ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏԵՑ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅԱՌԱՋԱՊԱՀ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ ԻՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆԸ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին ընդառաջ, օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան դատապարտումին եւ միջազգային ճանաչման, ապա հայութեան հատուցման ի խնդիր համայն հայութեան կողմէ յայտարարուած զօրաշարժին մէկ արձագանգը հանդիսացաւ լիբանանահայ երիտասարդութեան աննախընթաց մէկ նախաձեռնութիւնը։ Արդարեւ, ընդառաջելով լիբանանահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու կոչին, համայն լիբանանահայութիւնը Ապրիլ 24-ի հսկումի երիտասարդական աւանդական ձեռնարկը վերածեց ժողովրդային աննախընթաց հաւաքի մը, Ապրիլ 23-ի երեկոյեան ողողելով Պուրճի Նահատակաց Հրապարակը, Լիբանանի Նահատակաց Յուշակոթողին շուրջ։

23-2

Երեկոյեան ժամը 7-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտէն եւ հայկական բոլոր թաղերէն մոմերով քայլարշաւ կատարելով դէպի մայրաքաղաքին կեդրոնական հրապարակը՝ լիբանանահայութիւնը լիբանանեան հանրային կարծիքին եւ անոր միջոցաւ միջազգային հանրութեան ցոյց տուաւ որ 1915-ի ցեղասպանութիւնը ոչ միայն չէ մոռցուած, այլ անոր միջազգային ճանաչման ու դատապարտումին ի խնդիր պայքարը նոր թափ ու որակ կը ստանայ ամէն տարի, որովհետեւ առանց այդ ճանաչումին ու դատապարտումին կարելի պիտի չըլլայ կանխարգիլել ցեղասպանական արարքներու կրկնութիւնը։

Իր երիտասարդութեան առաջնորդութեամբ՝ Լիբանանահայութիւնը վերահաստատեց հայութեան պահանջատիրական պայքարը յարաճուն թափով շարունակելու իր վճռականութիւնը, հաստատեց որ այդ պայքարը թուլացնելու օսմանցի ջարդարարներու ժառանգորդ թուրքերուն փորձերը ապարդիւն են։

Ապրիլեան երիտասարդական հսկումի այդ երեկոն՝ համախմբելով լիբանանահայութեան անխտիր բոլոր հատուածներն ու շերտերը, միաժամանակ հանդիսացաւ հայկական հիմնախնդիրներուն շուրջ լիբանանահայութեան միասնականութեան վկայութիւնը։

Հսկումի հաւաքի ընթացքին հայերէնով եւ արաբերէնով արտասանուած խօսքերը արտայայտեցին համայն հայութեան եւ առաջին հերթին հայ երիտասարդութեան զգացումներն ու վճռականութիւնը հաւատարիմ մնալու Ապրիլեան Նահատակաց Կտակին եւ իր Ուխտին։

23-7Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական մարմինին անունով հայերէնով խօսք առնելով՝ Աշոտ Բագրատունի, անդրադարձաւ 99 տարիներ առաջ ի գործ դրուած թրքական հրէշային ծրագիրին, որուն զոհ գնաց հայ ժողովուրդը։ Ան յայտնեց, որ 99 տարիներ ետք թուրքը կը շարունակէ իր ոճրային քաղաքականութիւնը։

Աշոտ Բագրատունի հաստատեց, որ 99 տարուան պայքարի ու հերոսութեան զաւակ այսօրուան երիտասարդը, այսօրուան հայը իր վիզը պիտի չյանձնէ թուրքին, պիտի չհաւատայ անոր սուտ խօսքերուն եւ քաղաքականութեան, այլ պիտի շարունակէ պայքարը մինչեւ յաղթանակ եւ յաղթանակէն բացի ոչինչ պիտի ընդունի:

23-6Երիտասարդական մարմինին անունով արաբերէնով խօսք առաւ Արամ Գարատաղլեան, որ դիտել տուաւ, թէ 99 տարիներէ ի վեր համայն աշխարհին մէջ ապրող հայութիւնը կը շարունակէ պահանջել իրմէ խլուած իրաւունքը երբ Համաշխարհային Ա. պատերազմի քօղին տակ, թուրքերը պատերազմական վիճակը օգտագործեցին գործադրութեան դնելու համար հայութիւնը տեղահան ընելու, աքսորելու եւ սպաննելու իրենց հրէշային ծրագիրը:

Ան դիտել տուաւ, որ թուրքին ծրագիրը յստակ էր` բնաջնջել ազգ մը ամբողջ եւ միայն մէկ հայ ձգել, սակայն ան կատարելապէս ձախողեցաւ. ընդհակառակն` այսօր Հայաստանի կողքին կայ նաեւ սփիւռք մը, որ թուրքէն կը պահանջէ ընդունիլ իր ոճրագործութիւնը, վերադարձնել իր բռնախլած հողերը, հատուցում կատարել մէկուկէս միլիոն նահատակներուն արեան:

