«ԱՂՕԹԵՑԷՔ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ» ԸՍԱՒ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԻՐ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«ԱՂՕԹԵՑԷՔ ԻՆԾԻ ՀԱՄԱՐ» ԸՍԱՒ ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԻՐ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

«Buona sera»։ Այս շատ պարզ երկու բառերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 13 Մարտ 2013-ի երեկոյեան, իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք ողջունեց Վատիկանի հրապարակին վրայ հաւաքուած հաւատացեալներու հարիւր հազարաւոր բազմութիւնը, որ որոտընդոստ ծափահարութիւններով եւ ցնծութեան բացագանչութիւններով արձագանգեց Պապի «Բարի երեկոյ»ին, պատասխանելով Քահանայապետի մօտիկութեան զգացումներուն, որոնց երկրորդ արտայայտութիւնը եղաւ իրեն համար աղօթելու Անոր խնդրանքը։

Իր ընտրութեան առաջին տարեդարձին առիթով իր թուիթինմէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ խնդրեց աղօթել իրեն համար այնպէս ինչպէս ըրած էր իր ընտրութենէն անմիջապէս ետք, մինչ համաշխարհային զանգուածային լրատուամիջոցներուն էջերն ու կայքերը ողողուեցան Պապին միամեայ գործունէութեան մասին մեկնաբանութիւններով ու վերլուծումներով։

Պէտք է ըսել որ Սուրբ Պետրոսի 266-րդ յաջորդին գործունէութիւնը չափազանց աշխոյժ եղաւ եւ յատկանշուեցաւ աննախընթաց գործելաոճով մը, այնպիսի յորդորներով, յանձնառութիւններով ու արարքներով, որոնց իւրաքանչիւրը հաւատաց-եալներու ուղղակի սրտին խօսող պատգամ մը հանդիսացաւ, ցնցեց համաշխարհային հանրային կարծիքը եւ ոչ միայն քրիստոնեաներուն, այլ անհաւատներուն եւ Վատիկանի հետ կապ չունեցող շրջանակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Եկեղեցւոյ վրայ, որուն մէջ աշխարհ տեսաւ Ճշմարտութեան, Խաղաղութեան, Արդարութեան, Իրաւունքի ու Ազատութեան առաջաւոր պաշտպանը։

Ֆրանչիսկոս չվարանեցաւ հրապարակաւ քննադատելու Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, հեղինակութիւնը, վարկն ու համբաւը խնդրոյ առարկայ դարձնող դէմքերն ու դէպքերը՝ եկեղեցական թէ աշխարհական ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուին անոնք։ Ան հրաւիրեց քահանաները իրենց գրասենեակներէն դուրս գալու եւ երթալու դէպի ժողովուրդը։ Ան իր խոնարհութեամբ, աղքատասիրութեամբ, մերձաւորութեամբ մասսաներուն, ողորմածութեան ու գթասրտութեան կոչերով գրաւեց սիրտերը։ Անոր ժողովրդականութիւնը գերազանցեց համաշխարհային բեմին ամէնէն երեւելի աստղերունը։

Ս. Ն.