ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻԳ.ի ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.ի ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԸ 2000 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ  ԻԳ.ի ԵՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.ի ՍՐԲԱԴԱՍՈՒՄԸ 2000 ՏԱՐԻԷ Ի ՎԵՐ ԱՆՆԱԽԸՆԹԱՑ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

«Ի պատիւ Սուրբ եւ անբաժանելի Երրորդութեան,
կաթողիկէ Հաւատքի փառաւորումին եւ քրիստոնէական կեանքի աճումին համար,
Տէրն մեր Յիսուսի Քրիստոսի, Պետրոս եւ Պօղոս սուրբ Առաքեալներուն
եւ Մեր իշխանութեամբ,
երկար մտածելէ ետք,
բազմաթիւ անգամներ հայցելէ ետք երկնային օգնութիւնը
եւ լսելէ ետք բազմաթիւ եղբայրներու կարծիքը,
իբրեւ սուրբեր կը հռչակենք երջանկայիշատակ
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԻԳ.ը եւ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊՕՂՈՍ Բ.ը
եւ զանոնք կ՚արձանագրենք Սուրբերու Գիրքին մէջ,
եւ կը հաստատենք որ անոնք պատուուին երկիւղածութեամբ եւ ջերմեռանդութեամբ
Տիեզերական Եկեղեցւոյ սուրբերու շարքին»։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին այս հռչակումը դիմաւորուեցաւ Վատիկանի «Սուրբ Պետրոս» հրապարակին վրայ հաւաքուած շուրջ 500 հազար եւ հրապարակ տանող փողոցներուն մէջ՝ աւելի քան 400 հազար հաւատացեալներու բազմութեան որոտընդոստ ծափահարութիւններով, մինչ Հռոմի բոլոր եկեղեցիներուն զանգակները կը ղօղանջէին եւ սրբադասման մեծաշուք արարողութեան պատկերասփիւռի միջոցով կը հետեւէին շուրջ երկու միլիառ գնահատուած ժողովուրդ։ Աննախընթաց այս իրադարձութեան մասին վկայելու եկած էին աւելի քան 2000 լրագրողներ աշխարհի բոլոր կողմերէն։

Արդարեւ, կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2000 տարուան պատմութեան մէջ աննախընթաց էր կրկնակ սրբադասումը որ տեղի ունեցաւ կիրակի, 27 ապրիլ 2014-ին, աննախընթաց ո՛չ միայն անոր համար որ երկու երջանկայիշատակ Պապեր Սուրբ կը հռչակուէին միաժամանակ, այլ անոր համար որ այդ հռչակումը կը կատարուէր ի ներկայութեան երկու Պապերու՝ Ֆրանչիսկոսի եւ իր նախորդին՝ Բենեդիկտոս ԺԶ.ին։ Երկու պապեր երկինքի մէջ, երկու պապեր՝ «Սուրբ Պետրոս»ի հրապարակին վրայ։ Ֆրանչիսկոսի եւ Բենեդիկտոս ԺԶ.ի ողջագուրումը դիմաւորուեցաւ բազմութեան ծափողջոյններով։

2000 տարիէ ի վեր կաթողիկէ Եկեղեցին ղեկավարող 266 պապերէն շուրջ 80-ը սրբադասուած են։

Յընթացս սրբադասման սուրբ Պատարագին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դրուատեց «քաջութիւնը երկու մարդոց», որոնք «կենդանի յուսոյ կրողները եղան – ըսաւ ան։ Անոնք եղան 20-րդ դարու քահանաներ, եպիսկոպոսներ եւ պապեր։ Ապրեցան ողբերգութիւններ, սակայն անոնցմէ չընկճուեցան։ Անոնց մէջ Աստուած աւելի զօրաւոր էր. աւելի զօրաւոր էր հաւատքը հանդէպ մարդու փրկչին եւ պատմութեան Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի. անոնց մէջ աւելի զօրաւոր էր Յիսուսի հինգ վէրքերով արտայայտուած ողորմածութիւնը. աւելի զօրաւոր էր Մարիամին մայրական մօտիկութիւնը»։ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ որ «երկու նոր Սուրբերը գործակցեցան Սուրբ Հոգիին հետ վերանորոգելու եւ այժմէականացնելու համար Եկեղեցին՝ համաձայն իր սկզբնական դիմագիծին, զոր իրեն տուած են սուրբերը դարերու ընթացքին»։

 

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՆՈՒԻՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԻՒՆԸ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքը մասնակցեցաւ սրբադասման այս արարողութեան՝ ընկերակցութեամբ արհիապատիւ վաստակաւոր եպիսկոպոսներու` հայր Մանուէլ եպս. Պաթագեանի եւ հայր Գրիգոր եպս. Կապրոյեանի, ապա նաեւ Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի առաջնորդ արհիապատիւ հայր Ռաֆայէլ արք. Մինասեանի, Եգիպտոսի առաջնորդ տէր Օգոստինոս եպս. Գուսանի, Զմմառու միաբանութեան եւ պատրիարքական թեմի պատրիարքական փոխանորդ գերպ. հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ Լեւոնեան վարժարանի փոխ տեսուչ գերապատիւ հայր Գրիգոր վրդ. Պատիշահի եւ որպէս աւանդապահ` գերապատիւ Տէր Աւետիք վրդ. Յովհաննէսեանի։

 

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻՆԵՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԷԻՆ

Սրբադասման արարողութեան ներկայ 98 պետական եւ միջազգային կառոյցները ներկայացնող պատուիրակութիւններու շարքին կը գտնուէին թագաւորներ, նախագահներ եւ պետութիւններու ղեկավարներ։ Արարողութեան մասնակցեցան նաեւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահը՝ Միշել Սլէյման եւ տիկինը, ընկերակցութեամբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ժպրան Պասիլի եւ իր տիկնոջ: Մարոնիթներու վսեմաշուք կարդինալ Պշարա Ռաի պատրիարքը, լիբանանցի եպիսկոպոսներ եւ լիբանանեան միաբանութիւններու մեծաւորներ եւս կը գտնուէին Հռոմ, ընկերակցութեամբ շուրջ 8000 լիբանանցի ուխտաւորներու։

 

Ա.