Արամ Գարատաղլեան յայտնեց, որ թուրքը այսօր լաւապէս կը գիտակցի, թէ հայութիւնը զինուած է գիտութեամբ ու փաստերով եւ կարող է թրքական ոճրային դէմքը քօղազերծել:

23-3Ապա խօսք առաւ ներքին գործոց նախկին նախարար Զիատ Պարուտ, որ ըսաւ, թէ 2001 թուականին ԷՍՔՈՒԱ-ին մէջ կայացաւ քննարկում մը` «Յիշողութիւն ապագային համար» խորագիրով, իսկ 1915¬ին ի գործ դրուեցան հրէշային սպանդներ, որոնց ընթացքին նահատակուողներուն միակ յանցանքը այն էր, որ անոնք զոհերն էին մեծ տէրութիւններուն ժողովրդագրական խաղերուն, որոնց ընթացքին կ՛օգտագործուին մարդոց պարանոցները, պատմութիւնն ու ապագան կտրող մկրատներ: Ան ըսաւ, որ 2001-ին քննարկուեցաւ պատերազմի յիշողութիւնը` վաղուան համար. յիշողութիւնը վերականգնելը չէր միտեր լոկ անցեալը պեղել` իր ահաւորութեամբ եւ արիւնալիութեամբ, այլ կը յիշէր սխալը խոստովանելու եւ անկէ դասեր քաղելու համար:

Զ. Պարուտ նշեց, որ 24 ապրիլին կը կանգնի հայութեան կողքին` իբրեւ լիբանանցի սիրելի քաղաքացիներ, որոնք բոլոր լիբանանցիներուն նման վճարեցին պատերազմի ահաւորութեան գինը, նաեւ շատ սուղ գին վճարեցին, երբ իրենց կեանքն ու ունեցուածքը խլուեցան իրենցմէ: Ան յարգանքի տուրք մատուցեց հայ նահատակներուն յիշատակին` դիտել տալով, որ ինք մեծ յարգանք ունի վերապրողներուն նկատմամբ, որոնք շարունակեցին գոյատեւել հակառակ արհաւիրքին:

23-1Վերջին խօսք առնողը եղաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, որ 99 տարի առաջ տեղի ունեցած ահաւոր տեղահանութեան եւ սպանդին անդրադառնալով դիտել տուաւ, թէ հայութիւնը քշուեցաւ դէպի անորոշ ապագայ` իր ետին ձգելով մարդ ու շունչ, հող ու մատեան, կոթող ու պատմութիւն, սակայն կրցաւ վերագտնել իր տունն ու ինքնութիւնը` վկայ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայութիւնը: «99 տարիներ առաջ հայը կը ցրուէր փոշիի նման աջ ու ձախ, խաւարի ահաւոր ազդեցութեան տակ: Իսկ այսօր, դո՛ւք, սիրելի՛ երիտասարդներ եւ ժողովուրդ, կը շրջէք այդ խաւարի պատկերը: Մոմերը հոս հասած են ամէն կողմէն եւ հաւաքուած Նահատակաց հրապարակին վրայ, որպէսզի լուսաւորեն այս կեդրոնական վայրը, որ նաեւ խաւարած էր, երբ նոյն ցեղասպան մեքենային զոհը կը դառնային Լիբանանի մամուլի ներկայացուցիչները», նշեց վեր. Հայտոսթեան:

«Լոյս կայ հոս այսօր եւ ան կը փաստէ աշխարհին, որ հայը ոչ միայն զոհ է եւ իր ցաւը յիշող, այլ իր վիրաւոր յիշողութեան մէջ իսկ կշիռ ունի, յարգանք կը պարտադրէ, տեսանելի եւ լսելի կը դառնայ իր շրջապատին: Փնտռուած հայը, պահանջատէր հայը բոցավառ ջահ է, զոր կարելի չէ անտեսել կամ մարել: Դատը կը մարի, երբ մեր լոյսը մարի: Յիշեցնենք աշխարհին, թէ մեր նահատակներուն հոգիներն ու ոսկորները հանգիստ չեն գտներ, եւ արդարութեան վկայագիր չի տրուիր, այնքան ատեն որ մեր ու մեզի յաջորդող սերունդները արդարութեան պտուղը քաղած չըլլան», հաստատեց վեր. Հայտոսթեան:

23-4

Ձեռնարկը աւարտեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով. քայլարշաւին մասնակիցները իրենց մոմերով գրեցին «Պահանջատիրութիւն, արդարութիւն»: