Դէպի 100 ամեակ… Դէպի նահատակ ժողովուրդին երազած գարու՞նը

Դէպի 100 ամեակ… Դէպի նահատակ ժողովուրդին երազած գարու՞նը

Երրորդ հազարամեակը գարնանային յեղափոխութիւններու ժամանակաշրջանի մը մեկնարկը տուած ըլլալով, հայ ազգն ալ իր կարգին կը գտնուի իր բիւրաւոր նահատակներուն երազած գարնան իրականացումը լրումին հասցնելու մարտահրաւէրին դիմաց:

Տարի մը միայն մեզ կը բաժնէ 100-րդ տարելիցէն Հայոց Ցեղասպանութեան. աւագ տարի մը որ մեզ պիտի հասցնէ յարութեան: Բաւ է երեկոներ տեսնենք մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Եթէ այսօր՝ հեռուէն կը նշմարենք ճառագայթներ, վաղը՝ արեւածագին, այդ ճառագայթները պիտի լուսաւորեն մեր ճանապարհները դէպի Հայրենիք, որպէսզի հո՛ն, որպէս մէ՛կ ու միասնական ժողովուրդ, հայկական դրօշին ներքեւ, հայկական հողին վրայ, զետեղենք մեր հերոսներուն ծաղկեպսակները եւ միասնաբար երգենք «Տէր ողորմեա»ն՝ ոչ թէ ողբալու, այլ՝ հայցելու համար երկնային զօրակցութիւն մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին, որ պիտի թեւակոխէ շրջադարձային հանգրուան մը:

Հայոց ցեղասպանութիւնը պէտք չէ դաոնայ շահագործուող փաստաթուղթ մը տարբեր երկիրներու կողմէ ընդդէմ թրքական պետութեան: Մեր ապագան պէտք չէ թաղուի մեծ պետութիւններու եսակեդրոն հաշիւներու ետեւը: Բաւ է խաբուինք սեղաններու տակ արձանագրուած ստորագրութիւններէն: Մենք պահանջատէր ժողովուրդ ենք: Մեզի հայրենասիրութիւն քարոզող շողոքորթներու խորհուրդներուն պէտք չունինք: Նախ պէտք է լծուինք մեր պահանջատիրական երթը թուլացնող ախտերու դարմանումին:

Արդարեւ եւ դժբախտաբար, հայ ժողովուրդին եղեռնը դեռ եւս կը շարունակուի տարբեր գունաւորումներով: Մէկ կողմէն արտագաղթը Հայաստանէն եւ ջաւախքահայութեան տառապանքը, միւս կողմէն Սփիւռքի ձուլումը, մշակութային ու լեզուական մարտահրաւէրները, եւ վերջապէս՝ անտարբերութիւնը հանդէպ Լուսաւորչեան հաւատքին: Հայ դատի հետապնդումը կը սկսի սեփական դաշտէն ներս զայն արգելակող երեւոյթներու հարթումով:

Այս բոլորին դէմ յանդիման կենալու համար հիմնական կէտերէն մէկն է ամրապնդումը Հայաստան-Սփիւռք փոխ-յարաբերութիւններուն: Այս համագործակցութիւնը ապահով որ պիտի նպաստէ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման գործընթացին: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին մեծապէս նպաստած են սփիւռքեան կազմակերպութիւնները եւ կառոյցները: Հայաստանի եւ սփիւռքի կատարած առանձին ջանքերը պէտք է համադրուին եւ համատեղուին, հասնելու համար միեւնոյն նպատակին: Անարդարութիւնը որ կատարուեցաւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ չափ ու սահման չունի, եւ ասոր համար Հայաստան-Սփիւռք համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնն ալ չափ ու սահման պէտք չէ ունենան:

Երանի թէ թուրքը այլեւս հասկնայ ու համոզուի թէ այդ օսմանական անասնային գաղափարախօսութիւնը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ. Թող Էրտողան մը ի’ր ցաւառիթներուն վերապահէ իր ցաւակցութիւնները: Թող լաւ հասկնայ թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ցաւառիթ մը չէ որ ցաւակցութիւն յայտնէ, այլ՝ յաղթանակ մըն է յանուն կրօնքին ու հայրենիքին: Թող լաւ ըմբռնէ նաեւ թէ հայը շատ աւելի նախանձախնդիր է իր ազգային ու եկեղեցական շահերուն, քան որեւէ մէկ փրոթոքոլային ստորագրութիւն, որ կը փորձէ մշուշապատել արիւնոտ էջեր ծածկող պատմութիւն մը:

Աւետարանի էջերուն մէջ կը կարդանք թէ երբ Քրիստոսին խուլ ու համր դիւահար մը բերին, որպէսզի անոր մէջէն դեւը արտաքսէ, ան ըսաւ. «Այսպիտի դեւեր միայն աղօթքով կ՛ելլեն»: Այո՛, թուրքը այդ համր ու խուլ դեւն է, որ պարզապէս գիտէ ջարդել: Մեր զէնքը մեր աղօթքն է, մեր աղօթքը մեր պահանջատիրութիւնն է, եւ մեր պահանջատիրութիւնը մեր հաւատարմութիւնն է: Մենք մեր դատը կը քարոզենք, մեր դատով կը գոյատեւենք, եւ մեր դատով քրիստոսական սկզբունքներն ու ազգային արժէքները կը մարմնաւորենք աշխարհին մէջ: Սկզբունքներ ու արժէքներ՝ որոնք յաւերժ են, այնպէս ինչպէս զանոնք դաւանող ազգերը:

 

Ս.Կ.