Գուսան Աշոտին նուիրուած յիշատակի երեկոյ Արարատեան սրահին մէջ

Գուսան Աշոտին նուիրուած յիշատակի երեկոյ Արարատեան սրահին մէջ

Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, շաբաթ, 12 ապրիլ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ.ի «Արարատեան» սրահին մէջ (Ժէիթաուի) տեղի ունեցաւ Գուսան Աշոտին նուիրուած «Հաւասի» աշուղական համոյթին ելոյթը, ընկերակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներու եւ ներկայութեամբ հոգեւորականներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, արուեստասէրներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

mes1

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Նայիրա Պաղտասարեան, որ նշեց, թէ «Հաւասի» աշուղական համոյթին նպատակն է տարածել հայկական աւանդական աշուղական երգերը եւ պահպանել հայ ժողովուրդին մշակութային ժառանգութիւնը:

Ապա «Հաւասի» համոյթը Մեսրոպեան վարժարանի «Շուշի» պարախումբին ընկերակցութեամբ երգեց «Սիւնեաց սարեր»ը: Պէթի Սուլեան մեներգեց «Մօր Սէրը», որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Սարուորի երգ»ը (մենակատար` Սէրլի Նեմշէհիրեան):

mes6Օրուան պատգամախօսն էր դոկտ. Եդուարդ Թորիկեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց գուսանական երգարուեստը, ինչպէս նաեւ Գուսան Աշոտին գործունէութիւնը: Դոկտ. Թորիկեան մաղթեց, որ «Հաւասի» համոյթը շարունակէ իր գործունէութիւնը, որովհետեւ այսպէսով նոր սերունդները հայերէն կ’երգեն, հայերէն կը խօսին, հայերէն կը մտածեն, հայօրէն կը զգան: Իր խօսքի աւարտին, դոկտ. Թորիկեան փափաք յայտնեց, որ համոյթը յառաջիկայ տարեշրջանին ներկայացնէ Գուսան Հաւասիին նուիրուած համերգ մը:

Գեղարուեստական յայտագիրը շարունակուեցաւ «Անճիկեար» երգով, մենակատարութեամբ «Հաւասի» համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու Գարմէն Աճէմեանին: Երգին մենապարով ընկերակցեցաւ Եւա Ղազարեան: Համոյթը Քրիսթին Պէքարեանի մենակատարումով երգեց «Սարի սիրուն եար»ը:

Լիբանանահայ երգիչ Կարօ Կապուտակեան երգեց «Բարի հայրիկ»ը, որմէ ետք համոյթը ներկայացուց «Կեանք տուր, կեանք առ» երգը (մենակատար` Նաթալի Աբոկեան): Լիբանանահայ երգիչ Գէորգ Պէպէճեան կատարեց «Յուշարձաններ»ը, որմէ ետք Ճենիֆըր Քաիս, Կասիա Ժինեան եւ Սէրլի Մաթոյեան երգեցին «Իմ օրօրան»ը:

mes5

Երրորդ հիւր երգիչն էր Մանուկ Մինասեան, որ մեներգեց «Պախրա»ն, իսկ Գօգօ Արոյեանը` «Աշուղ եմ»ը: Կարինէ Ներսէսեան` խումբին ընկերակցութեամբ մեներգեց «Հով գիշեր, զով գիշեր»ը: Գեղարուեստական յայ-տագիրը փակուեցաւ «Սիւնեաց սարեր» երգի երկրորդ կատարումով` մասնակցութեամբ լիբանանահայ երգիչներուն:

MES7Աւարտին, խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ «Հաւասի»ն ամբողջովին իր առաքելութեան կը նպաստէ, երբ հայ աշակերտները հայ աշուղական երգարուեստին կը հետեւին ու կը կատարեն: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը շնորհակալութիւն յայտնեց պատգամախօս դոկտ. Եդուարդ Թորիկեանին, համոյթի գեղարուեստական պատասխանատու տիկին Գարմէն Աճէմեանին, հիւր երգիչներուն եւ բոլոր անոնց որոնք մասնակից դարձան այս նախաձեռնութեան յաջողութեան: Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն, պրն. Գալուստ ըսաւ. «Մենք Քեսապը պիտի ազատագրենք, պիտի վերականգնենք եւ «Հաւասի» համոյթը Քեսապի մէջ պիտի ներկայացնենք»: