասնակից վարժարաններու հայերէն լեզուի ուսուցչուհիներ եւ մրցող աշակերտները քաջալերող դասընկերներ:

Հայ լեզուի ուսուցչուհիներէ կազմուած դատական եռանդամ կազմը իր որոշումը կայացնելէ ետք, մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Գոլէճը (95.5/100), երկրորդ դիրքը՝ Հայ Աւետարանական Գոլէճը (92.25), իսկ երրորդ դիրքը՝ Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Գոլէճը (92) :

H1

Մասնակից բոլոր խմբակները ստացան մասնակցութեան վկայագիրներ, իսկ շահող խմբակը ստացաւ նաեւ առաջնութեան մրցանակի յուշանուէրը: Շահող վարժարանի աշակերտներէն իւրաքանչիւրը ստացաւ 200 ամ. տոլարի գումար մը:

Շնորհաւորելի են բոլոր մասնակից աշակերտները: Կը գնահատենք հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչներուն տարած աշխատանքը, ինչպէս նաեւ կը շնորհաւորենք յաղթական վարժարանին աշակերտները:

ՀԿՀՄ.Ի ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