Ճշմարտութիւնը… որո՞ւ գրպանն է

Ճշմարտութիւնը… որո՞ւ գրպանն է

Ժամանակէ մը ի վեր, զօրացած է մարդոց ու ժողովուրդներու ձգտումը անխարդախ արդարութեան առաջնորդող ճշմարտութիւնը իմանալու: Ամէն մարդ ու ամէն ազգ կը յայտարարէ թէ ինքն է ճշմարիտը: Մեծ պետութիւններէն իւրաքանչիւրը կը յաւակնի իսկական վկան ըլլալ ժողովրդավարութեան, խոստանալով իրագործել խաղաղութիւնը աշխարհին վրայ: Բայց ո՛չ այդ յաւակնութիւնները, ո՛չ ալ այդ խոստումները կրցան լուծում բերել եւ վերջ դնել տագնապներու, հակամարտութիւններու ու բռնարարքներու որոնք կը տառապեցնեն երկիրներ ու ժողովուրդներ: Հեռու չեն օրինակները: Սուրիոյ ժողովուրդը այսօր շուարած ու սարսափահար կը տարուբերուի երկրին պետութեան ու ընդդիմադիր ուժին միջեւ: Առեւանգուած եպիսկոպոսներն ու վարդապետները ո՞ւր մնացին: Քեսապին տեղահանուած հայոց ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ: Լիբանանցին յոգնեցաւ բացագանչելէ ու պահանջելէ արդարութիւնն ու ճշմարտութիւնը: Հայաստանը խիզախօրէն կը նաւարկէ ովկիանոսի մը մէջ, ուր սակայն արտագաղթի ջրապտոյտները կը փորձեն տկարացնել թիավարող բազուկները: Այս բոլոր իրադարձութիւնները տեսնելով, սրտի կսկիծով հարց կու տամ՝ ճշմարտութիւնը ո՞ւր կը գտնուի, որո՞ւ գրպանն է արդեօք, ե՞րբ դուրս պիտի գայ ան:

Ճիշդ է որ աշխարհը արաբական գարուն մը կը սպասէր, սակայն կարծէք Կայէնի գարունն է որ վերադարձաւ: Ինչպէս որ անցեալին Կայէն սպաննեց իր եղբայրը՝ Աբէլը, այսօր եւս մարդ արարածը տակաւին կը շարունակէ սպաննել իր եղբայրը: Պատմութիւնը կարծէք ինքզինքը կը կրկնէ: Կայէն յարութիւն առաւ մեռելներէն, եւ մարդկութիւնը կը վկայէ անոր յարութեան երբ իր ձեռքերը թաթխէ Աբէլի արեան մէջ: Ի՞նչ իմաստ ունին բոլոր գիտութեան նուաճումները երբ տակաւին իրար կը սպաննենք: Ժողովուրդները տգիտութեան մէջ ընկղմած, շփոթահար, եւ յաճախ անորոշ ու աննպատակ յեղափոխութիւններու ու ցոյցերու ուղղութիւնը առած, կը ջանան սահմանում մը գտնել իրենց գոյութեան:

Անցեալին՝ Վարդան Մամիկոնեան ճակատամարտ մղեց որպէսզի ստրուկ չի մնայ մէկուն, եւ որպէսզի իսկական ու ճշմարիտ ազատութիւնը պարգեւէ իր կրօնքին եւ հայրենիքին: Ան եղաւ Հայութեան ազատագրական պայքարի ռահվիրան: Անցեալին՝ կարտինալ Աղաճանեան դէմ կեցաւ թրքական տիրապետութեան Քեսապի վրայ: Այսօր, բազմաթիւ ժողովուրդներ կարիքը կը զգան Վարդաններու եւ Աղաճանեաններու, որպէսզի երաշխաւորուի իրենց ազատութիւնը, ո՛չ Կայէնի ազատութիւնը ուր ամէն բան արտօնուած է. ոչ ոք ուրիշին հետ կը զգայ, բարեկամութիւնները կը նուազին, բարոյական սկզբունք-ները կը քանդուին, կրօնական առաքինութիւններն ու մշակութային արժէքները կը կործանին:

Իսկ մենք ո՞ւր ենք այս բոլորին մէջ: Որպէս սփիւռքահայ կրկնակի պարտականութիւն յանձնուած է մեզի, թերեւս որովհետեւ գիտցած ենք քիչին մէջ հաւատարիմ ըլլալ, հաւանական է որ շատին մէջ ալ հաւատարիմ մնանք: Մէկ կողմէն կոչուած ենք մտահոգուելու սփիւռքին դիմագրաւած ժամանակակից մարտահրաւէրներուն մասին, որպէս նպատակ ունենալով հայապահպանումը, հայկական պահանջատիրութեան հետապնդումը, իսկ միւս կողմէն մասնակցելու Հայաստանի՝ մեր մայր հայրենիքին հզօրացումին, դեռ առանց մտահան ընելու Արցախն ու Չաւախքահայութիւնը:

Երկար է ճանապարհը ու փշոտ: Ձեռք ձեռքի եւ թիկունք թիկունքի տուած, մէկ սրտով ու մէկ հոգիով միայն պիտի կարենանք յառաջանալ Ճշմարտութեան ալեկոծ ովկիանոսին մէջ:

 

Ս.Կ.